ՄԵՐ «ՊՈԼԻՍ»Ը ԿԱՄ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ «ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ»Ը

Տակաւին շուրջ շաբաթ մը առաջ էր, երբ այր եւ կին Պոլիս էինք: Մի հարցնէ՛ք, ինչո՞ւ… ինչպէ՞ս… խէ՞ր է այս օրերուն.. ուրկէ՜ ուր… հապա՞ Հայաստան պիտի երթայիք…: Միտքս պարզեմ:

Ամիս մը առաջ, մեր երկու մանչերը, մեր ամուսնութեան տարեդարձին առթիւ, իբրեւ արձակուրդի մեծ «նուէր», մեզ, դէպի արեւմտեան Թուրքիա-Անատոլու, մեծ խումբի մը հետ շրջապտոյտի մը մասնակից դառնալու որոշումը առած էին: Թէեւ անակնկալ, սակայն եւ այնպէս, նոյնքան ալ՝ հպարտալի եւ երախտապարտ երեւոյթ: Ուրեմն, այս տարի, դէպի Հայաստան մեր ծրագրելիք արձակուրդը «ջուրը» նետած էին: Բայց, որովհետեւ մեծ փոխադրակառքով տասը եւ քիչ մըն ալ աւելի օրեր համրող այս ծրագրուած պտոյտը պիտի սկսէր Իսթանպուլէն, անցնելով Չանաքքալէ, Իզմիր, Գոնիա, Կապադովկիա, Անգարա եւ պիտի վերջ գտնէր Իսթանպուլի մէջ, տղոցմէս խնդրեցի, որ շրջապտոյտի նախօրեակին, գոնէ քանի մը օրեր ալ, այր եւ կին մնայինք Պոլիս եւ շրջէինք ու վայելէինք՝ մանաւանդ ծանօթանայինք անոր հայկական բաժնին: Ըսել ուզած էի… այցելեինք մեր հայ խմբագրատուները, Պատրիարքարանը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, ազգային գերեզմանատուները եւ վերջապէս ինչ որ յիշողութիւնս այդ վայրկեանին թելադրած էր: Համաձայնեցան ու շուտով առաջարկուածը՝ դասաւորեցին:

Եւ ահա, հիմա, Պէշիկթաշի շրջանի հսկայ եւ գեղեցիկ պանդոկի մը դրան սեմին կեցած, այր եւ կին կը սպասենք մեր թաքսիին, որ առաջին հերթին իսկ, մեզի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը պիտի տանի: Իսթանպուլ ըսի,- կը ներէ՛ք: Մեզի համար այս քաղաքը նոյն այդ վաղեմի մեր Պոլիսն է: «Իսթանպուլ»ը աշխարհին կը պատկանի: Անոր աշխարհիկ անունն է. մերը պարզապէս՝ Պոլիս…:

Ու ճամբայ ինկանք: Քսան եւ աւելի միլիոն բնակիչ ունեցող այս քաղաքի նեղ ու լայն փողոցներէն, մեծ ու փոքր խանութներէն եւ թաղերէն, տեղացիներով եւ մանաւանդ մեզի նման հազարաւոր զբօսաշրջիկներով խճողուած ճամբաներէն անցնելով վերջապէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը հասանք: Ճամբու ընթացքին, այր եւ կին, հետաքրքիր աչքերով, ինքնաշարժի պատուհանէն դուրս պողոտաները, անցորդները, անոնց ոտքերուն տակէն խոյս տուող տեսակաւոր կատուները դիտելով թէեւ «զբաղուեցանք», բայց, իմ կարգիս, երբեմն ինքնաշարժը փողոցէ-փողոց, կամ հրապարակէ-հրապարակ անցած միջոցին, աչքիս կը զարնէին բարձրէն կախուած կանաչ հսկայ ցուցատախտակներու վրայ գրուած շրջանի եւ մօտակայ շրջաններու անուններն ու ուղղութիւնները:

Այսպէս՝ որքան որ միտքս կրցայ պահել… «Պէշիկթաշ», «Գումգաբու», «Էսքիշէհիր», «Սամաթիա», «Սկիւտար», «Ղալաթիա», «Փերա», «Օրթագիւղ», «Խասգիւղ», «Իսթանպուլ», «Իզմիր» եւ տակաւին «Գոնիա»… անուններն էին:

Մէկ խօսքով, ինծի համար մեր հայ կեանքին հետ քայլ պահող անհատնում անուններու տեսակ մը անկանոն տողանցք, որուն ծայրերէն ինքնաբերաբար կախուած էին «Թէքէեան», «Օշական», «Դուրեան», «Եսայեան», «Շանթ», «Պարթեւեան», «Չօպանեան», «Զապէլ Ասատուր», եւ տակաւին շատ-շատերու անունները, որոնք իրենց մտքի եւ գրիչի խոնջէնքով, մեր աշխարհաբարը բերին ապահով զարգացման շեմին: Անկասկած, մտքիս մէջ, այս եւ հայ գաւառի ծնունդ միւս բոլոր անուններն ու անոնցմով ստեղծուած մամուլն ալ յստակօրէն կը պարզէին իրենց ետին բացուող ապրումներու ընդարձակ հայ հորիզոնը:

Այլ խօսքով, ասոնք բոլորն ալ իբրեւ տիրական դէմքեր… իրենց տեւական ներկայութիւնը արժեւորող անուններ էին, որոնք եկած էին ու մտքիս մէջ, հաստատօրէն տեղաւորուած իբրեւ ժառանգ, ծնողքէս, ծննդավայրէս, ակումբէս, նախակրթարանէս, Ճեմարանէս…

Ահա՛, իմ գիտցած «Պոլիս»ս, ուր կար ժամանակ, երբ ամբարուած էր արեւմտահայ մեր ժառանգութեան ազգային հարստութիւնը: Իսկ այս օրերուն, նման հարիւրաւոր դէմքեր եւ դէպքեր, արդէն իսկ պահուած էին ճակատագրի քմահաճ ծիծաղներուն տակ, իսկ շատ-շատեր ալ՝ ճակատագրի հարուածներէն՝ ոչնչացած: 

Պոլիս… կ՚ըսեմ մտովի ու կը կրկնեմ շարունակ… կար ժամանակ՝ դո՛ւն հայ կեանքի հանքն էիր: Դո՛ւն, նաեւ արեւմտահայու փայլուն եւ գեղեցիկ ոստանն էիր. անկասկած: Ու հայը, հո՛ս էր, երդիքիդ տակ, դարերէ ի վեր: Ան միշտ հոս եղած էր եւ խոր արմատ նետած: Իսկ ես ալ այսօր իբրեւ պարզ եւ նոյնքան ալ բարդ ուխտաւոր մը, եկած էի հոգիս եւ սիրտս կրկին կապելու այս պատմական անուններուն: Ուրախ էի, որ այս տարիքիս տակաւին կը վերապրէի քաղցրութիւնը յուշերուս: Վայրկեանին կ՚ուզէի հաղորդակցիլ բոլոր անուններուն ինծի ժառանգած անցեալին հետ:

Անկեղծօրէն, ինքնաշարժի այդ նեղ ու երկար նստարանին վրայ, զիս լեցնող զգացումի սահմանները չէի կրնար որոշել, որովհետեւ կ՚ապրէի տեսիլքներու յաճախանքը:

Ու անկախ այս բոլորէն, իսկ եթէ Պոլիսը փորձես փողոցներով շրջիլ, անպայման պիտի տեսնես կամ հանդիպիս հայ ճարտարապետներու քարեղէն այն բացառիկ «ձեռագիրներուն», որոնք քեզ առաւել հպարտանք պիտի ներշնչեն: Նաեւ, եթէ անպայման կ՚ուզես քալել քաղաքի նեղ ու լայն եւ մանաւանդ՝ մեր ազգային զարթօնքի ծննդավայրի փողոցներէն, թաղերէն, միաժանակ փնտռելով վերեւ նշած այն բոլոր սիրելի եւ յարգելի անունները, որոնք իրենց գրիչով պատմութիւն կերտած էին, եւ որոնք ճակատագրի բերումով ա՛լ չկան, ուխտաւորի սիրտդ անպայման տխրութեամբ պիտի լեցուի: 

Միւս կողմէ, յստակօրէն տեսանելի էր, թէ ինչպէ՞ս այս բազմամարդ «Իսթանպուլ»ը դարձած էր հակադրութիւններու քաղաք մը, ուր աւանդականն ու ժամանակակիցը կ՚ապրէին կողք-կողքի: Տարօրինակ, սակայն՝ իրականութիւն: Անձնապէս ճամբուս վրայ սկսած էի պտտցնել ապրումներուս խորհուրդը: Անոր համար շատ ուրախ ու խանդավառ էի:

Յանկարծ ցնցուեցանք: Թաքսին կանգ առած էր: Կարծես հասած էինք մեր ժամադրավայրը:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, ճամբու սկիզբին, առ ի խօսակցութիւն, իմ կոտրտած թրքերէնովս մեքենավարին բացատրած էի թէ, ողորմած մայրս «Էսքիշէհիր» ծնած էր, իսկ «պէնիմ արվատըն պապասը՝ Քիլիստա»: Անշուշտ, կինս օգնութեան հասնելով, ամէն բառ եւ խօսք ճշդած էր: Մարդը լայն ժպիտով, ուրախ եւ գոհունակ պատասխանած էր. «թամամ, սէն պիզիմ համշէրի…»: Մարդը, մեզ թուրք կարծած էր: Որո՞ւ հոգը: Հիմա այդ պահը չէր, որ մենք զմեզ աւելի բացայայտէինք: Ինքնաշարժէն իջանք եւ ճիշդ «Սուրբ Վարդանանց էրմէնի քիլիսէսի»ին դիմացի շէնքը մտանք:

Հոն, մեզ դիմաւորեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Արա Գօչունեան, մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառ, պայծառ ժպիտով եւ կայտառ ու կարօտի զգացումներով: Անմիջապէս առաջնորդուեցանք գրասենեակ, ուր արդէն մեզի կը սպասէր տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանը, որուն ծննդեան 75 եւ լրագրական գործունէութեան 45 ամեակները պիտի նշուէին հրապարակային եւ արժանավայել կերպով՝ յաջորդ շաբաթ:

Տիկին Նատիան իր ստեղծագործ միտքով, գաղութին համար օրինակելի նուիրեալ մըն էր հայ գիրին եւ յատկապէս հայ մամուլին: Վաստակ… նուիրում… ակնածանք…: Ահա՛, ինծի պատմական հանդիպում եւ նոյնքան ալ յիշատակելի նախաձեռնութիւն: 

Բարի գալուստի եւ կարօտի սովորական խօսքերէն ետք, գաւաթ մը սուրճի տաքուկ մթնոլորտին մէջ, արդէն մեր եւ տնօրէն-խմբագիր (մայր եւ որդի) զոյգին միջեւ ստեղծուած էր մտերմիկ եւ հարազատ կապը ու մենք շուրջ երկու ժամեր, կողք-կողքի, միասին խօսեցանք, զրուցեցինք շրջանն ու հայութիւնը յուզող հարցերով, հինէն-նորէն, մամուլէն-գաղութէն, դպրոցներէն եւ եկեղեցիներէն, անկեղծօրէն ու սրտբաց արտայայտուեցանք: Ուրախ էինք: Բոլորով: Որովհետեւ, փոխադարձ յարգանքի կողքին, նաեւ բոլորս ալ հանդիպած էինք մեր աչքերուն մէջ արմատացած հարազատի զգացում-մօտիկութեան:

Ապա, մէկ առ մէկ շրջեցանք խմբագրատան գրասենեակները, որոնցմէ շատերու պատերը զարդարուած էին աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի լուսանկարներով, իսկ պատերուն տակ շարուած էին օրաթերթի հիմնադիրներու կիսանդիրներն ու ստացուած սրբազան կոնդակները: Ապա, սենեակն ալ պզտիկ պատմական «թանգարան» մը յիշեցնող պահարանով մը ճոխացած էր:

Պէտք է յիշել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, իբրեւ վաւերական ներկայութիւն, աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, պոլսահայ կեանքին անբաժանելի մասը դառնալով, արդէն ո՛չ միայն Պոլսոյ, այլեւ՝ համայն սփիւռքի տարածքին հայ ընթերցողի մտքին մէջ մաքուր արձագանգ ձգած է: Ան իր ամէնօրեայ ներկայութեամբ, իր շունչը խառնած է գաղութի կեանքի հեւքին, հայ լեզուի գիրի ու գրականութեան եւ մշակոյթին հանդէպ որդեգրած գուրգուրանքին հետ միատեղ:

Միւս կողմէ, անկասկած, Պոլիսը միշտ հպարտ է իրմով:

Աւելին… նշմարելի է, թէ ինչպէ՞ս տակաւին ամէնօրեայ տագնապներու հարցերու դժուարութիւններու կողքին, գաղութէն ներս կայ հայութիւն մը, որ ինքզինք ոտքի պահել գիտէ: Գոյատեւել գիտէ: Ունի Սրբազան Պատրիարք եւ դարաւոր Պատրիարքարան: Դպրոցներ-եկեղեցիներ ունի: Ունի նաեւ երգչախումբեր, թատերախումբեր, որոնց վարակիչ ապրումներով ապրեցնել ու բարգաւաճ դարձնել ալ գիտէ: 

Անոր համար նոյն այս հայորդիներուն հանդէպ ունիմ խորունկ յարգանք եւ սէր: Որովհետեւ բոլորին սրտերուն մէջ տեսայ հայ կեանքը, հայ աւանդոյթը, յարգանքը եւ հայութիւնը, որ դիտողին ու լսողին մտքին անուշ արձագանգ կու տան: Շատ յստակ է, թէ Պոլիսէն դուրս կը մնային եւ երկար ատենէ ի վեր ալ մնացած են սփիւռքեան ներքին եւ արտաքին հարցերն ու տագնապները: Մանաւանդ՝ աղմուկը: Բարերար գնահատում մը… եթէ կ՚ուզէք: Ամէն մարդ տարբեր ձեւով կրնայ մեկնաբնել:

«Դիւրին չէ ուխտաւորին ճանապարհը», կ՚ըսեմ մտովի։

Անկեղծօրէն նաեւ ըսեմ, որ ես ընդհանրապէս հակամէտ եմ միշտ առաւելութիւնները տեսնելու: Սեւէն առաջ՝ ճերմակը, յոյսն ու լոյսը, մարդոց ապրելու գիտակցութիւնը, լեզուին եւ ազգին հաւատացող հաւատարմութեամբ: Անոր համար, բոլոր շուրջիններուս նայեցայ եւ կը նայիմ հիացումով, մտքիս մէջ միշտ պահելով իրենց հոգեկան հեւքը, հայ մնալու եւ հայ մշակոյթով գոյատեւելու արդար խոնջէնքով:

Որովհետեւ, հանդիպեցայ մարդոց, հայ մարդոց, որոնք հայութեան ծաղիկներուն ամէն առաւօտ կը բարեւէին եւ որոնք միեւնոյն ատեն հայ գրականութեան դաշտին մէջ վար ու ցան կ՚ընէին հաւատքով եւ յոյսով: Ու հաւատացէ՛ք նման այս որակումներովս, բարենիշներովս եւ գնահատականներովս, ինքնաբերաբար ինքզինքս նոր եւ տարբեր կեանքի մէջ տեղաւորած կը զգայի: Ուրախ էի եւ նոյնքան ալ՝ հպարտ: Ահա թէ ինչպէ՞ս այս «իրականութիւն» ըսուածը, զիս նետած էր չես գիտեր ուրտեղերը: Արդեօք զբօսաշրջի՞կ մըն էի, թէ ոչ՝ ուխտաւոր մը…

Յանկարծ կը զգամ, որ ժամանակը սահած է եւ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան իր կարգին արդէն մեզի կը սպասէ Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ, որմէ ետք՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ապա անպայման՝ Պատրիարքարան առաջնորդելու համար:

Անկասկած… համեստ, պարզ եւ հաւատքով լի ուխտաւոր մըն էի…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Լոս Անճելըս

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026