ՄԱՀ՝ ԹԱԼԻՆ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասուի եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան սիրուած դէմքերէն Թալին Տանձիկեան, որ երկար ատենէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ ու կը ծառայէր անկողնոյ։ Թալին Տանձիկեանի կորուստը համայնքային շրջանակներէն ներս յառաջացուցած է մեծ ցաւ՝ նկատի ունենալով, որ ան իր ընկերային շրջանակի անսահման սէրն ու համակրանքը կը վայելէր։ Հանգուցեալը քոյրն է մեր պաշտօնակից «Ակօս» շաբթաթերթի հրատարակութեան տնօրէն, մեր սիրելի գործակից Եդուարդ Տանձիկեանի։

Այս առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Թալին Տանձիկեանի բարի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր ամբողջ ընտանիքին՝ մանաւանդ մեր սիրելի բարեկամ Եդուարդ-Էպրու Տանձիկեան ամոլին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2026