ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, համայնքային շրջանակները համախմբուեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը: Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան: Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ համախմբուեցան զօրակցելու համար Գումգաբուի ընտանիքին, որ յամառ պայքար կը մղէ Պէզճեան վարժարանի առաքելութիւնը կայուն պահելու եւ վարչական գետնի վրայ ալ կալուածներու վերաբերեալ առկայ բարդութիւնը յաղթահարելու ճանապարհին: 

Սիրոյ սեղանի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան: Հիւրերու շարքին էին՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներակայցուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր: 

Սիրոյ սեղանի ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն: Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի կողմէ գլխաւորուած Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտով հիւրընկալեց բոլոր ներկաները: Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր բացատրութիւններ տուաւ հաստատութեան կացութեան շուրջ: Գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով: 

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով, որու ընթացքին Գումգաբուի ընտանիքի ծաւալած գործունէութեան մասին հնչեցին դրուատիքներ: Միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքէն ետք բոլորը հրաժեշտ առին՝ զօրակցութիւն յայտնելով Գումգաբուի ընտանիքին:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026