ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւանի դէպի Եւրոպա ձգտումներու պարագային որդեգրած ուղղութիւնը ստացած է իրաւական եւ քաղաքական ձեւակերպում։
Երէկ, Արարատ Միրզոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Վարշաւիայի անվտանգութեան ֆորումի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած՝ «Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան վերաիմաստաւորումը» խորագրեալ կլոր սեղանի ընթացքին։ Քննարկման ժամանակ նախարարը դիտել տուաւ, որ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Եւրոմիութեան ամենայաջողած քաղաքական նախաձեռնութիւններէն մին կը համարուի Արեւելեան գործընկերութիւնը։ Սա փորձութեան միջոցով անցում մըն է՝ պայմանաւորուած աստիճանաբար մասնատուող աշխարհի նոր իրողութիւններով։
Արարատ Միրզոյեան կլոր սեղանի ընթացքին Հայաստանի առանձնայատուկ մօտեցումները երեք հիմնական դիտարկմամբ ներկայացուց։ Առաջին՝ Արեւելեան գործընկերութիւնը պէտք է շարունակէ առանձնայատուկ կարեւորութիւն տալ ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ հաստատութենական դիմակայունութեան։ Երկրորդ՝ Հայաստանի փորձառութիւնը կը վկայէ Եւրոմիութեան հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ իւրաքանչիւր գործընկեր երկրի ձգտումներն ու յաւակնութիւններու մակարդակը հաշուի առնելու կարեւորութիւնը։ Երրորդ՝ Արեւելեան գործընկերութեան ապագան պէտք է հաշուի առնէ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական եւ փոխկապակցուածութեան փոփոխեալ միջավայրը։
Արդարեւ, Արարատ Միրզոյեան համոզուած է, որ այսօր Հարաւային Կովկասը այլեւս այն տարածաշրջանը չէ, ուր գոյութիւն ունէր Արեւելեան գործընկերութեան սկիզբին ժամանակ։ 2025 թուականի օգոստոսին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովը Հարաւային Կովկասէ ներս ձեւաւորած է նոր իրադրութիւն մը, որ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ առաւել խաղաղ, փոխկապակցուած եւ փոխկախեալ տարածաշրջանի մը ձեւաւորման համար։ Ուաշինկթընեան հռչակագրով նաեւ սկիզբ դրուած է TRIPP նախաձեռնութեան, որով կը բացայայտուի տարածաշրջանի տնտեսական, տարանցիկ եւ ուժանիւթի ներուժը։ Սա կ՚ապահովէ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ յուսալի փոխկապակցուածութիւն, կրնայ նպաստել նաեւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու բարգաւաճման։
«Տարածաշրջանի ներուժի բացայայտումն ու իրացումը՝ Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» տեսլականին համահունչ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն փոխկապակցուածութեան գործընկերութիւնը կրնան նպաստել Եւրոպայի եւ իր արեւեալ հարեւաններու միջեւ կապերու ամրապնդման։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ եւրոպական հարեւանութեան յարմարուելու էապէս փոփոխեալ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն։
«Հաշուի առնելով վերոյիշեալ բոլոր գործօններն ու վերափոխումները՝ Հայաստան կը փորձէ վկայել, թէ Արեւելեան գործընկերութեան ապագան կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ՝ զարգանելու եւ յարափոփոխ իրողութիւններուն յարմարուելու կարեւորութեամբ՝ հարեւանութեան ընդհանուր շրջանակէն վերափոխուելով ճկուն հարթակի մը, որու վրայ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի փոխկապակցելու եւ եւրոպական համարկման տարբեր ուղիները, հաշուի առնելու զանազան ձգտումներն ու եւրոպական համարկման ձեւաչափերը՝ միաժամանակ իր առանցքին մէջ պահելով ժողովրդավարական սկզբունքները, համագործակցութիւնը, փոխկապակցուածութիւնն ու դիմակայունութիւնը», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։
Հուսկ, նախարարը ընդգծեց, որ բոլոր վերաիմաստաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ անցեալի իրողութիւններուն համապատասխան ձեւաւորուած մօտելի մը պահպանումը, այլ ներկայ հնարաւորութիւններուն լիարժէք իրացման միտուած այնպիսի շրջանակի մը ձեւաւորումը, որ բաւականաչափ ճկուն կ՚ըլլայ տարբեր ուղիներն ու մօտեցումները հաշուի առնելու եւ միեւնոյն ժամանակ բաւական յաւակնոտ՝ մեր տարածաշրջաններուն միջեւ փոխկապակցուածութիւնը ապահովելու համար։
Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան Վարշաւիոյ մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, ան մէկտեղուեցաւ ֆորումի հիւրընկալ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի, Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Անտրիյ Սիպիհայի, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլի եւ այլ երկիրներէ պաշտօնակիցներուն հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Միրզոյեան-Վատեֆուլ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Պերլին ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի իրականացման ընթացքին շուրջ հարցեր։ Նախարարները կարեւորեցին այդ օրակարգին մէջ արձանագրուած ոլորտներու պարագային յստակ ծրագրերու միջոցաւ արդիւնքի միտուած համագործակցութիւնը։
Արարատ Միրզոյեան եւ Եոհան Վատեֆուլ անդրադարձան Հայաստան-Գերմանիա առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն։ Անոնք գոհունակութեամբ ընդգծեցին դէպի Գերմանիա հայկական արտադրութեան ապրանքներու արտահանման դրական թափը, որու առաւել աշխուժացման կրնան նպաստել Եւրոմիութեան կողմէ ընդունուած ինքնավար առեւտրային միջոցները։ Այս ամբողջին մէջ Միրզոյեան բարձր գնահատեց Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորացման ուղղութեամբ Գերմանիոյ շարունակական աջակցութիւնը։
Նախարարները զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ։ Միրզոյեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասէ ներս փոխկապակցուածութեան եւ համագործակցութեան խթանման ուղղեալ աշխատանքներու ընթացքը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ենթակառուցուածքներու ցանցի զարգացման եւ ուժանիւթի դիմակայութեան բարձրացման միտուած յստակ քայլերու։
