ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՎԱՀԱՆ

Մեքքէի դաշինքը պաշտպանական վահա՞ն է կամ տարածաշրջանային ուժերու նոր առանցք մը: Միջին Արեւելքի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը վերաձեւաւորելու նոր փորձ մը կը զարգանայ եւ այս անգամ անոր կեդրոնին կը գտնուին Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Սէուտական Արաբիան։ Այս երեք երկիրներուն միջեւ անցեալ օգոստոսին ստորագրուած Մեքքէի հաւաքական պաշտպանութեան համաձայնութիւնը աստիճանաբար կը վերածուի տարածաշրջանային քաղաքականութեան կարեւոր նիւթերէն մէկուն։ Սակայն, այս նախաձեռնութեան իրական նշանակութիւնը հասկնալու համար պէտք է նայիլ ո՛չ միայն ստորագրուած փաստաթուղթերուն, այլեւ այն քաղաքական հաշիւներուն, մտահոգութիւններուն եւ ռազմավարական նպատակներուն, որոնք երեք երկիրները մղած են իրարու մօտենալու։ 

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի վերջին յայտարարութիւնները, թէ դաշինքը պաշտպանական բնոյթ ունի եւ Անգարա մտադիր չէ զինուորական ուժեր ուղարկել այլ երկիրներու տարածք՝ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով, յստակ պատգամ մը կը պարունակէ։ Թուրքիա կը փորձէ փարատել այն մտահոգութիւնները, թէ նոր համաձայնութիւնը կրնայ վերածուիլ տարածաշրջանային նոր ճակատի մը՝ ուղղուած այս կամ այն պետութեան դէմ։ Ֆիտանի խօսքով՝ անդամ երկիրներէն մէկուն դէմ յարձակումը պատճառ պիտի դառնայ միւս անդամներու միասնական հակազդեցութեան։ Այս սկզբունքը կը դնէ հաւաքական պաշտպանութեան հիմքը, սակայն, միաժամանակ, կը բանայ շարք մը հարցումներու դուռը. ի՞նչ պիտի նշանակէ այդ միասնական հակազդեցութիւնը գործնականին մէջ եւ ո՞ւր պիտի վերջանան պաշտպանութեան սահմանները։ 

Անգարայի համար այս տարբերակումը կարեւոր է։ Թուրքիա, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ է եւ վերջին տարիներուն զգալիօրէն զարգացուցած է իր պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը, կը ձգտի ամրապնդել իր ազդեցութիւնը ո՛չ միայն արեւմտեան դաշինքներու ծիրին մէջ, այլեւ Միջին Արեւելքի եւ իսլամական աշխարհի քաղաքական հարթակներուն վրայ։ Անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը, ռազմական գործողութիւններու փորձառութիւնը եւ տարածաշրջանային իր կապերը Թուրքիոյ կու տան դերակատարութեան որոշակի հնարաւորութիւններ։ Սակայն, Անգարա նաեւ գիտէ, որ ուղղակի զինուորական միջամտութիւնը կրնայ երկիրը ներքաշել այնպիսի հակամարտութիւններու, որոնց քաղաքական եւ տնտեսական գինը կրնայ շատ աւելի ծանր ըլլալ՝ քան ակնկալուած ռազմավարական շահը։ 

Փաքիստանի պարագային պատկերը տարբեր է։ Միջուկային զէնքի եւ մեծ բանակի մը տէր այս երկիրը Սէուտական Արաբիոյ հետ ունի երկարամեայ քաղաքական ու պաշտպանական կապեր։ Իսլամապատի համար Ռիատի անվտանգութիւնը կարեւոր ռազմավարական խնդիր մըն է, սակայն, նոյնքան կարեւոր է նաեւ այն, որ Փաքիստան չկորսնցնէ իր միջնորդական դերը եւ չներքաշուի նոր տարածաշրջանային պատերազմներու մէջ։ Այս պատճառով ալ դաշինքին պաշտպանական աջակցութիւնը պարտադիր չէ, որ նշանակէ Փաքիստանի ցամաքային զօրքերու ուղղակի մասնակցութիւնը ամէն հակամարտութեան։ 

Սէուտական Արաբիան, իր կարգին, ունի անհրաժեշտ տնտեսական միջոցները՝ պաշտպանական մեծածաւալ ծրագիրներ իրականացնելու համար, սակայն, անոր աշխարհագրական դիրքը եւ տարածաշրջանային սպառնալիքներու բնոյթը կը ստիպեն թագաւորութիւնը՝ մտածել իր անվտանգութիւնը բազմակողմանիօրէն ամրապնդելու մասին։ Պարսից ծոցի եւ Կարմիր ծովու միջեւ գտնուող այս պետութեան համար հրթիռային սպառնալիքները, անօդաչու սարքերու կիրառումը, ծովային ուղիներու անվտանգութիւնը եւ Եմէնի շարունակուող ճգնաժամը կը մնան լուրջ մտահոգութիւններ։ Ռիատի համար, հետեւաբար, Անգարայի ռազմական արհեստագիտութիւնը եւ Իսլամապատի պաշտպանական կարողութիւնները կրնան փոխլրացնել իր սեփական միջոցները։ 

Այս համագործակցութեան գործնական ձեւաւորման ուղղութեամբ արդէն քայլեր առնուած են։ Անցեալ օգոստոսի վերջաւորութեան, Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած ռազմավարական քաղաքական եւ պաշտպանական առաջին հանդիպումէն ետք, Նիւ Եորքի մէջ, անցեալ ամսավերջին արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են համագործակցութեան քաղաքական շրջանակը: Յաջորդ օրն ալ Ռիատի մէջ հանդիպած են երեք երկիրներու բանակներու ընդհանուր սպայակոյտներուն ներկայացուցիչները։ Ներկայ ամսուայ առաջին օրերուն Ռիատի մէջ գումարուած ռազմավարական քաղաքական եւ պաշտպանական յանձնախումբի նիստին քննարկուած են տարածաշրջանային զարգացումները, հաւաքական պաշտպանութեան միջոցառումները, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ զինուորական ուժերու եւ սարքաւորումներու տեղակայման հարցերը։ Միաժամանակ, կողմերը կը շարունակեն մշակել դաշինքին վարչական եւ զինուորական կառոյցները։ 

Փաքիստանէն հանգստեան կոչուած զօրավար Նուման Մահմուտի նշանակուած է դաշինքի առաջին ընդհանուր քարտուղարը՝ երեք տարուան պաշտօնավարութեան ժամկէտով, ինչ որ կը վկայէ, թէ նախաձեռնութիւնը կը փորձէ դուրս գալ քաղաքական յայտարարութիւններու սահմաններէն։ Բայց, կառոյցի մը գոյութիւնը տակաւին չի՛ նշանակեր, որ ան ունի միասնական ռազմավարութիւն, արագ որոշումներ ընդունելու կարողութիւն եւ անդամներուն կողմէ միեւնոյն չափով ստանձնուած պարտաւորութիւններ։ 

Հոս է, որ Ֆիտանի յայտարարութիւնները կը ստանան իրենց ամբողջական նշանակութիւնը։ Պաշտպանական դաշինք մը կրնայ զսպման միջոց դառնալ միայն այն պարագային, երբ հաւանական հակառակորդները կը հաւատան, թէ անոր անդամները պատրաստ են անհրաժեշտ պահուն գործելու։ Միւս կողմէ, չափազանց լայն ձեւակերպուած պարտաւորութիւնները կրնան նաեւ վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ տեղական միջադէպ մը կամ սահմանափակ բախում մը կրնայ վերածուիլ երեք պետութիւններու մասնակցութեամբ աւելի մեծ ճգնաժամի մը։ Հետեւաբար, կարեւոր է գիտնալ, որ դաշինքը ինչպէ՞ս պիտի սահմանէ յարձակումը, ի՞նչ պայմաններով պիտի գործադրուի փոխադարձ պաշտպանութիւնը եւ ո՞վ պիտի որոշէ ռազմական աջակցութեան բնոյթը։

Այս հարցերը յատկապէս զգայուն են՝ Եմէնի հուսիներու եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն լոյսին տակ։ Թագաւորութեան անվտանգութեան ապահովումը մէկ բան է, իսկ Եմէնի հակամարտութեան մէջ ուղղակի զինուորական միջամտութիւնը՝ բոլորովին այլ։ Օրինակ՝ Փաքիստան ներկայիս չի՛ պատրաստուիր ցամաքային ուժերու տեղակայման Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւ սա ենթադրել կու տայ, որ ան կը փորձէ խուսափիլ նոր պատերազմի մը մէջ ներքաշուելէ։ Թուրքիոյ համար եւս հարցը միայն ռազմական կարողութիւններ տրամադրելը չէ, այլ՝ այդ քայլերուն քաղաքական հետեւանքները կառավարելը։ 

Հուսիներու դէմ լայնածաւալ գործողութեան մը մասնակցութիւնը կրնայ դաշինքը զսպման նախաձեռնութենէ վերածել երկարատեւ պատերազմի մասնակցիլ։ Այդ պարագային երեք երկիրներու շահերը պարտադիր չէ, որ նոյնանան։ Սէուտական Արաբիան կրնայ պահանջել աւելի անմիջական աջակցութիւն, Փաքիստան՝ նախընտրել միջնորդութիւնը, իսկ Թուրքիան՝ փորձել պաշտպանել իր տարածաշրջանային դիրքը՝ առանց նոր ճակատի մը մէջ խրուելու։ Հետեւաբար, դաշինքի ամրութիւնը պիտի փորձուի ո՛չ միայն այն պահուն, երբ անդամ երկիրներէն մէկը սպառնալիքի տակ կը գտնուի, այլեւ այն ժամանակ, երբ երեք մասնակից երկիրներու պատասխանները տարբեր ըլլալու հաւանականութիւն մը ունենան։

Միւս կարեւոր հարցը Իրանի հետ յարաբերութիւնն է։ Դաշինքի պաշտպանական բնոյթը շեշտադրած յայտարարութիւնները կը փորձեն հասկնալի դարձնել, որ նախաձեռնութիւնը ուղղուած չէ Թեհրանի դէմ, սակայն, տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ մտադրութիւններու մասին յայտարարութիւնները միշտ չէ, որ բաւարար են անվստահութիւնը փարատելու համար։ Իրան պիտի հետեւի ո՛չ միայն այս երեք երկիրներու հրապարակային խօսքերուն, այլեւ անոնց ռազմական համագործակցութեան իրական ընթացքին, պաշտպանական համակարգերու համադրման եւ Պարսից ծոցի անվտանգութեան վերաբերեալ որդեգրուած դիրքորոշումներուն։ 

Այստեղ կայ նաեւ աւելի լայն հակասութիւն մը։ Տարածաշրջանի երկիրները կրնան հաւաքական պաշտպանութիւնը ներկայացնել՝ իբրեւ խաղաղութեան պահպանման միջոց, սակայն, եթէ այդ համագործակցութիւնը ընկալուի՝ որպէս հակառակորդ ճակատի մը կազմաւորում, ապա ան կրնայ յառաջացնել սպառազինութեան նոր մրցավազք մը եւ խորացնել անվստահութիւնը։ Զսպումը կրնայ կանխել յարձակումը, բայց, կրնայ նաեւ սրել լարուածութիւնը, եթէ անոր չուղեկցի քաղաքական երկխօսութիւն մը։ 

Մեքքէի դաշինքը այս առումով կը փորձէ նոր դերակատարութիւն վերապահել իսլամական աշխարհի պետական ուժերուն՝ խրախուսելով ռազմավարական եւ քաղաքական համագործակցութիւնը։ Բայց, իսլամական աշխարհը միասնական քաղաքական տարածք մը չէ։ Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Սէուտական Արաբիան ունին տարբեր առաջնահերթութիւններ, տարբեր աշխարհաքաղաքական կապեր եւ երբեմն՝ ալ հաշիւներ, որոնք իրարու հետ չեն համընկնիր։ Անոնց միջեւ համաձայնութիւնը կրնայ կարեւոր յառաջընթաց մը ըլլալ, բայց, չի՛ վերացներ այդ տարբերութիւնները։ 

Ի վերջոյ, դաշինքի ճակատագիրը պիտի որոշուի ո՛չ թէ անոր անունով կամ ստորագրուած փաստաթուղթերուն խորհրդանշական նշանակութեամբ, այլ՝ ճգնաժամի պահուն որդեգրուելիք քայլերով։ Պիտի կարենա՞ն այս երեք երկիրները միասնական որոշումներ ընդունիլ՝ առանց իրենց ազգային շահերը զոհելու։ Պիտի յաջողի՞ն ամրապնդել Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութիւնը՝ առանց Եմէնի մէջ նոր պատերազմի մը մէջ ներքաշուելու։ Եւ պիտի կարենա՞ն համոզել տարածաշրջանի միւս պետութիւնները, թէ իրենց համագործակցութիւնը սպառնալիք մը չէ, այլ՝ կայունութեան համար նպաստաւոր նախաձեռնութիւն մը։

Այստեղ, նոր առանցք մը դառնալու հաւանականութիւնները մեծ են: Մեքքէի դաշինքը կրնայ դառնալ Թուրքիոյ, Փաքիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանական համագործակցութեան նոր առանցքը։ Ան կրնայ նաեւ ամրապնդել այս երեք երկիրներու միջազգային դիրքը եւ փոխլրացնել անոնց ռազմավարական կարողութիւնները։ Սակայն, դաշինքի յաջողութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ այն սահմանէն, որուն մէջ ան կը կարենայ զսպել սպառնալիքները՝ առանց ինքնին նոր սպառնալիք դառնալու։ 

Ֆիտանի յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան յարձակողական գործողութիւններու պիտի չմասնակցի, քաղաքական յստակեցում մըն է, բայց, դեռ ոչ-վերջնական երաշխիք։ Իրական պատասխանը պիտի տրուի գործնական որոշումներուն միջոցով։ Միջին Արեւելքը նոր դաշինքներու պակաս չունի. անոր պակասը վստահելի անվտանգութեան համակարգ մըն է, որուն մէջ պաշտպանութիւնը չվերածուի յարձակման պատրուակի, իսկ զսպումը՝ նոր պատերազմի մը նախերգանքի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026