ՄՈՒՄՊԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար հանդիպում մը ունեցան Մումպայի մէջ, ուր քննարկեցին ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան հեռանկարները:

Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Մարքօ Ռուպիօ եւ Սուպրահմանիամ Ճայշանքար քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հարցեր՝ ներառեալ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները: Ռուպիօ վստահութիւն յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի հետ ուժանիւթի առեւտուրի ընդլայնումը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Հնդկաստանի մատակարարման շղթաներու տեսակաւորման ուղղութեամբ՝ միեւնոյն ժամանակ բաւարարելով անոր զգալի պահանջը:

Մարքօ Ռուպիոյի Հնդկաստան այցելութիւնը յաջորդեց՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ այդ երկրի դէմ ներմուծման մաքսատուրքերու սահմանումը յետաձգելու որոշումէն քանի մը օր վերջ: 

Հնդկաստանի արեւմուտքի Մումպայ եւ Ճամնակար քաղաքներ երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Մարքօ Ռուպիօ կը հանդիպի կառավարութեան եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026