«ՊՈԼԻՍ ԼՈՒՍԱՏՈՒ»Ի ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Երէկ, երեկոյեան «Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբակի ցուցահանդէսը բացուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։ Մինչեւ հոկտեմբերի 18-ը պիտի շարունակուի այս խառն ցուցահանդէսը, որու ծիրէն ներս լուսանկարչասէրներուն ներկայացուած է՝ տասնհինգ լուսանկարիչի երեսուն դրուագ։ Այս ցուցահանդէսի բացումը, միեւնոյն ժամանակ, հիւրընկալ սանուց միութեան եղանակի բացման ձեռնարկն էր։ Վարչութեան անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները։
«Պոլիս լուսատու»ի հիմնադիրներէն Մկրտիչ Արծիւեան ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ խմբաւորման հիմնադրութեան եւ ցարդ ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկային համար նախատեսուած ծրագիրներուն։
Ձեռնարկի մասնակիցները առիթն ունեցան վերահասու դառնալու Արամեան սանուց միութեան այս եղանակի վերաբերեալ ծրագիրներուն։
Լուսանրակչութեան ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ ընդունելութեան մը մթնոլորտի մէջ։ Բոլոր ներկաները ջերմ զրոյց ծաւալեցին իրարու միջեւ եւ առիթն ունեցան զրուցելու լուսանկարիչներուն հետ։