ԹՌՉՆԱԳԻՐ ԵՒ QR CODE
Թարգմանչաց է:
Հոկտեմբերի սկիզբէն կը սկսին մեր վարժարաններուն մէջ «Թարգմանչաց»ի տօնակատարութիւնները. թէեւ հայրենի ընկերային ցանցերու դպրոցական թէ՛ ծնողաց էջերուն մէջ ահագին մեկնաբանութիւններ կրնանք կարդալ ժամանակի՜ն Այբբենարանի առաջին էջին վրայ գտնուող Մաշտոցի մեծ նկարին բացակայութեան մասին… բայց եկուր-տես, որ հի՛ն, շա՜տ հին է պատկերը դեռ սփիւռքի մէջ:
Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած ոտանաւորներ կը լսուին մեր պատուհաններէն: Ո՛չ միայն դասագիրքին, այլեւ՝ դասարաններուն մէջ գտնուող պաստառները օգտագործելով «Կուկըլ»էն նկարներ ալ կը բանանք մեր մանուկներուն: Մեսրոպին ծնած «Հացիկ գիւղը», օրինակ, շուտով կը յայտնուի անոնց դիմաց, նոյնպէս Օշականը, իր եկեղեցիով ու Մաշտոցին գերեզմանը այցելող դպրոցական մանուկներու տեսերիզով:
-Ո՞վ են այս պզտիկները, կը հարցնեն մերինները:
-Մեսրոպ Մաշտոցը յիշող ու իրենց օրիորդին հետ իրեն այցելող, ձեզի պէս մանուկներ են, կ՚ըսեմ ես:
Իրենց գրասեղաններուն ետեւ չե՛ն կրնար մնալ մանուկները. կը մօտենան, կը նային, կը դիտեն, ամէն ինչ կը զննեն…
Չեմ առարկեր ու չեմ թելադրեր երբե՛ք, որ իրենց տեղերը վերադառնան անոնք. ես ալ, իրենց պէս, պէ՛տք ունիմ այս տեղաշարժին:
Քով-քովի կեցած, պաստառին առջեւ կլոր մը կազմելով հաւաքուած մանուկներուն հարցումները զիս կը յուսադրեն.
-Ո՞ւր է Մեսրոպ Մաշտոցը:
-Այս քարին տա՞կն է:
-Մեռա՞ծ է Մեսրոպ Մաշտոցը:
-Ինչո՞ւ մեռաւ Մեսրոպ Մաշտոցը:
Շատ կը զարմացնէր այս հարցումը զիս դասաւանդութեան առաջին տարիներուս. վերջը հասկցայ գաղտնիքը, եւ մանուկները այս հարցումին մղող պարզ ու գեղեցկագոյն տրամաբանութիւնը.
Հերո՛ս մըն է իրենց համար Մեսրոպը. Հայ ազգը փրկող առաջի՛ն ուսուցիչը: Մեզ՝ բոլորս մինչեւ այսօր հայ պահող առաջին ու վերջին պատճառն է ան: Այբ, բեն, գիմը ստեղծողը… դեռ ի՛նչ պէտք է հերոս ըլլալու համար:
Ըսեմ.
Հերոս ըլլալու համար պէտք է չմեռնի՛լ:
Չեն մեռնիր հերոսները. կը զոհուի՛ն: Վարդանին պէս՝ նետ ու նիզակով կը զարնուին, կ՚արիւնին ու այդպէս արիւնոտ ալ կը մնան. այդ արի՛ւնն է, ճի՛շդ, հերոսը առյաւէտ ողջ պահողը:
Սովորական մահերը չեն վայելեր փոքրիկներուն մե՜ծ սիրտերուն մէջ գծուած հերոսներուն…
Երանի՜ մանուկներուն, քանի որ տե՛ղ մը անպայման կանգ կ՚առնէ անոնց հասկնալու կարողութիւնը եւ մեր՝ մեծերուս հասկցածները չե՛ն հասկնար անոնք:
Հարցումները կը շարունակուին.
-Ինչո՞ւ եկեր են Մեսրոպ Մաշտոցին քով:
-Ինչո՞ւ ծաղիկներ դրին քարին վրայ:
Բնականաբար, Մաշտոցին մասին գիտնալը բան մըն է, զինք ամէն տարի հեռուէ-հեռու յիշելը՝ այլ բան, իսկ Մաշտոցին այցելելը բոլորովին, բոլորովի՛ն աներեւակայելի բան:
Հայաստանի այսօրուան՝ «չորրորդ» հանրապետութեան մէջ, առա՛նց Մաշտոցի նկարին տպուող այբբենարանները չե՛մ գիտեր ես, Մաշտոցին նկարին հասցնելիք QR «քոտ»երն ալ չե՛մ կրնար ընկալել, «Մայր հայրենիքի» մէջ հայերէնի «այդպիսի՛» դասագիրքերու մէջէն Մայրենի սորվելիք մանուկներուն ճակատագիրն ալ չեմ գիտեր այս պահուն, քանի որ վերոյիշեալ այս հանրապետութեան սկզբունքները խո՛րթ են ինծի համար. դարաւոր ու ինչ խօսք՝ փառաւոր անցեալ մը կաթիլ-կաթիլ սրբող պետութիւնը, իրենց ըսածին պէս՝ հայրենիք չէ՛, չի՛ կրնար ըլլալ:
Այսօրը «խաղաղութեամբ» կարենալ ապրելու համար անցեալէն ձերբազատուողը, Մաշտոցին նկարը յստակաբար տպելու փոխարէն, այո՛, «քոտ»ով կրնայ բանալ տալ, քանի որ «նորաձեւ է կրթութիւնը»՝ չմոռնա՛նք:
Իսկ երբ տձե՛ւ է «նորաձեւը՞»:
Ահա այս տձեւութեան մէջ շրջող անարժանապատիւ յայտարարութիւնները, զիրար ատող հայերուն հայհոյանքները, մեզ հետզհետէ աւելի նուաստացնող իշխանութեան ամօթալի արադարացումները, քաղաքականութեան բոլոր հիմքերէն հեռու հրոսակաբանութիւնն ու պոռչըտուքը, դիմատետրի, այլեւս գռեհիկ, առաւօտեան սրտիկները, անոնց ետեւը հնչող «որեւէ» երգ ու երաժշտութիւնը…
Մեզ կրկէսի մէջ դնող այս խամաճիկութիւնները խորթ են ինծի եւ, կը հաւատա՛մ, շատերուն համար:
Ոտք ու մարմինով հոն չեմ, կ՚ընդունի՛մ: Ա՛յլ բեմահարթակ է իմս. սփի՛ւռքը, ուր Թարգմանչաց տօնի առաւօտը զիրար շնորհաւորող կրթական մշակներ կան դեռ, կը հաւատա՞ք…
Հաւատացէ՜ք:
Խելացի հեռաձայններուն հեշտ ու սահուն գծելու եւ ներկելու app-երէն հեռու, Մաշտոցին նկարը սեւ ու ճերմակ տպողներ կան, որպէսզի պզտիկները փայտէ գոյները տաշեն ու իրենց ձեռքերով ներկեն: Թռչնագիր այբուբեն տպող ալ կայ, որպէսզի աշակերտները իրենց անունները այդ գեղեցիկ գիրերով գրեն:
«Ո՛վ մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոց» կրկնելով-կրկնելով սորվեցնող կայ, դժուա՜ր «Լուսապայծառ հայոց հանճար»ը բացատրող կայ, «Ո՛վ մեծասքանչ դու լեզու» լսող ու լսեցնող կայ ու կայ… կա՛ն:
Բի՜ւր պատիւ ու յարգանք ձեզի՛, անգին հայ մշակներ, որ մեզ այսօր ա՛յսքան ցաւելու չափ «Հայ» դաստիարակեցիք:
Ափսոս, որ այս խումբին՝ սորվեցնողներուն ու սորվողներուն ճակատագիրն ալ չե՛մ գիտեր ես. այսօր խանդավառութեամբ այս բաները ընողները, շուտով, մէկ թէ երկու տարիէն անգլերէն մտածող աշխարհաքաղաքացիներ պիտի ըլլան՝ «Արմինյըն օրիճինզ»ով…
Երկու խումբ. անկանխատեսելի ճակատագիրներ:
Յոռետե՞ս եմ:
Անթափանց մշուշի մը ետեւն է յոյսս:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ