«ՅԱՆԿԱՐԾ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄՈՒԱՄՄԷՐ-ՔԱՐԱՃԱ ԹԱՏՐՈՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
«Յանկարծ» թատերախումբը Իսթանպուլի մշակութային կեանքէն ներս հետզհետէ կ՚ամրապնդէ իր դիրքը՝ մանաւանդ, որ վերջին տարիներուն յարատեւ վերելք կ՚արձանագրէ։ Երէկ երեկոյեան, «Յանկարծ» թատերախումբը հանդէս եկաւ՝ Մուամմէր-Քարաճա թատրոնի գլխաւոր բեմին վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս թատրոնը Իսթանպուլի ընկերամշակութային կեանքէն ներս ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն։ Խոր պատմութիւն մը կը խորհրդանշէ Մուամմէր-Քարաճա թատրոնը, որ 14 տարիէ ի վեր ակամայ ընդհատած էր իր գործունէութիւնը։ Այս երկար ժամանակաշրջանէն վերջ, յուրախութիւն թատերասէրներուն՝ այս թատրոնը վերսկսաւ իր գործունէութեան՝ թատրոնի տօնախմբութեան մը ձեւաչափին մէջ։ Մուամմէր-Քարաճա թատրոնի փառատօնը այս օրերուն արդէն կը մագնիսացնէ գեղարուեստասէր շրջանակներուն ուշադրութիւնը։
Երէկ, երեկոյեան, «Յանկարծ» թատերախումբը այս փառատօնի շրջանակներէն ներս ներկայացուց իր «52 HERTZ» խաղը։ Իսկապէս խանդավառ երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին «Յանկարծ»ի դերակատարները արժանացան բուռն ծափահարութիւններու։
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան արձանագրուած փայլուն յաջողութենէն վերջ, այսօր ալ «Յանկարծ»ի անդամները այս փառատօնի շրջանակներէն ներս թատերական համալիրի ցուցադրասրահի երդիքին տակ հրաւիրուած են ասուլիսի մը։
Բաց աստի, կը տեղեկանանք, որ «Յանկարծ»ի 2027 թուականի ծրագիրն ալ հետզհետէ կը ձեւաւորուի։ Կը նախատեսուի, որ յաջորդ տարուայ առաջին կէսին թատերախումբը ո՛չ միայն համայնքային, այլ լայն հասարակութեան բեմերուն վրայ ալ ներկայացնէ իր «52 HERTZ» խաղը։