ԶԱՐՈՒՀԻ ՔԱԼԷՄՔԷՐԵԱՆ (1874 - 1971)

Գրող Զարուհի Սէֆէրեան-Գալէմքէրեան, Եւտերպէ, ծնած է 1871 թուականի յուլիսի 18-ին, Գատգիւղ, Պոլիս: Զարմուհին է Եղիա Տէմիրճիպաշեանի: 

Ան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Աղա Տայիի դպրատունէն եւ Արամեան վարժարանէն ներս՝ աշակերտելով Նազարէթ Տաղաւարեանին, Յովհաննէս Սէթեանին: 

Հայերէնի մասնաւոր դասեր առած է Յակոբ Գուրգէնէն եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանէն: 

17 տարեկանին, սկսած է ոտանաւորներ գրել: 

Անդամ եղած է տարբեր քննիչ յանձնաժողովներու: 

6-7 տարի եղած է Բերայի աղքատախնամի ատենադպրուհին: 

1910 թուականին ընտրուած է Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութեան գործադիր ժողովի ատենապետուհի: 

Աշխատակցած է «Ծաղիկ»ին, օգտագործելով Եւտերպէ ծածկանունը: Այս ծածկանունը օգտագործած է, որովհետեւ սկզբնական շրջանին իր ծնողքը հակառակ եղած է իր գրականութեան ոլորտ մտնելուն: Նաեւ աշխատակցած է «Բիւզանդիոն»ին, «Արեւելեան Մամուլ»ին, «Լոյս»ին, «Շանթ»ին, «Ոստան»ին, Թէոդիկի «Տարեցոյց»ին, «Հայաստանի Կոչնակ»ին եւ այլ պարբերականներու: 

1921-ին Պոլիսէն հեռանալով՝ անցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: 

Ամուսնանալէ ետք (դեղագործ Միհրան Գալէմքէրեանի հետ), ծածկանունը մէկ կողմ ձգած եւ շարունակած է ստեղծագործել Գ. Զարուհի, Զարուհի Գ., Ս. Զարուհի կամ Զարուհի Գալէմքէրեան ստորագրութիւններով: 

1964-ին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ նշուած է Գալէմքէրեանի ծննդեան 90-ամեակը: 

Մահացած է 1971 թուականի յուլիսի 20-ին, ԱՄՆ: 

Զարուհի Գալէմքէրեան ձգած է գրական մեծ ժառանգութիւն: Այսպէս.

1890-ին, «Օ», բանաստեղծութիւններ, Պոլիս:

1893-ին, «Նուագք Եւտերպեայ Ա. զարթօնք», բանաստեղծութիւններ, Պոլիս, ձօնած է զայն իր ուսուցիչին՝ Յակոբ Գուրգէնի: Այս հատորին մասին Մարի Գ. Պէյլէրեան գրախօսական մը գրած է, ուր կը կարդանք. «…Գունագեղ փնջիկ մ՚է այն գեղեցկահիւս ոտանաւորներէ կապուած, համակ զգացում, համակ բոյր, համակ գութ ներշնչող… կը բաղձայինք որ «Զարթօնք»ը խրախոյս մը ըլլար մեր հայ աղջկանց, յորս միշտ հաւատացած եմ, թէ կան թաքուն գրիչներ, որ լոյսէ կը փախչին… այսու հանդերձ փափաքելի է, որ երբեմն գրեն այսպէս բանաստեղծական հատուածներ, կամ յօդուածներ, որպէս զի հայ իգական սեռն ալ էջ մը ունենայ հայ գրականութեան պատմութեան մէջ, ինչպէս ունին օտարազգի կանայք օտար գրականութեանց պատմութեան մէջ» («Ծաղիկ», Կ. Պոլիս, 1893, էջ 22): 

1894-ին, «Մրմունջը», բանաստեղծութիւններ, Պոլիս: 

1936-ին, «Թոռնիկիս գիրքը», արձակ էջեր, Իսթանպուլ: 

1952-ին, «Կեանքիս ճամբէն», տպաւորութիւններ, Անթիլիաս: 

1965-ին, «Հասկաքաղ» ժողովածու, Երեւան: 

1965-ին, «Օրեր եւ դէմքեր», բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր, Երուսաղէմ: 

* 

Այժմ ներկայացնենք հատուածներ եւ բանաստեղծութիւններ Զարուհի Գալէմքէրեանի ստեղծագործութիւններէն: 

ԻՐԻԿՈՒՆՆԵՐԸ

(Արձակ բանաստեղծութիւն, հատուած)

… Իրիկունն իր բոլոր հեշտանքներուն հետ խառն, սգեւորի երգը կ՚երգէ մեզի եւ կը զգաս տակաւ ստուերներուն իջնալուն հետ, թէ այսօրուան լիլաները կը մեռնին, թռչուններու երգերը կը նուաղին, այսօրուան զգայնութիւնները կը ցնդին տակաւ եւ արցունքները կը շոգիանան ու սէրերը կը մարին եւ իրենց ետեւէն հետքերը կը ձգին յիշատակներու, որք չեն մեռնիր, չեն մեռնիր բնաւ, զգայուն սրտերու համար ու կեանքին յիշատակարանը կը ճոխացնեն: 

Իրիկուններ կան աղու՝ խառնուած անձրեւի մշուշներու. իրիկուններ, որոնց սուգը կրկնապատկուած է ամպերու սուգէն եւ թռչունները տրտում տխուր կ՚երգեն պլլուած բնութեան մութ վերարկուին մէջ. այն ատեն սէրերը կը կրկնապատկուին: Անձրեւին թացութիւնը սարսուռներ կու տայ բոլոր թռչուններուն եւ դողդող բաբախուն սրտիկներով կը թռչին իրենց բոյնիկին մէջ, որ տափակ կը պահէ իրենց տխեղծ մարմինները: 

Անվերջանալի հրապոյրներ կը ձգէ իրեն ետևէն վերջալոյսը, ստուերները շատոնց խտացած են արդէն ու մութը թանձրացած է եղեւիններու անտառակին մէջ, բայց իր թանձրութեան մէջէն բացխփիկ, ամբողջ օրուան հառաչանքներուն ու զուարթ երգերուն դեղնկոտ արձագանգներն են որ լուռ ու թաքուն զգայնութիւնով մը պլլուած իրարու, կը պարեն եթերին մէջ անուշ շշուկով մը, որ կը խառնուի եղեւինի ճիւղերուն սուր ձայնին եւ բնութիւնը կը լեցնեն խորհուրդներով, կ՚ելեկտրացնեն երազներու զգայնութիւններով: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ հոգիս խօլ արշաւանքով կը հետեւի այս բոլոր երգերուն եւ կ՚ուզեմ այսպէս ժամերով մնալ այս ստուերոտ անտառներուն մէջ, ուր երկչոտ խայտանքներ ու երջանկութիւններ կու գան մեղմել մոգական շօշափումով՝ կեանքին իրականութիւնները, որ անհունօրէն կարծր են ու ահռելիօրէն սարսող։ («Ղարաբաղ», գրական, հասարակական, տնտեսական եւ քաղաքական թերթ, 2-րդ տարի, կիրակի 15 յունուար, 1912, էջ 2)

*

«Կ. Պոլսոյ անծանօթ մայրերու յիշատակին» վերնագրին տակ, կը կարդանք. 

Իմ մանկութեան օրերու պոլսահայութիւնը կ՚ապրէր նիւթապէս իր բարեկեցիկ ու լաւագոյն տարիները: Ընտրանի դասակարգը, ինչպէս եւ ժողովուրդը ունէին առանձնայատուկ վայելքի միջոցներ. այդ ինքնաբաւ երջանկութիւնը սակայն երբեք անձնասէր չդարձուց զանոնք: Մեր գիտակից զանգուածին տեսողութիւնն ու միտքի հորիզոնները ընդարձակուեցան դէպի հեռաւոր հայկական գաւառները, ցաւելով տեսան հայ ժողովուրդին վրայ թանձրացած մշուշը, որ տակաւ կը ծածկէր մեր նախնեաց քաղաքակրթութեան հետքերը, հեռաւոր անկիւններու մէջ նոյնիսկ թրքախօս ու արաբախօս դարձնելով նորահաս սերունդը: Կ. Պոլսոյ հայութիւնը պէտք զգաց փարատելու տիրապետող այդ մառախուղը, պատրաստելով գաւառի հայութիւնը լաւագոյն ապագայի մը: 

Մանկութեան իմ մայրենի տունս՝ հնոցներէն մէկն էր ազատաշունչ այդ գաղափարին: Առանց յեղափոխական ձգտումներու, մտքի ու լեզուի, մշակոյթի հոգն էր որ կը բոցավառէր այդ հնոցին մէջ, զոր մանաւանդ կը հրահրէին Խրիմեան Հայրիկ, Եղիա Տէմիրճիպաշեան ու Մինաս Չերազ: Մեր տունը կը հաւատար, թէ չարիքին աղբիւրը, մեր երկրին ընկճուած ու տառապած վիճակը լոկ քաղաքական պայմանները չէին, այլ հայ ժողովուրդը դժբախտ էր նաեւ իր տգիտութեան հետեւանքով: 

Այդ օրերուն Միացեալ ընկերութիւնը բացած էր իր դպրոցները գաւառներու մէջ, բայց այս գործունէութիւնը այրերու ազգասիրութեան արդիւնքն էր մանչ տղոց համար: Կիները մշակոյթի այդ բարիքէն չէին ուզեր զերծ պահել գաւառի աղջիկը, եւ հաստատած էին Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութիւնը ու Դպրոցներու Տիկնանց Ընկերութիւնը: Առաջինը յաջորդաբար դպրոցներ կը բանար Հաճըն, Մուշ, Սղերդ, Չարսանճագ, որոնց թիւը բարձրացաւ մինչեւ երեսունի՝ զանազան թրքախօս, արաբախօս ու քրդախօս գաւառներու մէջ, եւ երկրորդը, մանաւանդ Հայուհեացի հիմնարկութեան համար կը պատրաստէր ազգասէր ու նուիրուած վարժուհիներ: 

Աղջնակ մըն էի այդ նախնական շրջաններուն թէեւ, սակայն գաղափարներու այս խմորումը մեր տան մէջ, ինչպէս մօրս սերտ մտերմութիւնն ու շփումը այս ընկերակցութեանց խնամակալ ու գործադիր անդամներուն հետ, հրաշակի ցոլացում մըն էր իմ սրտին ու մտքիս համար ազգային մշակոյթի եւ յուզումներու, որոնք հետզհետէ կը պայծառանային ու կը բիւրեղանային զմայլելի հոգեւորականի մը՝ Մելիքսեդեկ Արք. Մուրատեանցի եւ պատուական ու հեղինակաւոր ուսուցչի մը՝ Յակոբ Գուրգէնի ազդեցութեան ներքեւ: 

Կ. Պոլսոյ աշխարհաքաղաքացի այս մայրաքաղաքը, հակառակ որ տակաւին խորապէս տպաւորութեան ներքեւ էր բիւզանդական մշակոյթին եւ յետոյ մանաւանդ ֆրանսական ներգործութեան, եւ գրեթէ կ՚ապրէր իր լուսաւորութեան ոսկեդարը, տակաւին մութ նախապաշարում մը կը տածէր կնոջ ազատագրութեան մասին: Հայ կինը մանաւանդ, ո՛ր դասակարգին ալ պատկանէր, անկախ չէր իր մտածումներուն ու գործերուն մէջ: Այդպիսի շրջանի մը մէջ իսկապէս դիւցազնական շունչ մը ունեցաւ Օր. Զապէլ Խանճեանի -յետոյ Սիպիլ- ազատ թռիչքը, որ թեւածելով առտնին շրջանակէն դուրս, դղրդեց հայ կնոջ հոգին եւ տաքցուց անոր սիրտը դէպի գաւառի իր դեռատի քոյրերը: 

Ինչպէս նաեւ, գրեթէ նոյնաժամանակ շրջաններու, Տիկին Տիւսաբի, Նազլը Վահանի եւ ուրիշ ընտրանի ու եւրոպական դաստիարակութեամբ սնած տիկիններու հովանաւորութեան ու ատենապետութեան ներքեւ կազմուած Դպրոցասէրը: Իրենց մտքի ու սրտի ոյժն ի սպաս դրին նաեւ օրուան ազգային լուսաւորութեան կեդրոնը նկատուած Օրթաքէօյի Հռիփսիմեան վարժարանի շրջանաւարտուհիներու մէկ մասը, նախագահութեամբ մեծանուն Ներսէս Պատրիարքի: 

Կանացի այս զոյգ կարեւոր ընկերութեանց խանդավառ գործունէութիւնը՝ բնական է չէր կրնար անհաղորդ պահել դեռատի սիրտ մը, որուն ընտանեկան հոգւոյն կորիզը ազգային մշակոյթի իտէալն էր եղած: Ահա թէ ի՛նչպէս մօրս կողմէ ինծի տրուած լաւագոյն վարձատրութիւն մը պիտի ըլլար՝ մօտակայ ընդհանուր ժողովներէն մէկուն զիս միասին տանիլ: Այս ժողովը իմ դեռատի երեւակայութեանս համար հրապոյրի ուրիշ կողմ մը եւս ունէր: Գատըքէօյ կը բնակէինք եւ գեղեցիկ առիթ մըն էր շոգենաւի կէս ժամուան ճամբորդութիւն մը եւ յետոյ ենթուղեայ գնացք մը դէպի Բերա: 

Այսօրուան պէս աչքերուս առջեւ կը տեսնեմ լեցուն սրահը, շրջակայ գիւղերէն փութացած կիներ, պալէնի ոսկորներով կարծրացած, կանացի սեղմիրանին դարաշրջանն էր այդ, ծանր ու սեղմ հագուստներու շրջան, խիտ ու երկար մազերու կոյտ, հերասեղներու խայթուածքն ու գլխարկներու ծանր կշիռը գլուխներու վրայ. Յուլիսի տաք օրուան մը դժուարաշունչ մթնոլորտին մէջ, շոգենաւին պայմանաւոր ժամանակացոյցին ու խստապահանջ ամուսիններու հրամանին հպատակ շատ մը մայրեր, որ պարզապէս զոհողութեան գնով հաւաքուած էին հոդ: 

Վիճաբանութիւնները կը յամենային որոշումի մը շուրջ, որ կ՚երեւայ շատ կապ չունէր օրակարգի խնդիրներուն հետ, երբ յանկարծ կին մը բարձրացուց ձեռքը եւ խօսք ուզեց. 

-Տիկիննե՛ր, ըսաւ ան, ես չորս զաւակներու մայր եմ, տունը ձգեր եմ զանոնք, օրը իրիկուն կ՚ըլլայ, շոգենաւին ժամանակը կ՚անցնի, պէտք է տունը գտնուիմ ամուսինէս առաջ, մենք բան գործ ձգեր ենք հոս՝ դպրոց բանալու, գաւառի մեր աղջիկները կրթելու համար, վե՛րջը բերէք սա փուճ խօսքերուն, գործ մը կարգադրեցէք, ներկայ բոլոր մայրերը իմ պայմաններով եկած են հոս: 

Ծափահարութիւններով թնդաց սրահը: Երբ իրիկունը ընտանիքը հաւաքուած՝ մայրս նկարագրութիւնը կ՚ընէր ժողովին, չմոռցաւ ձայն ուզող մայրը, եւ բոլոր սրտով իրաւունք տուաւ անոր։ Այդ առթիւ լսեցի, թէ ի՛նչպէս այդ ժողովական մայրերը, բոլորն ալ իրենց տունին ու զաւակներուն տրուելիք ժամերէն գողնալով եւ իրենց ամուսիններուն դիտողութեան ենթարկուելով, ինչպէս եւ հասարակաց կարծիքը արհամարհելով, եկեր հաւաքուեր էին հոն, գաւառի մեր հայ աղջիկները դարձնելու համար հայախօս:

Այսպէս էին Պոլսոյ հայ մայրերու հոգեկան տրամադրութիւնները, նախանձախնդիր իրենց կրօնական ու ազգային աւանդութեանց, հետամուտ մայրենի լեզուն ընտիր կերպով կիրարկելու տուներու մէջ: Անոնք հայ օտարախօս աղջիկներ ունենալու գաղափարէն հալածուեցան՝ ինչպէս սպառնացող պատիժէ մը: Անոնք հայ մշակոյթի իտէալը հետապնդեցին, իրենց միտքը, սիրտն ու քսակը տրամադրեցին, որպէս զի պահպանուի ցեղին գոյութիւնը։ Անոնք իբրեւ խանդավառ ուխատաւորներ նուիրուեցան ազգային վերածնունդի գաղափարին, ուսման եթէ ո՛չ տաճարներ, գէթ մատուռներ կանգնելու շքեղ երազը փայփայելով:

Խանդաղագին յուզումովը այդ օրերուն, կը նուիրեմ ձեզ այս տողերը, անծանօթ պատուակա՛ն մայրեր, սրտանց ցանկանալով որ ձեր հոգիներու յիշատակովը ներշնչուած՝ սփիւռքի հայ նոր մայրերն ալ, իրենց ընկերական ու նիւթական աւելի հեշտ պայմաններովը խոնարհին ձեր խնկելի յիշատակին, եւ ուխտեն մայրենի լեզուի գանձարանը պահել անվթար, ինչպէս եւ ազգային աւանդութիւնները մշտավառ՝ իրենց զաւակներուն սրտին մէջ: 

«Կեանքիս Ճամբէն» 

(«Երիտասարդ Հայուհի», ամսագիր, Ե. տարի, թիւ 11-12, նոյեմբեր-դեկտեմբեր, 1952, էջ 21-23):

* 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Վեհափառի ննջման առիթով գրած է «Գարեգին Վեհափառի յիշատակին» գրութիւնը, ուր կը կարդանք. 

Չէ՛ վախճանած Կիլիկիոյ երանաշնորհ Տ. Գարեգին Կաթողիկոսը: Մեծ մարդիկ չեն մեռնիր, թէեւ անոնց մարմինը կը յանձնենք հողին, բայց հողը ատակ չէ ծածկելու միտքի եւ հոգիի դիւցազունները: 

Գարեգին Կաթողիկոս, Դպրեվանքի ոգին, անխոնջ եւ բազմաբեղուն միտք, անվհատ խուզարկող՝ հայ քաղաքակրթութեան, հնութեանց եւ յիշատակներու, եւ յորդահոս քարոզիչ ու բանախօս: 

Նկարագրի քաղցրութեամբ եւ իր վեհութեամբ էր, որ անոր պատգամներն ու խորհուրդները կը լուսաւորէին մեր միտքն ու հոգին: 

Ազգութեան եւ կրօնի գաղափարը սերտօրէն անձնաւորած ներշնչեց հայ ժողովուրդը, թէ եկեղեցիով ազգին եւ ազգով եկեղեցիին պէտք է ծառայէ. ահա թէ ի՛նչպէս պիտի ապրի ընդմիշտ իր ժողովուրդին հետ: Մենք Անոր կը պարտինք մշակոյթի տօնակատարութիւնը: Ան նուիրագրոծեց եւ օծեց զմեզ Սահակներու եւ Մեսրոպներու շունչովը եւ ինքն ալ եղաւ մեծ առաքեալ մը, որուն տրուած էր շնորհը՝ հոգիներ կերտելու: 

… Մարմնով բաժնուեցաւ մեզմէ մեր սիրելի Վեհափառը, բայց արդէն իր կենդանութեան ալ կ՚անէանար անոր փոքրիկ մարմինը՝ դառնալու համար ոյժ ու կորով: 

Հոգի՝ օժտուած գրական ու քերթողական տուեալներով, իմաստութեամբ եւ բազմահմուտ գիտելիքներով՝ որոնց ամբողջութիւնը կեդրոնացած է արդէն հրատարակուած եւ լոյս ընծայուած հեղինակութեանց մէջ: 

Վեհափառը չէ՛ մեռած, անոր անունին հմայքը պիտի յաւերժանայ. եւ ի՞նչ կասկած թէ իր սիրելի ժողովուրդը իբր երախտագիտութեան եւ հիացման արդիւնք շուտով տպագրուած պիտի չունենայ իր ձեռքերուն մէջ ուսումնասիրական բոլոր գործերը Մեծ Մարդուն։ («Երիտասարդ Հայուհի», ամսագիր, Է. տարի, թիւ 2, փետրուար, 1954, էջ 5-8): 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2026