ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ Լեհաստանի մէջ կը գտնուի մասնակցելու համար Վարշաւիայի անվտանգութեան ֆորումին, երէկ, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պետր Ապտիւլաթի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն շուրջ։
Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան հաստատուած խաղաղութեան հաստատութենականացման ուղղեալ կատարուած աշխատանքները: Ընդգծուեցաւ Եգիպտոսի աջակցութիւնը խաղաղութեան օրակարգին:
Անդրադառնալով բազմակողմանի հարթակներու վրայ առկայ հարցերուն՝ Միրզոյեան նշեց, որ քննարկման ենթակայ հարցերուն թափը եւ բովանդակութիւնը պէտք է համապատասխանէ եւ աջակցի խաղաղութեան ամրապնդման ուղղեալ ջանքերուն:
Արարատ Միրզոյեան եւ Պետր Ապտիւլաթի քննարկեցին նաեւ Երեւան-Գահիրէ յարաբերութիւններուն զարգացման հաւանականութիւնները՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական ու գործարար կապերու ընդլայնումը, զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական թեկնածութիւններու, առողջապահութեան ոլորտներէ ներս յստակ ծրագրերու միջոցով։