ԻԿՆԱՑԻՕ ՔԱՍԻՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Զուիցերիոյ փոխ-նախագահ ու արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասիս, որ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս, այս առաւօտ ժամանեց Երեւան։ Իկանցիօ Քասիսի ուղեւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Երեւանն ու Թիֆլիզը։ Այս առաւօտ, զուիցերացի նախարարը Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Միրզոյեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց իր զուիցերացի պաշտօնակիցը։ 

Արարատ Միրզոյեան եւ Իկնացիօ Քասիս այս առաւօտ առանձնազրոյց մը ունեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Օրուան տեւողութեան նախարարները կը գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Իկնացիօ Քասիս կ՚ընդունուի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2026