Երեքշաբթի 13, Հոկտեմբեր 2026
ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԵՐԵՒԱՆԸ…
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած օդապարիկներու ձեռնարկը արժանացաւ աննախընթաց հետաքրքրութեան։ Մայրաքաղաքի երկնակամարին խայտաբղէտ արշաւ մը եղած ըլլար կարծես։ Գոյներու հրապոյրն ու քաղաքամայրի հմայքը բազմապատիկ գեղեցկութեամբ դրուագներու ծնունդ տուին։ «Բացայայտէ Երեւանը» կարգախօսով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւնը ձօնուած էր մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2808-րդ տարեդարձին։
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026