Չորեքշաբթի 14, Հոկտեմբեր 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գավաֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան։
Յառաջիկային նախատեսուած է Պալաթու եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որուն ընդառաջ թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին թարմ տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ։ Ան բարձր գնահատեց մեր այս եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը թաղային խորհուրդին։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2026