ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ օր մըն էր: 

Համբիկը իր մայրիկէն արտօնութիւն առնելէ ետք շտապեց հասնիլ թաղի այգին, ուր ընկերներով ժամադրուած էին խաղալու համար: Երբ այգի հասաւ, միայն Վիգէնը գտաւ այնտեղ: 

Վիգէնն ու Համբիկը փոքր տարիքէն իրարու ընկերներ դարձած էին եւ հիմա, երբ արդէն տասներեք տարեկան էին, այդ ընկերութիւնը ա՛լ աւելի կը խորանար: Զիրար ողջունելով սկսան իրարու հետ զրուցել, մինչեւ կամաց կամաց իրենց միւս ընկերներն ալ եկան: 

Երբ արդէն խումբը ամբողջացած էր, սկսան ոտնագնդակ խաղալ: Հաճոյքով ու ուրախ տրամադրութեամբ կը խաղային բոլորն ալ, մինչեւ այն պահը, երբ Վիգէնին հարուածած գնդակը սխալմամբ դպաւ Համբիկի գլուխին: Համբիկ, որ հարուածը ետեւէն ստացած էր, ետեւ դառնալով գիտցաւ, թէ գնդակը հարուածողը Վիգէնն է եւ յանկարծ պոռթկումով սկսաւ պոռալ. 

-Ի՞նչ ունիս ինծի հետ, ինչո՞ւ այդպէս հարուածեցիր: 

Վիգէն ապշելով Համբիկի պահուածքէն, դեռ բերանը չբացած Համբիկ շարունակեց. 

-Ի՛նչ է, խաղա՞լ ալ չես գիտեր: Եկած ենք խաղալու եւ ո՛չ թէ զիրար վիրաւորելու: Այս ի՞նչ էր, որ ըրիր: 

Վիգէն ա՛լ աւելի ապշեցաւ: Չէ՞ որ դիտմամբ չէր հարուածած իր ընկերոջ եւ խաղի ընթացքին նման դէպքեր յաճախ կը պատահին: Ինչո՞ւ Համբիկ այսքան վրդոված էր ու կը պոռար բարկութեամբ… Կ՚ուզէր խօսիլ, երբ Համբիկ դարձալ բարկացկոտ ու բարձր ձայնով մը, ըսաւ իրեն. 

-Այլեւս վե՛րջ, դուն եւ ես ընկերներ չենք: Չհամարձակիս ասկէ ետք զիս ընկեր կոչել ու ինծի հետ խօսիլ: 

Եւ Համբիկ այգիէն դուրս գալով, հեռացաւ: 

Բոլորը զարմացած էին պատահածէն: Առաջին անգամը չէր, որ միասին կը խաղային: Առաջին անգամը չէր, որ նման դէպքեր պատահած էին: Ինչո՞ւ համար Համբիկը այսքան բարկացած էր: Ո՛չ ոք կրցաւ հասկնալ: Յարութը եւ Յովիկը անմիջապէս շտապեցին Համբիկին ետեւէն, որպէսզի հանգստացնեն զինք, մինչ միւս տղաքը կը փորձէին հանգստացնել Վիգէնը, որ պարզապէս շշմած էր: 

Յաջորդող օրերուն դպրոցէն ներս Համբիկը չարութեամբ լեցուած չէր պատասխանած Վիգէնի բարեւներուն: Ան նոյնիսկ չէր ուզած լսել Յարութին ու Յովիկին՝ պատճառաբանելով, թէ Վիգէն դիտմամբ հարուածած էր գլուխին: Վիգէնին եւ միւս ընկերներուն վրայ այս դէպքը շատ ծանր ազդած էր եւ չէին կրնար հասկնալ պատճառը Համբիկի այս պահուածքին: Դասարանի աղջիկներն ալ փորձած էին միջամտել եւ փորձել համոզել Համբիկը, թէ պատահածը դիտմամբ չէր, այլ խաղի ընթացքին միշտ ալ այդպիսի դէպքեր կը պատահին, բայց ապարդիւն: Համբիկ անդրդուելի մնացած էր: 

Այդ դէպքին յաջորդող շաբաթ օրը, Համբիկն ու Վիգէնը բացակայած էին խաղի իրենց ժամադրութենէն: Միւս ընկերներն ալ տեսնելով, թէ անոնք չեն գար, իրենք ալ չէին խաղացած եւ իրենց տուները վերադարձած էին:

Դէպքէն շուրջ տասն օրեր ետք, օր մը երեկոյեան Վիգէնին հօրեղբայրը իր ընտանիքին հետ ընթրիքի եկած էին իրենց: Ընթրիքէն ետք, մեծերը իրարու հետ կը զրուցէին, իսկ փոքրերն ալ կը խաղային ու կը զրուցէին: Պարգեւը, Համբիկին մեծ հօրեղբօրորդին, անկէ խնդրեց, որ քիչ մը դուրս ելլեն տան բակը ու զրուցեն: 

Պարգեւը, որ Համբիկին նոյն դպրոցը կը յաճախէր եւ իրմէ երկու տարեկան մեծ էր, սկսաւ խօսիլ.

-Համբի՛կ, ի՞նչ պատահած է քու եւ Վիգէնին միջեւ։

-Այդ տղուն անունը մի՛ տար, խնդրեմ։ Անոր մասին խօսիլ չեմ ուզեր։

-Ես պարզապէս կ՚ուզեմ գիտնալ, թէ ի՛նչ պատահած է ձեր միջեւ։

Համբիկ, տակաւին բարկացած, պատմեց, թէ ինչպէս Վիգէնը խաղի ընթացքին գնդակով հարուածած էր իր գլուխին եւ ինք համոզուած էր, որ այդ հարուածը դիտմամբ եղած էր։

-Բայց ինչո՞ւ կը կարծես, թէ դիտմամբ ըրած է։ Ոտնագնդակի խաղերու ընթացքին նման դէպքեր յաճախ կը պատահին։

-Որովհետեւ ան ինծի կը նախանձի։ Անցեալները մէկը ինծի ըսաւ, թէ Վիգէնը մասիս չարախօսած է եւ կը նախանձի ինծի։ Որոշած էի խաղէն ետք խօսիլ իրեն հետ, բայց երբ գնդակով հարուածեց ինծի, հասկցայ, որ ըսուածները ճիշդ էին։

Պարգեւ պահ մը լռեց, ապա ըսաւ.

-Համբի՛կ, չեմ գիտեր՝ Վիգէն իրապէս քու մասիդ այդպիսի բաներ ըսա՞ծ է, թէ ոչ, բայց դուն սխալ վարուած ես։ Փոխանակ անոր հետ խօսելու եւ լսածդ ստուգելու, խաղի ընթացքին պատահած դէպքը իբրեւ ապացոյց ընդունած ես եւ տարիներու ձեր ընկերութիւնը վտանգած։

-Իսկ ի՞նչ պէտք էր ընէի։ 

-Պարզապէս մօտենայիր Վիգէնին եւ հարցնէիր, թէ ճի՞շդ են արդեօք քու լսածներդ։ Ան կրնար պատասխանել կամ չպատասխանել, բայց դուն պարտաւոր էիր առիթ տալ իրեն, որպէսզի խօսի։ Չես կրնար ուրիշի մը ըսածին հիման վրայ դատել մանկութենէ ի վեր քեզի ընկեր եղող անձ մը։ 

Համբիկ չպատասխանեց։ Թէեւ այդ պահուն ամբողջովին համոզուած չէր Պարգեւին ըսածներուն, սակայն, անոր խօսքերը մտահոգեցին զինք։ Այդ գիշեր երկար ժամանակ չկրցաւ քնանալ։ Անընդհատ կը մտածէր Պարգեւին ըսածներուն եւ Վիգէնին հետ իր ունեցած ընկերութեան մասին։ Կամաց կամաց կը սկսէր հասկնալ, որ թերեւս սխալած էր՝ առանց ճշմարտութիւնը գիտնալու իր ընկերոջ մեղադրելով։

Յաջորդ առաւօտ Համբիկ իր մայրիկէն խնդրեց, որպէսզի Վիգէնի մայրիկին տեղեկացնէ, թէ դասերէն ետք իրենք պիտի ուշանան տուն վերադառնալու, որովհետեւ որոշած են քալելով տուն վերադառնալ: 

Դասապահերու վերջին զանգը տալէն ետք, Համբիկ, որ մինչ այդ ո՛չ Վիգէնին բարիլոյսին պատասխանած էր եւ ո՛չ ալ անոր նայած էր իսկ, մօտենալով Վիգէնին ըսաւ անոր, թէ խօսելիք ունի իր հետ, քալելով տուն վերադառնանք: Տեղեկացուց անոր նաեւ, թէ ինք առաւօտեան խնդրած էր իր մայրիկէն, որ Վիգէնի մօր տեղեկացնէ, թէ քիչ մը պիտի ուշանան տուն հասնելու: 

Վիգէն, որ ամբողջ այս ընթացքին ամէն օր բարեւած էր Համբիկին եւ փորձած էր անոր հետ խօսիլ, հակառակ վերջինիս կոշտ վերաբերմունքին, լռելեայն համաձայնեցաւ: 

Տուն վերադարձի ճամբուն վրայ սկիզբը երկուքն ալ լուռ էին: Համբիկն էր, որ սկսաւ խօսիլ, նոյն կոշտութեամբ. 

-Վիգէ՛ն, դուն ինծի ըսելիք չունի՞ս: 

-Ի՞նչ ըսելիք: 

-Դուն ինձմէ լաւ գիտես:

-Ես ոչինչ գիտեմ: 

-Լաւ: Հարցում մը պիտի հարցնեմ, անկեղծ պատասխան կ՚ուզեմ, որ տաս: 

-Հարցո՛ւր: 

-Դուն կը նախանձի՞ս ինծի: 

-Բայց ինչո՞ւ պիտի նախանձիմ: Չէ՞ որ ընկերներ ենք: Ընկերները կը նախանձի՞ն իրարու, թէ իրարու համար կ՚ուրախանան եւ զիրար կը քաջալերեն թէ՛ յաջողութեան եւ թէ՛ ձախողութեան ընթացքին: 

-Չեմ գիտեր, բայց ես լսեցի, թէ դուն կը նախանձիս ինծի: 

-Համբի՛կ, չեմ գիտեր որմէ ի՞նչ լսած ես կամ ո՞վ ի՛նչ խօսած է քեզի իմ մասին, բայց համոզուած եղիր, որ ես ո՛չ կը նախանձիմ քեզի եւ ո՛չ ալ քեզմէ ծածուկ բան ըրած եմ կամ ըսած եմ քու մասիդ: Եթէ ընելիք կամ ըսելիք որեւէ մէկ բան ունենամ, ուղղակիօրէն կու գամ ու քեզի կ՚ըսեմ, ինչո՞ւ երթամ ուրիշներուն… 

-Վստա՞հ ես Վիգէն:

-Այո՛, վստահ եմ: Եթէ չե՛ս հաւատար, եկուր այլեւս դադրեցնենք մեր ընկերութիւնը: 

-Չէ՛, Վիգէն, այդպէս չէ, պարզապէս Ա… 

-Անուն մի՛ ըսեր, չեմ ուզեր լսել: 

-Բայց այդպէս չըլլար:

-Կ՚ըլլայ, Համբիկ, կ՚ըլլայ, ընկերները պէտք է իրարու վստահին եւ թոյլ չտան, որ կողմնակի անձեր խաթարեն իրենց ընկերութիւնը: Կը յիշես, անցեալ տարի դէպք մը պատահած էր եւ ես եկայ քեզի հարցում մը հարցուցի… Գրեթէ նոյնպիսի վիճակ մըն էր, բայց ես անմիջապէս եկայ քու մօտդ եւ քեզմէ լսելէ ետք՝ առանց քեզի զգացնելու այդ էջը գոցեցի, որովհետեւ կը վստահիմ քեզի: Եւ իրաւունք ալ ունէի վստահելու: 

-Վիգէ՛ն, ընկերս, ներողութիւն, որ անցնող այս օրերուն նեղութիւն պատճառեցի քեզի եւ վիրաւորեցի քեզ իմ պահուածքովս: Սխալ վարուեցայ, պէտք էր մօտենայի քեզի, խօսէինք իրարու հետ եւ այս տհաճութեան առիթ չտայի: Ճի՛շդ ես, ընկերները պէտք է վստահին իրարու եւ թոյլ չտան, որ իրենց ընկերութիւնը ըսի ըսաւներու պատճառով խաթար-ւի: Դարձեալ ներողութիւն: 

-Ներելու ո՛չինչ կայ, Համբիկ, որովհետեւ ընկերներու միջեւ այսպիսի բաներ կը պատահին: Կարեւորը մեր մէջ պէտք չէ պահենք եւ իրարու հետ խօսինք, որպէսզի աւելի բարդ խնդիրներու մէջ չյայտնուինք: 

Վիգէնի խօսքերը թեթեւցուցին Համբիկին սիրտը։ Ան հասկցած էր, թէ իր կասկածամտութեամբ եւ կոշտ պահուածքով անարդար եղած էր իր մանկութեան ընկերոջ հանդէպ։ Այժմ, երբ երկուքն ալ անկեղծօրէն խօսած էին իրարու հետ, Համբիկ հանգստացած էր։ Անոնք դարձեալ սկսան զրուցել եւ քիչ ետք իրենց դէմքերուն վրայ վերադարձած էր նախկին ժպիտը։ Ուրախ զրոյցով շարունակեցին իրենց ճամբան՝ համոզուած, որ իրարու վստահիլն ու խնդիրները անկեղծօրէն քննարկելը իրենց ընկերութիւնը պիտի պահպանէր։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026