ՖՐԱՆՍԻՍՔԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Ֆրանսիսքեան միաբանութեան կողմէ ուխտաւորներու բազմանդամ խումբ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսիսքեան միաբանութիւնը կապուած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ համաքրիստոնէական համբաւ կը վայելէ։ Քաղաքս ժամանած խումբին մաս կը կազմեն ֆրանսիսքեան միաբաններ եւ քոյրեր։ Այս վերջինները համախմբուած են Իսթանպուլի մէջ եւ փափաքած են իրենց կեցութիւնը ծառայեցնել՝ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակին։ Ուստի, այս ամբողջին մէջ անոնք այցելեցին Գումգաբու։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց ֆրանսիսքեան ուխտաւորներու այցելութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ամփոփ գիծերու մէջ ծանօթացուց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը, առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը, նաեւ բացատրութիւններ տուաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի դրուածքին կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Պոլսոյ Աթոռի դերակատարութեան, որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական սիւներէն մին։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ Իսթանպուլի մէջ քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունին եղբայրական յարաբերութիւններ։

Հիւրերը յագեցած բացատրութիւններով եւ դրական տպաւորութիւններով հեռացան Գումգաբուէն՝ հրաժեշտի պահուն խորապէս շնորհակալութիւն յայտնելով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ ցուցաբերուած ընդունելութեան համար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2026