ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ այս շրջանին տեղի կ՚ունենան ծնողք-դպրոց յարաբերութիւնները զարգացնելու առաջադրութեամբ հաւաքոյթներ։ Այսպէս, սոյն հանդիպումներուն առաջինը դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ՝ շատ դրական մթնոլորտի մը մէջ։ Խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճի եւ վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճը մէկտեղուեցան աշակերտներու ծնողներուն հետ։ Ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ՝ դպրոցի պատմական սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ։ Ծնողաց հետ հանդիպումը թափանցիկ ղեկավարութեան սկզբունքը կեանքի կոչելու հետամուտ նախաձեռնութիւն մըն էր, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Դպրոցի ղեկավարութեան եւ աշակերտներու ծնողներուն միջեւ շինիչ երկխօսութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորուեցաւ եւ կողմերը յստակ բանաձեւեցին իրենց ակնկալութիւնները։ Ժողովի բոլոր մասնակիցները համագործակցութեան պատրաստակամութեամբ արտայայտուեցան։

Կը հաղորդուի, որ նման ձեւաչափով այլ հանդիպումներ ալ նախատեսուած են ներկայ ամսուայ տեւողութեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2026