ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ «3+3» ՀԱՐԹԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հեռանկարային կը համարուի Իրանի հետ համագործակցութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափերով խորհրդատուական հարթակի աշխատանքը յառաջ մղելու ողղութեամբ:
Երէկ, Սերկէյ Լաւրով այցելեց Թեհրան, ուր բանակցութիւններ վարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ: Բանակցութիւններէն վերջ նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ Արաղչիին տեղեկացուցած է Ուքրայնայի շուրջ այժմու իրավիճակը: Լաւրով դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հակամարտութեան հարցին մէջ: Իր խօսքով՝ Հիւրմիւզի ջրանցքի պարագային հարկաւոր է վերադառնալ այն իրավիճակին, որ գոյութիւն ունէր մինչեւ առկայ տագնապը:
Իր կարգին, Ապպաս Արաղչի արդիւնաւէտ գնահատեց Լաւրովի հետ բանակցութիւնները: «Այսօր մենք շատ արդիւնաւէտ հանդիպում մը ունեցանք: Իրանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները ռազմավարական բնոյթ կը կրեն: Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան մասին պայմանագրի իրականացումը մեր յարաբերութիւնները նոր մակարդակի մը բարձրացուցած են», ըսաւ ան:
Արաղչի աւելցուց, որ Մոսկուա եւ Թեհրան մշտական խորհրդակցութիւններ կ՚իրականացնեն քաղաքական զանազան հարցերու շուրջ՝ ներառեալ Պարսից ծոցի, Կովկասի, Ուքրայնայի եւ Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու զանազան երեսակները: Ան աւելցուց, որ Իրան եւ Ռուսաստան նաեւ համակարծիք են, թէ Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ խնդիրները ռազմական ճանապարհով լուծում չեն կրնար ունենալ:
Թեհրանի մէջ Լաւրով ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ։