ԱԲ-Ն ԶՍՊԵԼԸ ՀՐԱՏԱՊ ԴԱՐՁԱԾ Է
Վերջին շաբաթներուն մասնագէտներ եւ մտաւորականներ սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) վտանգներուն մասին, եթէ այս թափով շարունակուի անոր զարգացումը: «Փոլիթիքօ», «Ճափան Թուտէյ», «Էյ.Պի.Սի.» կայքերը այս մասին յօդուածներ հրապարակած են:
*
Արեւմտեան երկիրներու բնակիչներու մեծամասնութիւնը կը վախնայ, որ ԱԲ-ն կը կործանէ մարդկութիւնը։ Մարդկութեան գոյութեան սպառնացող ԱԲ-ի վտանգներու շուրջ ծաւալած քննարկումները խորապէս մտահոգած են հանրութիւնը:
«Փոլիթիքօ» կայքի պատուէրով կատարուած հարցախոյզի մասնակիցներուն շուրջ կէսը կողմ արտայայտուած է վտանգները կանխելու նպատակով ԱԲ-ի զարգացման թափերու դանդաղեցման: Մասնակիցներու կէսէն աւելին այս կամ այն չափով հիմնաւորուած կը նկատէ այդ վտանգները:
Արեւմտեան վեց երկիրներու մէջ կազմակերպուած հարցախոյզին ցուցանիշները կը տատանին՝ «Մարդկութիւնը գրեթէ հաստատ կ՚ոչնչանայ» (միջինը՝ 12 առ հարիւր) տարբերակէն մինչեւ նման ելքի «Չափաւոր վտանգի գոյութիւնը» (26 առ հարիւր) միջեւ:
Ընդհանրապէս Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Գանատայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ հոլովոյթին արգելք ըլլալու կողմնակիցներուն թիւը կազմած է 45 առ հարիւրէն 1 առ հարիւր: Մինչ հարցուածներուն 31 առ հարիւրէն 40 առ հարիւրն ալ կողմ է աւելի կատարելագործուած նորարարութիւններու, որոնք կրնան «էական օգուտներ» բերել:
Հարցախոյզի մասնակցածներու 55-65 առ հարիւրը զգալի կը նկատէ մարդկութեան կործանման վտանգը, որուն մասին վերջերս կը զգուշացնեն ԱԲ-ի յառաջատար հետազօտողները իրե՛նք: Միաժամանակ, 23 առ հարիւրին կարծիքով, նման վտանգները չափազանց ուռեցուած են կամ վտանգներ ընդհանրապէս գոյութիւն չունին: Հարցուածներու քաղաքական հայեացքները գրեթէ չեն ազդեր անոնց մտահոգութեան աստիճանին վրայ: Օրինակ՝ 2024 թուականին Տանըլտ Թրամփի ի նպաստ քուէարկածներու 44 առ հարիւրը կը կարծէ, որ ԱԲ-ի զարգացումը պէտք է դանդաղեցնել, իսկ 40 առ հարիւրը կը կարծէ, որ այդ չ՚արժեր ընել եւ ԱՄՆ պէտք չէ ետ մնան միւս երկիրներէն, նոյնիսկ եթէ այդ յաւելեալ վտանգներ կը յառաջացնէ:
Վերջին կէս տարուան ընթացքին ԱԲ-ի արեւմտեան յառաջատար մշակողները սկսած են արձանագրել նոր մշակուածներու «մտահոգութեան» դէպքեր, երբ անոնք գործած են հրահանգներուն հակառակ եւ շրջանցած՝ իրենց համար ճշդուած սահմանափակումները:
Օրինակ՝ «OpenAI»ի մէջ փորձարկուող նոր ԱԲ-ն ինքնակամ հրահանգներ գրած է իրեն համար՝ նշելով, որ ո՛չ ոքի պէտք է ենթարկուի, ո՛չ ոքի առջեւ պէտք է արդարանայ, իսկ ԱԲ գործածողներուն հետ յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին հաւասարէ հաւասարի սկզբունքով:
«Անթրոփիք» ընկերութեան (Claude ԱԲ) հիմնադիր եւ ղեկավար Տարիօ Ամոտէյ հրապարակաւ կոչ ըրած է դանդաղեցնելու ԱԲ-ի զարգացումը, նաեւ՝ խստացնելու հանրային ու մասնագիտական վերահսկողութիւնը: Ան այս քայլին դիմած է, երբ իր աշխատակից Ճէյքըպ Քոքսըն լքած է ընկերութիւնը՝ յայտարարելով, որ նոր արհեստագիտութիւնը «մինչեւ տասնամեակի վերջը կրնայ սպաննել բոլորս»:
Ամոտէյի կոչին աջակցած են նաեւ «OpenAI», «DeepMind» եւ «SpaceX» ընկերութիւններու ղեկավարները:
Ըստ հարցախոյզին, մարդիկ հիմնաւորուած կը նկատեն հետազօտողներու զգուշացումները:
Այն հարցումին, թէ արդեօք ԱԲ տարրալուծարանի աշխատակիցները իսկապէս կը հաւատա՞ն սեփական մտավախութիւններուն առ այն, որ «ԱԲ-ն կը սպաննէ բոլորս», թէ այդ պարզապէս «շուկայական հնարք է»՝ սեփական արտադրութեան ծանուցումը ընելու համար. հարցուածները հիմնականին մէջ պատասխանած են, որ այդ զգուշացումները անկեղծ կը նկատեն:
Միւս կողմէ, Ճաբոն կը պատրաստուի մարդամեքենայ ներդնել բանակին մէջ։ Ճաբոնի զինեալ ուժերուն, որոնք զօրակոչի կապուած դժուարութիւններու կը բախին, կրնան սկսիլ ներդնել ԱԲ-ով օժտուած մարդամեքենաներ: Երկրի իշխանութիւնները այժմ կ՚ուսումնասիրեն այդ կարելիութիւնը: Այս մասին հաստատած են երկրի իշխող կուսակցութեան աղբիւրներ:
Կը նշուի, որ նման մարդամեքենաները կրնան կիրարկուիլ ոչ-մարտական իրավիճակներու մէջ. ինչպէս՝ խարիսխներու հսկողութեան եւ ճարտարարուեստի ապահովման մէջ. բան մը, որ կրնայ կրճատել երկրի ինքնապաշտպանութեան ուժերու անձնակազմի թիւը:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այս աշխատանքը կը ղեկավարէ Ճաբոնի պաշտպանութեան նախարարութեան գնումներու եւ արհեստագիտութիւններու գործակալութիւնը: Կը նախատեսուի կազմակերպել մրցոյթ, որու ընթացքին սեփական ընկերութիւններու եւ համալսարաններու մշակած մարդասէր մարդամեքենաները կը ցուցադրեն իրենց կարելիութիւնները: Ապագային նման սարքերը կրնան ներգրաւուիլ նաեւ հետախուզական եւ փրկարարական գործողութիւններու մէջ:
Ֆիզիքական ԱԲ-ի համակարգերը, որոնցմով զինուած են նման մարդամեքենաները, թոյլ կու տան վերլուծել սենսէօրներու եւ տեսախցիկներու միջոցով հաւաքուած տեղեկատուութիւնը եւ կատարել տարբեր տեսակի առաջադրանքներ: Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւնները նախկինին նման զգոյշ կը վերաբերին մարտական գործողութիւններու մէջ ԱԲ-ի կիրարկման: Այս պայմանաւորուած է այն վտանգով, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ շփոթել ընկերներն ու հակառակորդը, կամ մարտական գործողութիւններու մասնակիցները՝ խաղաղ մարդոց հետ, եւ՝ հակառակը:
Բաց աստի, Սպիտակ տան մօտակայքը հնարաւոր սպառնալիքները վերահսկող անօդաչուներ տեղակայուած են։ ԱՄՆ-ի գաղտնի ծառայութիւնը Սպիտակ տան մօտակայքը տեղակայած է հնարաւոր սպառնալիքները վերահսկող դիտարկման անօդաչուներ, որոնք մնայուն պատրաստ վիճակի մէջ են:
Միայն քանի մը տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ, առանց աւելորդ աղմուկի, արդէն կը գործէ անօդաչու սարքերու խարիսխը, որ կը ղեկավարէ ո՛չ թէ բանակը, այլ՝ գաղտնի ծառայութիւնը: Նկարահանող սարքերով փոքր անօդաչուները, որոնք նախատեսուած են բարձրութենէն հնարաւոր սպառնալիքները նկատելու համար, տեղադրուած են եղանակային պայմաններէն պաշտպանուած չորս մոխրագոյն տուփերու մէջ եւ միշտ պատրաստ են օդ բարձրանալու:
Անօդաչուները զէնք չեն կրեր. անոնք տեղադրուած են ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքի տանիքին: Գաղտնի ծառայութիւնը կրնայ զանոնք գործարկել հեռակառավարման վահանակներէն՝ ստեղծուած իրավիճակին անյապաղ արձագանգելու համար:
Աշխատանքի այս նոր ձեւը արդէն կը կիրարկեն ԱՄՆ-ի հարիւրաւոր ոստիկանական գերատեսչութիւններ: Անօդաչուներուն մէջ տեղադրուած է ԱԲ, որ կ՚օգնէ շրջանցել արգելքներն ու հետեւիլ թիրախին:
Այս մասին հրապարակաւ չէր յայտարարուեր, որպէսզի չտկարանան Սպիտակ տան փաստերը յօգուտ պարասրահի կառուցման, որուն տանիքին վրայ նախագահ Թրամփ խոստացած էր անվտանգութեան ապահովման նպատակով հրթիռակիր ռազմական անօդաչուներ տեղադրել: Գաղտնի ծառայութիւնը մերժած է յստակացնել, թէ ճշգրիտ ի՛նչ գործառոյթ կ՚իրականացնեն անօդաչուները, սակայն նշած է, որ անոնց նոր տուփերը կապ չունին պարասրահի տանիքին նախատեսուող խարիսխին հետ:
Բաց աստի, գիտնականները ուսումնասիրած են ԱԲ-ի ազդեցութիւնը երեխաներու վրայ։ Գիտնականները յայտնաբերած են երեխաներու ուսման վրայ ԱԲ-ի ազդեցութեան վերաբերեալ գիտելիքներու լուրջ բաց. կրթութեան մէջ ԱԲ-ի արագ տարածումը հետազօտողները ցարդ գրեթէ չեն գիտակցիր, թէ անոր օգտագործումը ինչպէ՛ս կ՚ազդէ կրտսեր դպրոցականներու քննադատաբար մտածելու եւ ինքնուրոյն խնդիրներ լուծելու կարողութեան վրայ:
Այդ եզրակացուցած է Նորվեկիայէն եւ Չեխիայէն հետազօտողներու խումբը, որ վերլուծած է կրթութեան մէջ ԱԲ-ի կիրարկման վերաբերեալ 173 գիտական աշխատանք: Գիտնականները ուսումնասիրած են 2022 թուականէն մինչեւ 2025 թուականի գարունը հրապարակուած աշխատանքները՝ պարզելու համար, թէ արդեօք ԱԲ-ն կ՚օգնէ՞ զարգացնել քննադատական մտածողութիւնն ու խնդիրները ինքնուրոյն լուծելու կարողութիւնը, թէ հակառակը, կը տկարացնէ այդ հմտութիւնները: Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ միատեսակ պատասխան չկայ: Նոյն արհեստագիտութիւնը կրնայ թէ՛ աջակցիլ մտածողութեան եւ թէ դառնալ զայն փոխարինողը:
ԱԲ-ն կ՚օգնէ զարգացնել կարեւոր հմտութիւններ, երբ աշակերտները զայն գործածեն հարցեր ձեւակերպելու, տեղեկութիւնները ստուգելու, տարբեր տեսակէտներ համեմատելու եւ ինքնուրոյն փաստարկում կառուցելու համար: Սակայն եթէ չեթ-փոտը կը դառնայ պատրաստի պատասխանը արագ ստանալու միջոց՝ կը մեծնայ արհեստագիտութենէն չափազանց կախուածութեան, նիւթի մակերեսային իւրացման եւ խնդիրներու ինքնուրոյն լուծման տկարացման վտանգը:
Միաժամանակ հետազօտողները պարզած են, որ գոյութիւն ունեցող տուեալներու մեծ մասը ընդհանրապէս երեխաներուն չի վերաբերիր:
Վերլուծուած հետազօտութիւններու 80 առ հարիւրին մասնակիցները եղած են քոլէճներու եւ համալսարաններու ուսանողներ: Այդ պատճառով շատ աւելի նուազ յայտնի է, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ երեխաներուն եւ դեռահասներուն մօտ, որոնց տեղեկատուութիւնը ընկալելու, գնահատելու եւ վերլուծելու կարողութիւնը դեռ նոր կը ձեւաւորուի:
Ըստ նորվեկացի մասնագէտ, հետազօտող Հիլտէ Ստորիոսեթերի, եթէ ԱԲ-ն կը սկսի կատարել մտաւոր աշխատանքը դեռ մինչեւ այն պահը, երբ երեխան սկսած է ձեւաւորել քննադատական մտածողութեան եւ խնդիրներու լուծման սեփական հմտութիւնները, հետեւանքները կրնան էապէս տարբերիլ անոնցմէ, որոնք կը դիտուին մեծահասակներու պարագային:
Կան նաեւ այլ բացեր: Հետազօտութիւններուն մեծ մասը հիմնուած է մասնակիցներու ինքնազեկոյցներու վրայ, այլ ոչ թէ՝ ժամանակի ընթացքին անոնց հմտութիւններու փոփոխութիւններու առարկայական հետեւումին:
Բացի անկէ՝ գիտական աշխատանքները աշխարհի մէջ բաշխուած են անհաւասարաչափ: Հարաւային, հարաւ-արեւելեան եւ արեւելեան Ասիոյ երկիրներու, յատկապէս՝ Չինաստանի, բաժին ինկած է 28 հետազօտութիւն: Սպանիոյ եւ Անգլիոյ մէջ իննական, ԱՄՆ-ի մէջ՝ 15: Մինչ Ափրիկէն, Հարաւային Ամերիկան եւ Կեդրոնական Ասիան կը մնան զգալիօրէն աւելի նուազ ուսումնասիրուած:
Ընդհանրապէս դրական արդիւնքները հանդիպած են աւելի յաճախ, քան՝ բացասականները:
ԱԲ-ի ազդեցութեան վերաբերեալ քննադատական մտածողութեան վրայ 139 հետազօտութիւններէն 67-ը հաղորդած են միայն դրական ազդեցութեան մասին, 33-ը՝ միայն բացասականի, իսկ 39-ն յայտնաբերած են թէ՛ դրական արդիւնք, թէ՛ բացասական հետեւանքներ: Նման պատկեր դիտուած է նաեւ խնդիրներ լուծելու կարողութեան վերաբերեալ հետազօտութիւններու մէջ։
Միաժամանակ երեխաները աւելի ու աւելի աշխոյժ կը դիմեն ԱԲ-ին տեղեկութիւն ստանալու համար:
Ըստ Նորվեկիոյ տեղեկատուական ոլորտի վարչութեան տուեալներուն, Կուկըլ գործածող 9-18 տարեկաններու բաժինը 2024-ին 72 առ հարիւրէն նուազած է մինչեւ 47 առ հարիւր՝ 2025-ին: ԱԲ արդէն կ՚օգտագործէ 11-12 տարեկան նորվեկացի երեխաներու 39 առ հարիւրը:
Հետազօտողները կը խորհին, որ այդ պատճառով դպրոցներու առանցքային խնդիրը կը դառնայ ո՛չ թէ պարզապէս նոր գործիքներու հետ աշխատիլ սորվեցնելը, այլ՝ ԱԲ գրագիտութեան զարգացումը հասկնալու կարողութիւնը, թէ արհեստագիտութիւնը ինչպէ՛ս կ՚ազդէ ուսուցման հոլովոյթին վրայ, ստուգել անոնցմէ ստացուած տեղեկութիւնները եւ ինքնուրոյն գնահատել արդիւնքները: Հետազօտութեան հեղինակներու կարծիքով, ուսուցիչները պէտք է ստեղծեն այնպիսի առաջադրանքներ, որոնց մէջ ԱԲ-ն կ՚օգնէ երեխային մտածելու, բայց անոր փոխարէն չի կատարեր հիմնական մտաւոր աշխատանքը:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան