ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Երէկ, հաճոյքն ունեցան խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ վաստակաւոր կրթական մշակ, հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուն: Այս վերջինը փութացած էր շնորհաւորելու համար՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի՝ վերջերս նշուած կրկնակ յոբելեանները: Հերա Իսքէնտէրօղլու Նատիա Գօչունեանի բարեմաղթանքներ յղեց՝ ծննդեան 75-ամեակին եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակին առթիւ: 

Զրոյցի տեւողութեան կարծիքի ամփոփ փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ պոլսահայ կրթական համակարգի օրակարգային հարցերուն շուրջ: Հուսկ, Նատիա Գօչունեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հերա Իսքէնտէրօղլուի կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ ջերմ վերաբերմունքին համար:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026