ERVAB-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ
Երէկ, Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն (ԹՎՄ-ERVAB) Կրթական յանձնախումբը ժողով մը գումարեց՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։
Ինչպէս ծանօթ է, Ազգային կրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ եւ համակարգմամբ, «Թուրքիոյ դարու ուսուցման մօտէլ»ի շրջանակներէն ներս, միջոցէ մը ի վեր բազմակողմանի աշխատանքներ կը տարուին՝ հայերէնի եւ կրօնագիտութեան առարկայի համայնքային վարժարաններէ ներս դասաւանդման արդիականացման նիւթերուն շուրջ։
Ըստ յանձնախումբի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ երէկուան ժողովին մասնակցեցան Տ. Տրդատ աւագ քահանայ Ուզունեան եւ Նորա Շէնեան, որոնք Ազգային կրթութեան նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքին ներկայացուցած են՝ պոլսահայ համայնքային վարժարաններէ ներս կրօնագիտութեան առարկայի դասաւանդման նոր ծրագիրը։ Սոյն տեղեկութիւններու լոյսին տակ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկուեցաւ նաեւ հայերէնի պարագային պատրաստուելիք նոր դասաւանդման ծրագրին վերաբերեալ աշխատանքը։ Ներկայ էին համայնքային վարժարաններէ տնօրէններ, համակարգող տնօրէններ, կրթական մշակներ եւ սոյն ծրագրի ընդհանուր համակարգողը։
Նոր դասաւանդման ծրագրի պատրաստութեան պիւտճէի երեսակներուն շուրջ ալ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան ժողովականներուն միջեւ։ Արդարեւ, յաւելեալ նիւթական միջոցներու անհրաժեշտութիւն մը ստեղծուած է այս առումով։ ERVAB-ի Կրթական յանձնախումբը որոշեց՝ ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս պիւտճէի նախագիծը ներկայացնել համայնքային վաքըֆներուն, որպէսզի անոնք իրենց կարողութիւններուն եւ հնարաւորութիւններուն համապատասխան՝ բաժին ստանձնեն այդ ծախսերու դիմագրաւման ուղղութեամբ։