ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՍԷՐԸ

Սէրը, ո՜հ սէրը… Մեծ ու լիարժէք շարժիչը ամէն ինչին, անհատականէն մինչեւ հաւաքական, հաւաքականէն մինչեւ տիեզերական:

Ես քեզ կը սիրեմ,

ես ձեզ կը սիրեմ,

բոլորս զիրար կը սիրենք ու պիտի սիրենք…

Հաւանաբար, ամենաբուժիչ ու անսահման արժէքն է այս՝ մեզ ապրեցնող ու առինքող:

Հարցումը մեր մէջն է, բայց չկայ անոր գործադրութեան պատասխանը. ինչպէ՞ս սիրել՝ ամէն օր խղճալո՞վ, ժպտալո՞վ, բաշխելո՞վ, հոգալո՞վ մարդկային ճակատագրին վրայ ու տառապանքները մաշեցնելո՞վ:

Գիտեմ դժուար է, քանի սիրոյ աղբիւրի սեփականութիւնն ու բխումը ինչքան ալ մենք աստուածացնենք, տիեզերականացնենք կամ նոյնիսկ մենք մեր բնազդականութիւնը, հոգին, տեսակը, ՏՆԱ-ն եւ բնազանցութիւնը հոն դնենք, տակաւին այն կը մնայ անհասանելի ու անվերծանելի:

Եթէ ես չըլլամ ու նոյնիսկ չըլլայ մարդկութիւնը՝ սէրը պիտի աւելնա՞յ կամ պիտի պակսի՞:

Պիտի պակսի, այո, ինչքան ալ անտարբերութիւնն ու առարկայականութիւնը կը չափորոշեն տիեզերքն ու գոյութիւնը:

Մենք ենք սիրոյ աղբիւրը․

որքան ալ հակառակը փաստելու մղումն ու գիտական բնոյթը իրական է ու արժանահաւատ,

որքան ալ մեր ատելութիւններն ու նախապաշարումները անբուժելի են ու անժամանցելի,

որքան ալ մեր հոգեկերտումը տակաւին չէ կատարելագործուած, իսկ մեր ընկերաբանութիւնն ու անհատա-հաւաքականութիւնը կամ հաւաքա-անհատացումը ցարդ չէ իրագործուած։

Սէրը լուծում է ու կեանք, սէրը օգտակարութիւն է ու անհրաժեշտութիւն, բայց երբ թուարկենք աթոմական զէնքերու քանակը եւ կրօններու, մարգարէութիւններու, անհատ ու խմբային ղեկավարներու գործած ոճիրներն ու ատելութիւններու ստեղծումն ու տարածումը՝ նոյնինքն մարդկութիւնը ինքն իր պրիսմակով ու դատաստանով, հաւանաբար, ինքզինք արժանի համարէ տապալման ու վերացման: Չենք ըներ այդ մէկը՝ ո՛չ միայն առաքելական ու պատգամալից ոգիէն մղուած, այլ այն շատ աղօտ ու վտիտ, բայց մշտապէս վերյառնող մեր գողտրիկ, հաւանաբար, սաղմային սէրերէն ելած մարդուն ու մարդկութեան հանդէպ:

Ես պիտի սիրեմ քեզ ու ձեզ, չկայ փախուստ, միաժամանակ չկայ ուրիշ տարբերակ ապրելախթանման ու ինքնին ապրումի քաղցրացման ու սրբացման: 

Մարդն ու մարդկութիւնը որմէ՞ պիտի սիրուի, եթէ ոչ նոյն անհատ մարդէն ու հաւաքական մարդկութենէն: Չկայ ուրիշ ելք, անդրմոլորակայինները տակաւին հեռու կ՚երեւին ու հաւանաբար մեր սիրոյ բաղադրատոմսին անծանօթ են:

Այո՛, չենք գիտեր, թէ ուրկէ՞ կու գայ մեր յատկանշութեան ու ոգիի գաղտնիքը, բայց եւ այնպէս, տեղ մը կը ճանչնանք մենք մեզ ու կրնանք նկարագրել մեր աստուածայնութեան ու առասպելացման ուժագեղեցկութիւնը:

Մենք մենք ենք՝ եսերով ու հաւաքականութիւններով, ժողովուրդներով ու պարզապէս մարդոց խմբաւորումներով՝ ամէն տեղ ու ամէն ժամանակներու մէջ։ Իսկ առանց մարդոց ու մարդկութեան չկան՝ նոյն դրախտները եղած-չեղած ու քաղաքակրթական ամենակալութիւնները կերտուած-չկերտուած, սիրահարութիւնները հրաշագին կամ ժամային, գուրգուրանքները-կարեկցանքները-փաղաքշանքները շէն ու ամենափայլ։ Իսկ մարդկայնութիւնը (այդ վերջնական ու զեղումնային), որ չի կայանար մշտապէս, կայ իր բոլոր թերագործումներով ու տեղ մըն ալ աւերներով:

Ինչքա՞ն փառաբանեմ քեզ մարդկութիւն, ինչքա՞ն սիրեմ քեզ, դուն ըսէ: Բայց գիտեմ, չես ըսեր, քանի չկաս իբրեւ ոգի ու մարմին, բայց անոր կողքին կը սիրուիս ո՛չ թէ սիրոյ մը համար, այլ քանի մեր կոչման մէջ ես ինքնեկ ու կայացած։ Մենք մարդկութիւն կը կոչուինք՝ անհատական ամենաժիր մինակութեան, լքուածութեան ու սպառման մէջ:

Հիասթափութիւններ, անհամադրութիւններ, դաւեր, ցեղասպանութիւններ ու չարիքներ՝ թէեւ յիշատակելի էք, սակայն, առանց մարդուն մեզի կը թուի, թէ չկաք յար ու յաւիտեան:

Եկայ ես ալ աշխարհ․ ազգային, տեղական, շրջանային, համաշխարհային ու մա՛նաւանդ՝ համաշխարհային հարցը լուծելու:

Չի լուծուիր գիտեմ ու գիտենք բոլորս ալ այդ մէկը, մեր ամենաթունդ ու կատարեալ թուացող լուծումներով ու ջանքերով առընթեր:

Երգ մըն է կարծես մարդկութիւնը ծաղկուն ու գեղեցկացման համար շնչացած, իսկ ես ալ, իմ կարգիս, պարզ երգիչ։ Իսկ յաւերժի սիրոյն կատարուած այս բոլորը կը կերտէ մեզ ու կը դարձնէ նաեւ գաղափարապաշտ: 

Ո՜հ դուն մարդկութիւն,

դուն ներկայացման տեղ չունիս ցայսօր,

բացի մեր անհատական ու հաւաքական հոգիներու

մեծ ու խոր, 

ամենաթեթեւ ու պարզ

հայելիներուն մէջ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2026