Շաբաթ 17, Հոկտեմբեր 2026
ՄԱԼԱԹԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 16 ՏԱՐԵԿԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութիւնը ամսավերջին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 16-րդ տարեդարձը։ Համայնքէն ներս ստեղծուած հայրենակցական միութիւններու շարքին այս մէկը ամենաաշխուժներու շարքին կը դասուի եւ իր բոլորած ճանապարհով արդէն կը համարուի հաստատութենականացած։ Միութիւնը, որ մշակութային եւ զօրակցութեան գործունէութիւններու ձեւաչափի մէջ կը գործէ, ամէն տարի աւանդական սեղան մը կազմակերպելով կը նշէ իր հիմնադրութեան տարեդարձը։
Մալաթիահայոց միութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ այս տարուան տարեդարձի սեղանը նախատեսուած է Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ, ուր ընթրիքի ընթացքին պիտի մատուցուին քաղաքին բնորոշ ուտեստներ եւ դարձեալ քաղաքին բնորոշ երգերով երաժշտական կատարումներ նախատեսուած են։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2026