ԱՐԱԲԻ ՄԸ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ

Հայրենիք վերադառնալուս պէս, օդակայանէն ներս սեւցաւը (cholera) ընդունեց զիս, իսկ տունը՝ կինս: Անմիջապէս կնոջմէս ու դրացիներէս՝ որոնք ողջունելու եկած էին զիս՝ մուճակներով եւ հողաթափերով, սկսան հարցումներ տեղալ վրաս.

-Խօսէ՛ մեզի արկածախնդրութիւններուդ մասին սեռայնութեան, ազատութեան եւ մշուշի երկրէն ներս: Եւորպայի Սոֆարէն եւ Ատլանտեանի Պըհամտունէն ներս…, ինչպէս նաեւ Լոնտոնէն ներս: 

Ինծի համար դիւրին էր պատասխանել անոնց հարցումներուն՝ այնպէս, ինչպէս սովորաբար կը պատասխանէր արտասահման ճամբորդած իւրաքանչիւր շփացած արաբ գրող մը։ Այսքան ինձմով տարուած կիներ ձգեցի հիւրանոցներու աստիճաններուն վրայ, այսքան բռնաբարուած անչափահասներ հոգեբուժարաններուն եւ հիւանդանոցներուն մէջ: Այսքան հաւնողներ՝ արու թէ էգ օդակայանի փոխադրակառքերուն վրայ՝ յանկարծակի ճամբորդութեանս պատճառով: Սակայն, չեմ կրնար բացի անկեղծ ըլլալէ մահուան նման թէ՛ հայրենիքին եւ թէ աքսորին մէջ: 

Այնտեղ կեցութեանս ամբողջ ընթացքին, ընկերութիւն չե՛մ մշակած: Հաւնողներ չե՛մ ունեցած, ո՛չ ալ կիներու հետ խօսած եմ՝ բացի ճաշարաններու եւ գարեջրատուներու կիներուն հետ, ձեռքով նշան ընելով անոնց ի՛նչ կ՚ուզեմ եւ ինչ չեմ ուզեր: Վերադարձայ հագուստներու պայուսակով մը եւ երեք պայուսակ հեկեկանք: 

1) Ոեւէ մէկ արաբ, որ առաջին անգամ կ՚այցելէ Եւրոպա, անպայմանօրէն անմիջապէս պէտք է համեմատական մը կատարէ կեանքի երեւոյթներու մասին արաբական աշխարհին եւ իր այցելած երկրի մասին, յակտապէս այն բաներուն, որոնք առնչութիւն ունին անձին ապահովութեան եւ անձնական ազատութեան մասին: Օրինակ՝ Լոնտոնի մէջ, քաղաքացին կրնայ հսկուած ըլլայ ապակեայ կացարանի մը մէջ եղած ճուտիկի մը նման, սակայն, երբեք չի՛ զգար այդ բանը: Իւրաքանչիւր ոք, որ Անգլիոյ հողերուն վրայ կը կանգնի, ինքզինք փաստելու մարմաջը կը զգայ ուրիշի մը… Այդ պատճառով, կրնայ ըլլալ, որ մէկը ծնի ու մեռնի, առանց որ ոեւէ մէկը կանգնեցնէ զինք ու իր անձնաթուղթին մասին հարցնէ: Իսկ արաբական աշխարհէն ներս, եթէ քաղաքացին նպարավաճառի մօտ իջնելու կարիք ունենայ՝ օճառ մը կամ մէկ քիլօ աղ գնելու համար, կամ եթէ փափաքի իր դրացիներուն մօտ գիշերը անցընել, որոնք երկրորդ յարկը կը բնակին, ապա «զգուշութեան» համար պէտք է անցագիրը, անձնաթուղթը, զինուորական տետրակը, ընտանեկան տետրակը, ինչպէս նաեւ նպարավաճառին տետրակը՝ որմէ պարտքով ապրանք կ՚առնէ իր թաղէն, որպէսզի կարենայ փաստել իր ինքնութիւնն ու արաբացիութիւնը: 

2) Այցելողը միայն անգլիական բարձի մը վրայ քնանայ եւ դիմաւորէ առաջին անգլիական առաւօտը, որով անմիջապէս կը գիտակցի, թէ կարգն ու կանոնը ուրիշ է, որ քաղաքացիներուն երակներուն մէջէն կ՚անցնի: Օրինակ՝ մէկը որոշ ժամի մը կը քնանայ եւ որոշ ժամի մը կ՚արթննայ: Որոշ ժամի մը կ՚ուտէ եւ որոշ ժամի մը կը մարսէ իր կերածը, այնքան որ երբ մահը կ՚այցելէ իրեն, հանգիստ կ՚ըլլայ, թէ ան որոշ ժամի մը պիտի մեռնի եւ Պիկ Պէնի ժամանակացոյցով: 

Ուրիշներուն նկատմամբ ունեցած զգացումները իր անձրեւանոցին նման են, չի՛ բանար զանոնք՝ բացի անհրաժեշտութեան պարագային: Այդ պատճառով, կ՚անտեսէ քեզ, հոգն ալ չ՚ըլլար, եթէ մոլորած օտարական մըն ես, որ հիւրանոցի մը, թատրոնի մը, կամ հիւանդանոցի մը հասցէն կը փնտռէ: Իր հոգը չէ նաեւ քու անքունութիւնդ, ծանր վիճակդ կամ հիւանդութիւնդ. սակայն, երբ հարցնես անոր խաղարանի «քազինօ»ի մը մասին, ապա նոյնիսկ Չարլզ Տիքընզն ալ իր գերեզմանէն դուրս կու գայ, որպէսզի առաջնորդէ քեզ եւ ցոյց տայ քեզի կտրօնին տեղը այնտեղ, մանաւանդ, եթէ գիտնայ, թէ արաբ ես եւ գեղեցկութեան ու դրամի երկրէն եկած ես: 

3) Անգլիական խաղարանի «քազինօ»ներ երթալու համար կան յատուկ օրէնքներ ու կանոններ, որոնց մասին Շէյքըսփիրն իսկ չի՛ քննարկեր զանոնք՝ անոնց կտրականութեան եւ ճշդութեան համար՝ մանաւանդ այն, ինչ որ սակարկութիւններու չափին կը վերաբերի, ինչպէս նաեւ վիզի փողկապին: Այս բոլորը արաբ յաճախորդներուն չի՛ վերաբերիր, որովհետեւ երբ գիշեր մը «քազինօ» մը գացի հետազօտելու եւ իմանալու ինչ կայ չկայ, առանց փողկապի ընդունեցին զիս, նոյնիսկ պիտի արտօնէին ինծի ներս մտնել առանց կօշիկներու եւ գուլպաներու, պարզապէս որովհետեւ արաբ մըն եմ եւ այն երկրէն, որու անունը կը հնչէ անոնց յիշողութեան ու գրպաններուն մէջ: 

Խաղասրահը իր յաճախորդներով լեցուն էր, որու մէջ իւրայատուկ էր արաբական բոլոր առոգանութիւնները, այնքան որ կարծէք Արաբական գագաթաժողովին մէկ մասնաճիւղը ըլլար: Տարօրինակ էր, որովհետեւ խաղասրահին տնօրէնն ու կտրօններ բաժնողը շատ կը նմանէր Մահմուտ Ռիատին: Ընտիր ծխախոտի ամպի անտառ մը կար օդին մէջ… Իսկ կանաչ սեղաններուն վրայ ուրիշ անտառ մը զուիցերական ժամացոյցներու, ամերիկաեան հագուստներու, սկովտական ուիսքիի, իտակալան նախաուտեստներու, իսկ արաբական դրամները հազարներով ու միլիոններով լեցուած էին այնտեղ, որու առջեւէն երբ անհետանային անոնք, անիմջապէս նորերը կու գային տեղ գրաւելու այնտեղ: Եւ երբ իմ դրամապանակիս ու գրպաններուս մէջ բացի լաւ անունէն եւ արաբական ազնիւ արժէքներէն բացի ուրիշ բան չունէի, ապա հեռուն կանգնած կը դիտէի եւ ուշադրութեամբ կը հետեւէի խաղացողներու դէմքերուն, մատներուն եւ աչքերուն. ինչպէս նաեւ ոսկեայ ժամացոյցերուն, ոսկեայ մատանիներուն, ոսկեայ կոճակներուն, ոսկեայ կրակահաններուն՝ մանաւանդ նշանաւոր «Տիւփոն» կրակահաններուն, զոր յատկապէս կը յարգեմ: Ծոցի երկիրներէն խաղացող մը «Տիւփոն» մակնիշի կրակահան մը ունէր, «Տիւփոն» մակնիշի փողկապ մը կը կրէր, ինչպէս նաեւ իր առջեւ կար «Տիւփոն» մակնիշի բանալիներու կրիչ մը, նոյնիսկ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ այս մադրուն պեխերն ու ակռաներն ալ «Տիւփոն» մակնիշի են: 

Տարբեր քաղաքացիութեան արաբ յաճախորդներուն մեծամասնութիւնը հարիւրներով ու հազարներով կը պարտուէին բոլոր խաղերուն մէջ եւ տարբեր սեղաններու վրայ, բացի նաւթի մեծահարուստներէն, որոնք բոլոր խաղերուն եւ բոլոր սեղաններուն վրայ կը յաղթէին, որովհետեւ միայն թիւ 6-ին վրայ խաղադրոյթ կը կատարէին: Սովորական թիւ մըն է՝ ինչպէս միւս թիւերը «ռուլեթ» խաղին մէջ եւ ո՛չ ոքի ուշադրութիւնը կը գրաւէր: Իսկ իմ պարագայիս, ապա գրաւեց իմ ուշադրութիւնս, վիզս ու պատմութիւնս: Անմիջապէս յիշեցի (6 նոյեմբերը): Այդ պատճառով ալ բախտի գնդակին մէջ՝ որ «ռուլեթ»ի սկաւառակին մէջ կը դառնար թիւէ մը ուրիշ թիւի մը, նոյեմբերի նահատակներու գանկէն բացի ուրիշ բան չէի տեսներ. Ղասան Քանաֆանիին գանկը, կամ Քեմալ Նասէրին գանկը, որ կը դառնայ ու կը դառնայ խաղացողներու աչքերուն առջեւ, որպէսզի վերջաւորութեան հանգստանայ յաղթող թիւին վրայ՝ նաւթի մեծահարուստներուն առջեւ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026