Շաբաթ 17, Հոկտեմբեր 2026
ՊՈՒՔՐԷՇԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
Ռումանիոյ նախագահ Նիքուշոր Տան յայտարարեց, որ Սեւ ծովու մէջ պէտք է ամրապնդուի ՆԱԹՕ-ի վերահսկողութիւնը։ Նախագահ Տան, որ «Euronews»ին հարցազրոյց մը տուաւ, անդրադարձաւ Պուքրէշի ղեկավարութեան ակնկալութիւններուն՝ Սեւ ծովու առկայ վիճակին շուրջ։ Արդարեւ, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին հետեւանքով Սեւ ծովու նաւագնացութիւնը լրջօրէն սպառնալիքի տակ է։
Հարցազրոյցին մէջ Նիքուշոր Տան յիշեցուց, որ Սեւ ծովէ ներս առեւտրային նաւերը անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներուն կ՚ենթարկուին։ Ուստի, ան համոզուած է, թէ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը հետզհետէ աւելի լուրջ ճնշումի մը կ՚ենթարկուի։
Թուրքիան ալ երկար ժամանակէ ի վեր լուրջ ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին ազդեցութիւնը աւելի չտարածուի դէպի Սեւ ծով։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2026