ԱԼԷՆ ԹԵՔՊԸՉԱՔ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները այս տարի եւս կը շարունակուին՝ Իսթանպուլի զանազան հայահոծ շրջաններէն ներս։ Ըստ էութեան, քաղաքի երեք առանցքային ուղղութիւններուն վրայ տեղի կ՚ունենան դասընթացքները՝ զանազան մարզաձեւերու պարագային։
Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք անցեալ շաբաթավերջին այցելեց՝ Պաքըրգիւղի մէջ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքներու մասնակիցներուն։ Պատանի մարզիկները այս առթիւ ջերմօրէն ողջունեցին ակումբի ատենապետը, որ իրենց նկատմամբ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ։ Իսկապէս շատ անմիջական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ այցելութեան ընթացքին, երբ փոքրիկներու ուրախութիւնը արդէն զգալի էր իրենց աչքերէն։ Ալէն Թեքպըչաք այս առթիւ նշեց, որ Շիշլիի վարչութեան նպատակն է փոքր տարիքէն տղաքը մարզական ոգիին հաղորդ դարձնել, ինչ որ ապագային մեր մշակոյթը ժառանգելու նախադրեալներէն մին կը համարուի։