ՈՐՈՇ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ

Որպէսզի ժողովուրդը եկեղեցականին հանդէպ սէր ու յարգանք ունենայ, եկեղեցականը ի՛նք պէտք է կեանքի կոչէ բոլոր այն քարոզները, որոնք կը բարձրացնէ Սուրբ Խորանէն. օրինակի համար, կը տեսնենք եկեղեցական մը, որ իր քարոզներուն մէջ Յիսուս Քրիստոսի ներողամտութեան մասին կը բարձրաձայնէ, սակայն, անդին ի՛նք այս կամ այն անձը չի ներեր պատահած այս կամ այն մեղքին համար։ Կը տեսնենք եկեղեցականներ, որոնք կը յորդորեն հեռու մնալ բամբասանքէն, սակայն, ընկերային մտերմիկ հաւաքներու ընթացքին իրե՛նք է, որ կը բամբասեն եւ կը սիրեն այլոց անձնական կեանքին համար մանրամասնութիւններ գիտնալ։ Այո՛, կը հասկնանք, որ անոնք եւս մարդ են, կը սխալին, սակայն, այդ սխալներուն մէջ մնալով ուրիշները դարձի կոչելը իմաստ չունի, որովհետեւ մարդ այս օրերուն խօսքերէն աւելի գործերուն կը նայի: Օրինակի համար, բոլորս ալ գիտենք, որ կաթողիկոսը «կ՚ատէ» բոլոր այն եկեղեցականները, որոնք կարգը ձգած ու հեռացած են, նոյնիսկ շատ անգամ չ՚ուզեր, որ անոնք մայրավանք «այցելեն» կամ պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերեն։ Նման ընթացք ունեցող կաթողիկոս մը խորաններէն կը խօսի թշնամիները սիրելու մասին, երբ ինք իր նախկին ծառայակիցը չի սիրեր։ Ի դէպ, բոլորս ալ գիտենք, որ եկեղեցականները մարդ ըլլալով այնքան ալ լրբակենցաղ արարածներ չեն։ Այս մէկը արդարացում չունի, սակայն, միւս կողմէ նման եկեղեցականներու գոյութիւնը անհրաժեշտ կը նկատենք՝ որպէսզի եկեղեցականները իրե՛նք առիթը ունենան ի գործ դնելու բոլոր այն երեւոյթները, որոնք ժողովուրդին կը քարոզեն, կը համոզեն ու կ՚ուզեն, որ հանրութիւնը այդպէս ապրի։ Մեղանչող եկեղեցականները անհրաժեշտ են, որպէսզի եկեղեցական ղեկավարները իրական կեանքի մէջ ի գործ դնեն բոլոր այն քարոզները, որոնք տասնամեակներ շարունակ լսուած են սուրբ խորաններէն: Յիսուս Քրիստոս փարիսեցիներուն համար կ՚ըսէր. «Ինչ որ ձեզի կ՚ըսեն՝ ըրէք, սակայն անոնց գործերուն մի նայիք»։ Հետեւաբար, որպէսզի եկեղեցականները փարիսեցիներու նմանութիւն չունենան, պարտին կեանքի կոչել բոլոր այն արժէքները, որոնց քարոզախօսութիւնը կը կատարեն: 

Օրինակի համար, կը տեսնենք, որ եկեղեցականներ կը խօսին խոնարհութեան մասին, սակայն, յաճախ անոնց կեանքին մէջ խոնարհութիւն չենք տեսներ։ Կը տեսնենք եկեղեցականներ, որոնք բռնի իրենց ձեռքը կը մխրճեն հաւատացեալին բերանը՝ որպէսզի համբուրէ։ Կ՚ուզեն յարգուիլ, մեծարուիլ, կեդրոնական տեղ գրաւել։ Ամենէն աւելի կ՚ուզեն երեւիլ ու փայլիլ եւ այդ մէկը փաստելու համար համացանցի վրայ եկեղեցականներուն էջերը քննելը բաւարար է. օրինակի համար, Հայր Զաքարիան այս շաբաթ մայրավանքին մէջ պիտի պատարագէ։ Անոր պատարագի յայտարարութիւնը կրնաք գտնել միայն Հայր Զաքարիայի էջին մէջ։ Միւս միաբանները այդ հաղորդագրութիւնը կամ յայտարարութիւնը չեն տարածեր, սակայն, երբ պատարագիչը իրենք ըլլան՝ կ՚ուզեն տարածուի, որովհետեւ սեփական շահերն ու փայլելու փափաքը գոյութիւն ունի այդտեղ: Տանք ուրիշ օրինակ մը՝ պատկերացուցէք Հայր Ներսէս անունով եկեղեցական մը, որ կեանքին մէջ Եկեղեցւոյ երիտասարդական խումբի գործունէութեան մասին ո՛չ մէկ բան ըսած կամ տարածած է, մէկէն ի մէկ կը նշանակուի երիտասարդական խմբակի պատասխանատու եւ այդտեղ սկիզբ կ՚առնէ երիտասարդական խմբակին հանդէպ սէրը, որովհետեւ ինք պատասխանատուն է եւ պէտք է հնարաւորինս տարածէ։ Ինչո՞ւ նոյնը չ՚ըներ, երբ պատասխանատուն իր ծառայակից միւս եղբայրներէն մէկն էր՝ մարդ չի գիտեր: 

Այս բոլորէն հեռու մնալու եւ լաւագոյն եկեղեցական դասը ունենալու ճշգրիտ միջոցը կը տեսնենք արաբներուն մօտ։ Կը հաւատանք, որ մեր դպրեվանքերը փոփոխութեան կարիքն ունին։ Պիտի ընդունինք, որ 10-11 տարեկան մանուկը երբ դպրեվանքի աշակերտ կը դառնայ, ո՛չ կոչումի եւ ոչ ալ ապագային հանդէպ յստակ ու ճշգրիտ տեսլական մը կ՚ունենայ։ 10-11 տարեկան մանուկներուն մեծամասնութիւնը (եթէ ոչ բոլորը) դպրեվանք կը յաճախեն իրենց ծնողներուն կամքով կամ պարտադրանքով։ 10 տարեկանէն մինչեւ 18 տարեկան վանքի սահմաններուն մէջ ապրած մանուկը՝ որ դուրսի աշխարհին անծանօթ է, չի կրնար առողջ որոշում կայացնել եւ 17-18 տարեկանին յստակ որոշել, թէ իր յառաջիկայ կեանքը կ՚ուզէ ապրիլ որպէս կուսակրօ՞ն, թէ աշխարհական: Բնական է, որ կուսակրօն ըլլալ ուզէ՝ պարզապէս որովհետեւ դուրսի աշխարհը ծանօթ չէ իրեն։ Այդ վիճակը յաճախ անոր մէջ կը ստեղծէ նաեւ վախ ապագային հանդէպ։ Ի՞նչ գործունէութիւն պիտի ծաւալէ՝ եթէ եկեղեցական չըլլայ, ինչքան ալ ըսեն «դպրեվանքը ապագայ ուսուցիչը կը պատրաստէ»՝ բոլորս ալ գիտենք, որ շատ ճիշդ չէ։ Երեք տասնամեակ առաջ էր, որ դպրեվանքի աշակերտը աւարտելով կրնար ազգային վարժարանի մը մէջ դասաւանդել։ Հիմա վիճակը փոխուած է։ Եկեղեցին նոյնիսկ չ՚ուզեր իր սահմաններուն մէջ պահել այն երիտասարդը՝ որ դպրեվանքի աշակերտ ըլլալով չէ՛ ուզած կուսակրօն ըլլալ։ Բազմաթի՜ւ են անոնք, որոնք վանքը աւարտելով հեռու մնացած են վանքէն եւ սկսած են ոսկերիչ, պայուսակագործ եւ այլ արհեստներ սորվիլ: 

Մայրավանքին մէջ կան բազմաթի՜ւ աշխարհական պաշտօնեաներ՝ որոնք կարելի է փոխարինել դպրեվանքը աւարտած, սակայն, կուսակրօնութեան աստիճանը չստացած երիտասարդներով։ Այդ երիտասարդը՝ որ եկեղեցական գործիչ պիտի ըլլար եթէ ուզէր կուսակրօն դառնալ, հետեւաբար, եթէ կուսակրօնութիւնը կարենար, ապա մայրավանքի պաշտօններուն մէջ եւս կը յաջողի։ Սակայն, խնդիրը այստեղ սկզբունքային է, որ դէմ է բոլոր այն քարոզներուն եւ արժէքներուն, որոնք կը քարոզուին: 

Վերոյիշեալ այս խնդիրները Աստուածաբանական լուրջ խնդիրներ չեն, որ իրենց լուծումները չունենան։ Հիմնականը կամքն է. կամք՝ հասկնալու, որ եկեղեցին անսխալական չէ. կամք՝ հասկնալու, որ եկեղեցին մասամբ շեղած է այն հաւատքէն՝ որուն քարոզիչն է այսօր: 

Այս բոլորը գրած ժամանակ ակամայ կը յիշեմ, թէ ինչպէս մուրացկան մը մայրավանքին դռնէն ներս մտնելով գաւաթ մը ջուր խնդրեց. պահակը ի՜նչ վարկաբեկումներով դռնէն դուրս դրաւ զայն։ Մուրացկանը ջուր խնդրեց, սակայն, մերժուեցաւ հաստատութեան մը մէջ, որ ողորմութիւն, կարեկցանք ու եղբայրսիրութիւն կը քարոզէ:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մեր բերանները հոտած են պահք պահելէ, մեր լեզուները անզգայացեր են սաղմոսերգութենէ, եւ չունինք Աստուծոյ պահանջածը՝ սէրն ու խոնարհութիւնը, որովհետեւ շրթունքներով կը սիրենք զԱստուած եւ ի զուր կը չարչարուինք:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026