ՍԱՏԱՆԱՅԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Որո՞նք ենթակայ են այս պաշտամունքին մէջ իյնալու. 

Մարդոց երկու տեսակներ կան, որոնք աւելի դիւրութեամբ կրնան այս վտանգին ենթարկուիլ։ 

Առաջինը՝ Աստուծմէ եւ առողջ կրօնական կեանքէն հեռու եղողները։

Երկրորդը՝ անոնք, որոնք ամէն «նորաձեւութեան» ետեւէն կը վազեն, նոյնիսկ երբ այդ նորաձեւութիւնը կործանարար է։

Անոնք երիտասարդներ են, որոնք մոռցած կամ մոռացութեան մատնած են, թէ իրենց կեանքը միայն իրենցը չէ եւ թէ իրենց տրուած ազատութիւնը իր հետ նաեւ պատասխանատուութիւն կը բերէ։ Այսպիսով անոնք կը տարուին Արեւմուտքէն մեզի հասնող մոլորեցնող նորութիւններով՝ անտեսելով կրօնի պատուիրաններն ու հայրերու եւ նախահայրերու աւանդութիւնները։

Սատանային վախճանը յաւիտենական կործանումն է։ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Եւ սատանան, որ կը մոլորէր զանոնք, նետուեցաւ կրակի եւ ծծումբի լիճին մէջ» (Յյտ 20.10)։ Նոյն ճակատագիրը կը սպասէ նաեւ անոր հետեւորդներուն։ Անոնք կը կորսնցնեն թէ՛ այս աշխարհի եւ թէ յաւիտենական կեանքի օրհնութիւնները եւ իրենց մարդկային ամբողջ էութիւնը կը կործանեն անմաքրութեամբ ու թմրանիւթերու գործածութեամբ։

Ինչպէ՞ս փրկուիլ այս նոր մոլորութենէն.

Յայտնի է, որ կանխարգիլումը բուժումէն աւելի լաւ է։ Ուստի, ամբողջական կրօնական դաստիարակութիւնն է միակ ամուր պատնէշը, որ կրնայ մարդը զերծ պահել այս վտանգաւոր մոլորութեան մէջ սահելէ՝ թէ՛ անոր կրօնական ու աստուածամերժ եւ թէ բարոյական ու կործանարար երեսներով։ Այս դաստիարակութիւնը պէտք է իրականանայ տան, եկեղեցւոյ, դպրոցի, լրատուամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու միջոցով, որոնք սկսած են ներխուժել մեր կեանքէն ներս եւ մեր փոխարէն դաստիարակել մեր զաւակները՝ վտանգաւոր մշակութային, նիւթական ու բարոյական միջավայրի մը մէջ։

Ահա արբանեակային հաղորդակցութիւնը եւ համացանցը, որոնք պէտք էր դրական հնարաւորութիւններ ընձեռէին գալիք սերունդներուն, սակայն, ապականիչ տարրերը կը ներթափանցեն անոնց մէջ եւ զանոնք կը վերածեն շեղման, գրգռութեան եւ մարդկային կորուստի միջոցներու։

Ուստի, պարտաւոր ենք երիտասարդները ամրացնել եւ արմատաւորել զանազան բնագաւառներու մէջ։

1. Հաւատքի եւ հոգեւոր կեանքի մէջ ամրացում

Պէտք է երիտասարդ սերունդը դաստիարակենք հաւատքի եւ յաւիտենական հոգեւոր արժէքներու մէջ, ծանօթացնենք զայն երկնային աշխարհին եւ անոր ներկայացնենք բարձրագոյն իտէալներ՝ թէ՛ մեր հարուստ պատմութեան եւ թէ մեր ապրած առօրեայ իրականութեան օրինակներով։ Ժողովուրդներու յառաջընթացը միայն նիւթական միջոցներով եւ գիտութեամբ չի՛ կատարուիր, այլեւ հոգեւոր արժէքներու միջոցով՝ անձնազոհութեան, նուիրումի, սիրոյ եւ մաքրութեան, որոնք մարդուն հոգիին խաղաղութիւն, անդորր եւ հանգստութիւն կը պարգեւեն։

2. Մտաւոր եւ մշակութային լուսաւորութիւն

Աստուծոյ լոյսով լուսաւորուած եւ Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան հետեւողականօրէն նուիրուած միտքը, որ իմաստութեամբ եւ զանազանութեամբ բաց է նաեւ մարդկային գիտութիւններու տարբեր բնագաւառներուն՝ ինչպէս դաստիարակութիւն, հոգեբանութիւն եւ ընկերաբանութիւն, արթուն եւ գիտակից միտք մըն է։ Այդպիսի միտքը կրնայ զանազանել արժէքաւորը անարժէքէն, իսկականը՝ կեղծէն եւ, միաժամանակ, կրնայ զսպել մարմինը, բնազդները, ձգտումները, սովորութիւններն ու զգացումները։ Ուստի, պէտք է քաջալերենք ընթերցանութիւնն ու կառուցողական մշակոյթը, ինչպէս նաեւ երիտասարդները քաջալերենք ճանչնալու եւ խորանալու իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ։

3. Հոգեկան առողջութիւն

Հանգիստ եւ ապահով հոգին դժուարութեամբ զոհ կը դառնայ աղմկոտ երաժշտութեան, որ մարդը կը հեռացնէ իրական աշխարհէն, կամ չար ընկերակցութիւններու, որոնք մեր երիտասարդները կրնան առաջնորդել դէպի թմրանիւթեր, անմաքրութիւն եւ բարոյական անկում։

Առողջ հոգիի նշաններէն են.

ա. Ինքն իր եւ ուրիշներու հանդէպ վստահութեան զգացումով ապրիլ՝ մեր սիրող Աստուծոյ օգնութեամբ։

բ. Երջանկութեան զգացում ունենալ Արարիչին կարողութեան եւ առաջնորդութեան հաւատալուն ու մաքուր խղճմտանք ունենալուն շնորհիւ։

գ. Ընդունիլ ինքզինք եւ ուրիշները՝ հասուն ու կառուցողական փոխյարաբերութեան մէջ եւ ջանալ բարձրանալ աշխարհի, մեղքերու եւ մարդկային տկարութիւններու վրայ։

դ. Միտքով եւ զգացումներով անկախ ըլլալ՝ կոյր հետեւողականութեան չենթարկուելով։

ե. Իր առջեւ դնել ողջամիտ եւ իրագործելի նպատակներ՝ Աստուծոյ օգնութեամբ։

զ. Արդիւնաւէտօրէն յաջողիլ ուրիշներու հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ՝ հոգեպէս եւ ընկերապէս բաւարարուած ըլլալու համար։

4. Գեղարուեստական, գրական եւ մարզական դաստիարակութիւն

Այսինքն՝ երիտասարդները զբաղեցնել այնպիսի գործունէութիւններով, որոնք կը կառուցեն իրենց անձը եւ կը բացայայտեն անոնց ստեղծագործական ուժերը։ Ասիկա կրնայ ըլլալ արուեստի զանազան բնագաւառներու մէջ՝ հանդարտ երաժշտութիւն, նկարչութիւն, լուսանկարչութիւն, թատրոն եւ ձեռային աշխատանքներ, գրական ստեղծագործութիւն՝ բանաստեղծութիւն, ոտանաւոր եւ պատմուածք գրել, ինչպէս նաեւ ոչ-բռնի մարզաձեւեր։ Այս բոլորը պէտք է կատարուին այնպիսի շրջանակի մը մէջ, որ կը կառուցէ մարդու հոգեւոր կեանքը, զգացումները եւ մարմինը՝ առանց վնասելու անոր բարոյական սկզբունքներուն, արժէքներուն եւ առողջ կրօնական կեանքին։

5. Ընկերային արմատաւորում եւ պատկանելիութեան ոգի

Պատկանելիութեան զգացումը կարեւոր հոգեբանական պահանջ մըն է։ Իսկ այն երիտասարդը, որ զոհ կը դառնայ այս շեղումներուն, ընդհանրապէս մոլորած եւ անուղղայ երիտասարդ մըն է, որ չի՛ զգար իր պատկանելիութիւնը այն զանազան շրջանակներուն, որոնք աստիճանաբար կը լայննան։

ա. Ընտանիքի շրջանակը. Երբ ընտանիքը չի՛ քայքայուիր, ան կրնայ շարունակել իր զաւակները դաստիարակել եւ առաջնորդել։ Ընտանեկան խնդիրները՝ ամուսիններուն միջեւ տարաձայնութիւնները կամ ծնողներէն մէկուն կամ երկուքին արտասահման մեկնիլը, պէտք չէ պատճառ դառնան, որ զաւակները լքուին եւ մատնուին սատանային ու անոր հետեւորդներուն։

բ. Բարեկամներու շրջանակը. Ընկերները պէտք է ընտրուին խնամքով՝ լաւ չափանիշներու եւ առողջ սկզբունքներու հիման վրայ։

գ. Ուսման շրջանակը. Երիտասարդը պէտք է լաւ ընկերներ ընտրէ եւ իր ուսուցիչներուն մէջ տեսնէ բարի օրինակ եւ արժանի առաջնորդներ։

դ. Կրօնի շրջանակը. Երբ մարդ կը ճանչնայ իր Արարիչը, Անոր պատուիրանները եւ վարձատրութիւնը թէ՛ այս աշխարհի եւ թէ յաւիտենական կեանքի մէջ, կը հասկնայ, որ կրօնքը պատնէշ մըն է եւ ո՛չ թէ կապանք։

ե. Հայրենիքի շրջանակը. Երբ երիտասարդը կը զգայ իր պատկանելիութիւնը իր հայրենիքին, կը մասնակցի իր երկրի կառուցման եւ սիրով ու ներդաշնակութեամբ կը հաղորդակցի իր շուրջիններուն հետ։

զ. Մարդկութեան շրջանակը. Երբ իր սիրտը կը լայննայ բոլոր մարդոց հանդէպ՝ անձնուէր սիրով եւ գործնական ծառայութեամբ։

Այս կորուսեալ, մոլորած եւ խեղճ երիտասարդը ընդհանրապէս վատ դաստիարակութեան զոհն է։ Զինք պէտք է հրաւիրել դէպի ապաշխարութիւն եւ մաքրութիւն, որովհետեւ ապաշխարութեան դուռը բաց է։

Ասիկա պէտք է կատարուի երկխօսութեան, համոզումի, ճիշդ եւ միաժամանակ հաստատուն առաջնորդութեան միջոցով։ Որովհետեւ անոնք, իրենց այս մոլորած ընթացքով, իրենք զիրենք եւ ուրիշները կը մատնեն հոգեւոր, մարդկային եւ յաւիտենական կործանման վտանգին։

Ուստի, մեր սիրտերը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի մեր զաւակները պահպանէ այս նոր մոլորութենէն եւ ջանանք զանոնք ճշմարիտ դաստիարակութեամբ մեծցնել, որպէսզի կարենան գործադրել այն պատուիրանը, որ կ՚ըսէ. «Դիմադրեցէ՛ք սատանային, եւ անիկա պիտի փախչի ձեզմէ»։ Որովհետեւ Աստուած, եթէ մենք մեր հոգեւոր պայքարին մէջ անկեղծ ըլլանք, կարող է մեզ յաղթական դարձնել չարին թշնամիին եւ անոր չար խորհուրդներուն դէմ։

•շար. 2 եւ վերջ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2026