Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ ԿՈՂՄԷ
Տ. Արամ արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Յունաստանի հիւսիսային շրջանները: Ան հիւրընկալուեցաւ հայր ու որդի Խաչատուր եւ Արի Չոլաքներուն կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան քառօրեայ շրջագայութեան ծրագիրը, ըստ էութեան, Թեսաղոնիկէի շրջանին մէջ ընթացաւ:
Տ. Արամ արք. Աթէշեան այս ընթացքին հիւրընկալւեցաւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թեսաղոնիկէի Ֆիլոթէոս մետրոպոլիտին կողմէ։ Ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ երկու բարձրաստիճան հոգեւորականներուն զրոյցը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին համաքրիստոնէական ընտանիքի օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։ Մետրոպոլիտը եւ սրբազանը գոհունակութեամբ անդրադարձան՝ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու դրական յարաբերութիւններուն։ Հուսկ, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Տ. Արամ արք. Աթէշեան կեցութեան օրերուն այցելեց նաեւ նոյն շրջանի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, որ Յունաստանի մէջ Անթիլիասական թեմի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս կը գտնուի։ Նորին Սրբազնութիւնը հիւրընկալուեցաւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւին՝ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանի կողմէ։ Տ. Արամ արք. Աթէշեան եկեղեցւոյ մէջ կատարեց իր ուխտի աղօթքը եւ հայր սուրբին փոխանցեց իր օրհնութիւնը։