Ս. ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ՝ ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին, Ս. Աւետարանիչներու յիշատակութեան տօնին առթիւ, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեցաւ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Տ. Զօհրապ աւ. քհնյ. Ճիվանեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան եւ քահանայ հայրեր։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Սայաթ-Նովա» սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գլխաւորեց նաեւ աշխարհիկ հաւաքոյթը։ Նառլըգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները, որոնք փութացած էին զանազան թաղերէ։

Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները եզրափակուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2026