Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Ս. Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին զուգահեռ՝ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան։
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմերի։
Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններէն աշակերտներ, կրթական մշակներ եւ Պէյօղլուի շրջանակներէն այլ դէմքեր մասնակցութիւն բերին արարողութիւններուն։
Կրթական մշակներու օրհնութեան կարգի աւարտին հանդիսադիր հայր սուրբը բոլոր աշակերտներուն եւ կրթական մշակներուն, նաեւ երգչախումբի անդամներուն նուիրեց հայկական խաչեր` Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ՝ մաղթելով, որ բոլորը փարած մնան մեր արժէքներէն եւ պահպանեն իրենց հայկական ինքնութիւնը։