ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսան Մեծատուրն ու անդամուհիներէն Լենա Ենիեորկանը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։

Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ թաղականներուն միջեւ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ՝ Վոսփորի եւ Եւրոպական ափի ծայրամասի մեր այս եկեղեցւոյ պաշտամունքի ժամանակացոյցին շուրջ։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ ստացաւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերջին նորութիւններուն կապակցութեամբ։ Հուսկ, ան ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ թաղային խորհուրդին փոխանցեց իր օրհնութիւնը, բարձր գնահատանքն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2026