ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՎԱՐՇԱՒԻԱՅԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Լեհաստան։ Այսօր եւ վաղը, ան մասնակցութիւն կը բերէ Վարշաւիայի անվտանգութեան ֆորումին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախատեսուած են նաեւ նախարարի այլ երկկողմանի հանդիպումները՝ իր զանազան երկիրներէ պաշտօնակիցներուն հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026