ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՅԱԿՈԲՃԱՆ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ, Պալըքլըի Ազգային գերեզմանատան մէջ, մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ՝ տիրահայր լուսահոգի Յակոբճան Մաշալեան, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի հայրն էր: Ճիշդ տարի մը առաջ, ողբացեալ Յակոբճան Մաշակեանի կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս: Երէկ, մահուան առաջին տարելիցին առթիւ, բարեյիշատակ Յակոբճան Մաշալեանի շիրմին վրայ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի, որ շրջապատուած էր հոգեւոր հայրերու կողմէ: Ոգեկոչման արարողութեան եւ աղօթքի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ ամփոփ ելոյթով մը, որու ընթացքին մահուան մասին խորհրդածութիւններ ըրաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան արարողութեան: Հուսկ, բոլորը բարոյական զօրակցութեան տրամադրութիւններով շրջապատեցին Նորին Ամենապատուութիւնը, որ բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնները:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026