ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը։ Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս պաշտօնավարող սրբազանները, Հայաստանի թեմակալ առաջնորդներն ու առաջնորդական տեղապահները։ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի իշխանութիւններու սանձազերծած ապօրինի արշաւին եւ այդ շրջանակներէն ներս Ազգային ժողովի մէջ նախաձեռնուած գործընթացներուն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը հրապարակեց ժողովի աւարտին ընդունուած յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած է հետեւեալը։
*
Մեր վճռական անհամաձայնութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի վարչապետի հակաեկեղեցական գործողութիւններու ուղղորդման ներքեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ այսպէս կոչուած տագնապի ուսումնասիրման քննիչ յանձնաժողովի ստեղծման առնչութեամբ։ Այս նախաձեռնութիւնը հերթական անգամ կ՚ոտնահարէ կրօնական ազատութեան եւ եկեղեցւոյ ինքնավարութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած հիմնարար սկզբունքները, ինչ որ լրջօրէն կասկածի տակ կը դնէ երկրէն ներս օրէնքի գերակայութիւնը։
Իշխող քաղաքական ուժը ապօրինի բոլոր միջոցներու կիրառմամբ, բռնաճնշումներով եւ եկեղեցական գործունէութեան արհեստական խոչընդոտմամբ կը փորձէ միջամտելու Հայոց Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին ու ինքնակառավարման։ Խորապէս մտահոգիչ է, որ ապօրինութեան հարթակի կը վերածուի նաեւ Ազգային ժողովը, որու բարձր ամպիոնը կը ծառայեցուի հակաեկեղեցական տրամադրութիւններու սերմանման, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ ատելութեան, անհիմն մեղադրանքներու եւ վիրաւորանքներու տարածման համար։
Ստեղծուած քննիչ յանձնաժողովին վերապահուած են օրէնքով չնախատեսուած լիազօրութիւններ եւ իրաւասութիւններ՝ եկեղեցւոյ կանոնական իրաւասու մարմիններու փոխարէն որոշելու եկեղեցւոյ ներքին կեանքին եւ կառավարման վերաբերեալ զանազան հարցերու կանոնական պատշաճութիւնը։
Կոչ կ՚ուղղենք խորհրդարանական մեծամասնութեան՝ դրսեւորել սթափութիւն եւ պատասխանատուութիւն, գործել բացառապէս սահմանադրական լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ։ Մեր պահանջն է պետական իշխանութեամբ օժտուած՝ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր զաւակէն զերծ մնալ ապօրինի որեւէ գործողութենէ, հրաժարիլ իշխանական դիրքի չարաշահումէ։ Որեւէ կերպով չեն արդարանար եկեղեցւոյ ներքին կեանքին դէմ քաղաքական վերահսկողութիւն հաստատելու կամ եկեղեցական կանոնական մարմիններու լիազօրութիւնները իւրացնելու փորձերը։
Ի սկզբանէ կեղծիքներով, զրպարտութիւններով ու մոլորութիւններով հիմնաւորուած այս գործընթացը անխուսափելիօրէն բացասական ներգործութիւն պիտի ունենայ ազգային կեանքէն ներս, յառաջ պիտի բերէ նոր պառակտումներ, հասարակութեան մէջ տեղի պիտի տայ թշնամանքի ու անհանդուրժողականութեան։
Մինչդեռ, հայրենի երկրի առջեւ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները կը պարտաւորեցնեն բոլորս՝ ըլլալ միասնական, համերաշխ եւ հաստատակամ։ Կը յորդորենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներուն պահպանել հոգեւոր զգօնութիւնն ու աղօթական հանդարտութիւնը եւ հակաեկեղեցական մերժելի այս երեւոյթներու դէմ իրենց դիրքորոշումը արտայայտելու միմիայն արժանապատիւ ու օրինական եղանակներով։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վճռականօրէն հետամուտ պիտի ըլլայ օրինական բոլոր միջոցներով պաշտպանելու Հայոց Եկեղեցւոյ եւ իր հաւատացեալ հօտի իրաւունքները։
Թող երկնաւոր Տէրը խաղաղ եւ անվրդով պահէ Հայաստան աշխարհը, համախումբ՝ հաւատաւոր մեր ժողովուրդը, անսասան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր բոլոր կառոյցներով ի սփիւռս աշխարհի։ Իմաստութիւն, հաւատ եւ յուսառատութիւն բոլորիս՝ արժանապատուօրէն յաղթահարելու մերօրեայ փորձութիւնները։