ՍԻՊԻԼ - ԲՈՐԲ ՍԻՐՏԸ ԿՆՈՋ
21 հոկտեմբերին, արեւմտահայ քերթողութեան ռահվիրաներէն, կնոջ զգացումներով ու անոր իրաւունքներով բաբախուն բանաստեղծ սիրտի ամենէն կարկառուն ներկայացուցիչներէն՝ Սիպիլի (Զապէլ Խանճեան՝ աղջկութեան մականունով, ապա 1881-ին փաստաբան Կարապետ Տօնէլեանի հետ առաջին ամուսնութեամբ՝ Զապէլ Տօնէլեան, 1901-ին ալ գրագէտ Հրանդ Ասատուրի հետ երկրորդ ամուսնութեամբ՝ Զապէլ Ասատուր, Պոլիս, Սկիւտար, 21 հոկտեմբեր 1863 - Պոլիս, 19 յուլիս 1934) ծննդեան օրը, կը զուգադիպի Թարգմանչաց տօնական օրերուն, երբ սփիւռքի տարածքին հայկական վարժարաններու մէջ կրթական կեանքը դեռ կը խայտայ հայոց գիրերու գիւտին փառքը փառաբանող արտասանութիւններով, սրտի խօսքերով, եկեղեցիներու մէջ հնչող բոմբիւնաբարձ աղօթքներով:
Հայ գրականութեան պատմութիւնը Գրականութեան Ոսկեդար որակումով հանդէս կու գայ այն ժամանակաշրջանի մասին, որուն լուսաճակատ այրերը՝ Ե. դարուն, հիւսեցին իմացական հզօրագոյն սարսուռները մեր ցեղին՝ գեղապաշտ մտածման ու զգացման լայն ընդգրկումներով: Տասնեւհինգ մրրիկեան դարեր ետք, մեր արդի պատմութեան շրջանին՝ 19-րդ դարու կէսէն, այսինքն անցումէն ետք գրաբարեաններու ճակատն ու ռոմանթիքներու (հայր Ղեւոնդ Ալիշան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Թովմաս Թէրզեան, Մատթէոս Մամուրեան եւ ուրիշներ) ժամանակները, աշխարհաբարի տարածման ջատագովներու հոյլը սկսաւ տակաւ կազմաւորուիլ ու ամրապնդել տեղը իրապաշտներու դէմքերուն, որոնք 20-րդ դարասկիզբին հանդէս պիտի գային որպէս գեղապաշտ ու արուեստագէտ սերունդի գրական դէմքեր:
Հոգեմտաւոր բարձրարուեստ ճաշակներու այս հոյլին եւ ընդհանուր այս թանձր գեղեցկութեան մէջ պիտի գտնել Սիպիլը, որուն գրական անունը կը նշանակէ՝ հին աշխարհի մարգարէուհի: Իգական սեռի իւրայատուկ, կնոջ սիրտի զգայուն ու նրբին թրթռումները դրսեւորող գորովագութ հոգի մ՚ապաքէն, որ քնարերգակ բանաստեղծուհիի ու քնքուշ վիպերգողի տաղանդով օժտուած, ան յատկանշուեցաւ կանաց իրաւունքներու պաշտպանի անտեղիտալի ջերմեռանդութեամբ, կրթադաստիարակչական գործին փարումով ու անոր հանդէպ սնուցող խոր հաւատքով:
Սկիզբը՝ նախ գրաբարեաններու ճակատի պաշտպան, աւելի ուշ՝ ինչպէս ըսուեցաւ՝աշխարհաբար լեզուի ջերմեռանդ ջատագովներէն ու անոր տարածման ախոյեաններէն մին, Սիպիլի սիրտն ու հոգին յետագային համաձուլուեցան իր անդրանիկ «Ցոլքեր» (25 դեկտեմբեր 1902) քերթողագիրքին մէջ, հանդէս գալով «Հայ լեզուին», «Կապոյտ աղջիկը», «Գերագոյն նուէրը», «Հերոսը», «Աչքերդ», «Ինչո՞ւ», «Արցունքներ», «Ճշմարտութեան ծարաւ», «Անցնելու մօտ», «Մենաստանին կոյսը» եւ այլ բանաստեղծական գոհար տաղերով: Կնոջ կենսաթրթիռ զգացմանց ու յուզումնախառն ապրումներու նրբահիւս թոյրերով պճնուած եւ յարդարուն, ուրեք-ուրեք Դուրեանի թախծերանգներով թռչկտուն վերոյիշեալ քերթողագիրքը ունի պատմելու, մարդկային նկարագիր ստեղծելու, կանացի առաքինութիւններ լոյսի բարիքին բերելու եւ զանոնք վերլուծելու յաջողուածքը՝ Սիպիլեան հոգիէ եկած ու կնոջ արժանապատուութեան վրայ դողացող աննահանջ ոգիով մը:
Սիպիլ տպուիլ սկսած է 1874-էն, 11 տարեկանէն, Ճեմարանի մէջ աշակերտական գրասեղաններէն, երբ Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթը նոյն թուականին տպեց անոր «Պանդուխտն անմխիթար» քերթուածը: Հինգ տարի ետք՝ 1879-ին, ան պատրաստեց «Գործնական բառարան արդի աշխարհաբարի» դասագիրքը, որ տասնամեակներ ետք իր ամուսնոյն՝ Հրանդ Ասատուրի հետ համատեղ աշխատանքով ու բարեփոխուած բովանդակութեամբ մը պիտի կոչուէր «Թանգարան հատընտիր հատուածներու»: Նոյն տարին, այսինքն՝ Ճեմարանը աւարտելէ տարի մը առաջ, Սիպիլ հիմնեց արեւմտահայ իրականութեան մէջ առաջին լուրջ ձեռնարկութիւնն եղող «Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութիւն»ը, որ աւելի քան երկու տասնամեակ կրթադաստիարակչական գործունէութեան իբրեւ խորհրդանիշ, հիմը դրաւ դպրոցաշինութեան ոգիի, հանդիսացաւ հայ աշակերտներու միտքի ու հոգիի վառարան, բանաստեղծուհիի՛ն իսկ բառերով՝ «թշուառ ու զրկեալ քոյրերը ազատելու տգիտութեան խաւարէն եւ զանոնք արժանի դարձնելու իրա՛ւ հայուհիի կոչումի»: Յետագային, բանաստեղծուհին, հոգեկան ի՜նչ ապրումով պիտի գրէր իր «Իմ առաջին հրատարակութիւնս» կամ «Առաջին վիշտս» արձակ գրութիւնը, հրատարակութեան յանձնելով «Աղջկան մը սիրտը» (1891) վէպը՝ Օրդ. Ալիս ծածկանունով: Պոլսահայ կեանքի բարքերն ու պատկերները, սիրարկածները, բուռն սէրերէ յետոյ եկած պատրանքներն ու կենցաղային հոգեվիճակներ յօրինող սոյն վիպերգը կը ցոլացնէ իր սերունդին տագնապանքը, կնոջ հարցերն ու դերը, որոնց մէջ անխառն ներշնչանքով կը պսպղայ ամբողջ էութիւնը Սիպիլի:
Հայուհեաց իրաւունքներու լուսաշաւիղ առաքելութեան առաջին ռահորդը՝ Սրբուհի Վահանեան-Տիւսաբ, գրաբարի հետեւորդներէն ու արեւմտահայ Ռոմանթիզմի վերջին ցոլանքներէն մին, որ թէեւ չունեցաւ Սիպիլի ներուժն ու զանգուածներուն ընկալչութեան հասնելու համբաւը, վերջինը սակայն զմայլահար հոգի մը Տիւսաբի գրականութեան հանդէպ՝ գրեց. «Տիկին Տիւսաբ, իտէալ կին մը, իտէալին հետապնդած է միշտ, ինք իր պատկերը որոշելով ամէն կողմ, պարտաճանաչ, ճշմարտապէս ընտանեսէր կինը, անձնուէր, գորովալից մայրը եւ իր համայնքին մտաւորական օգտին համար տքնող գրագիտուհին»: Աւելի վերջ, Գրիգոր Զօհրապն էր, որ ի միջի այլոց պիտի գրէր այս անգամ Սիպիլի մասին. «…Իր վէպերը քերթուածներ են: «Աղջկան մը սիրտը» անբիծ տատրակի մը սիրտն է: Այս քերթողին ու վիպասանին գիրկընդխառնումը գեղեցիկ մազերու մէջ զետեղուած՝ ծաղկի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէ վրաս: Իր շեշտը անկեղծութեան շեշտն է. իր հոգին թանգարան մըն է, ուր գլուխ-գործոցներ մուտք ունին միայն եւ որոնց հետ կ՚ապրի օրն ի բուն…: Այն երիտասարդ կինը, որ Սիպիլ կը ստորագրէ, իր անհատական կեանքովը պարծանքն է իր սեռին եւ մեծ տաղանդովը՝ մեր բոլոր գրականութեան»:
1898-ին, Գրիգոր Զօհրապի եւ Հրանդ Ասատուրի (որուն հետ 1901-ին կնքեց իր երկրորդ ամուսնութիւնը) հետ Սիպիլ մաս կը կազմէ «Մասիս» շաբաթաթերթի վերահրատարակման աշխատանքին, աշխատակցելով նաեւ ժամանակի միւս հանդէսներուն: «Աղջկան մը սիրտը»ի եւ 1902-ին ալ «Ցոլքեր» քերթողագիրքի հրատարակութիւններէն ետք, Սիպիլ իր ամուսնոյն հետ կը նախաձեռնէ՝ ինչէս նշեցինք՝ «Թանգարան հատընտիր հատուածներու» ընթերցարաններու շարքի հրատարակութեան, տասնամեակներ ծառայելով հայ աշակերտներու գիտելիքներու զարգացման: Շուրջ երկու տասնամեակ ետք՝ 1926-ին, ան լոյս կ՚ընծայէ իր «կարապի երգը» եղող «Կնոջ հոգիներ» խորագրեալ պատմուածքներու շարքը:
Սիպիլ փորձեց թատրերգութեան սեռն ալ: Այս կալուածէն ներս իրմէ ունինք «Հարսը» եւ «Մագնիս» թատերախաղերը, ինչպէս նաեւ թարգմանական արժէքաւոր էջեր ֆրանսական գրականութենէ՝ Վիքթոր Հիւկոյէն, Փօլ Վերլէնէն, Հանրի Քազալիէն, Շարլ Պօտլէրէն, Էտուար Կռընիէէն, Շարլ Ռենոյէն, Լըքոնթ տը Լիլէն, Ալֆրէտ տը Վինէիէն ու այլ գրողներէ:
Բայց, ամէն բանէ առաջ ու գերիվեր՝ բանաստե՛ղծ է Սիպիլ: Իրա՛ւ բանաստեղծ: Իր փունջ մը անմար քերթուածներուն շարքին, անգերազանցելի է «Հայ լեզուին» խորագրեալ 11 տուննոց բանաստեղծութիւնը, որմէ միայն 3 տուն կու տանք այստեղ.-
Դո՛ւն առաջին վանկ շրթունքիս, առաջին վանկ իմ հոգւոյս,
Նախկին հնչիւն իմ մանկական լեզուիս հեզ,
Որով լացի ու երգեցի միշտ յուզումներս, իղձս ու յոյս,
Իմ մայրենի քաղցրի՛կ բարբառ, ողջո՜յն քեզ:
Դուն Մեսրոպին ու Սահակին շունչին թրթռումը ոսկի,
Որ հայրենի յուշերն անդուլ կ՚եղերգես.
Իր պաշտելի աւանդութեանց, նշխարներուն սուրբ ըսկիհ,
Ո՜վ աննման չքնաղ լեզու, բուրվա՛ռ քեզ:
Թող որ ես ալ, մեր հայրերու յետին զաւակը թշուառ,
Սուրբ տաճարիդ ոտքը բերեմ ողջակէզ.
Միշտ տառապած, երբեք շիջած սիրտէս կայծ մը խանդավառ
Հոգւով պաշտեմ ու քընարովս օրհնեմ քեզ:
Յիրաւի, Սիպիլ կամ Զապէլ Ասատուր, հաւատարիմ մեր պապերու արեան կանչին, կը հանդիսանայ առաջին ճարտարապետներէն աշխարհաբար լեզուի եւ ռահվիրաներէն մին արեւմտահայ գրականութեան կազմաւորման, որ մասնաւորապէս Զապէլ Եսայեանի հետ կը կազմէ մշտնջենաւորող փառքը կանանց հոգիներու, կանանց սրտի բորբ բաբախումները գեղարուեստական գոհարներու վերածող երկնառաք տաղանդաւոր գրագիտուհին իր ժամանակներու:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ