ԽՈՐՔԷՆ ԱՒԵԼԻ ՑՈՒՑԱՓԵՂԿՆ Է ԿԱՐԵՒՈՐԸ
Մարդ արարածն ու անասունը տարբերող հիմնական կէտերէն մէկն ալ հետեւեալն է. անասունը որպէս վերջնական նպատակակէտ կ՚ունենայ իր գոյութիւնը ապահովել։ Ո՛չ մէկ աւելորդաբանութիւն, սակայն, մարդու պարագան տարբեր է։ Մարդ արարածը չի բաւարարուիր ապրելով, այլեւ կ՚ուզէ երեւիլ, ճանչցուիլ, գնահատուիլ՝ ինչ որ մերօրեայ յատուկ մոլուցք ու հիւանդութիւն չէ։ Այս հիւանդութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը: Այս հիւանդութեան հիմնական ախտանիշը այն է, որ մարդ միշտ կ՚ուզէ ինքզինք տեսնել ուրիշի աչքով։ Կ՚ուզենք հասկնալ ու տեսնել, թէ ուրիշներ ինչ կարծիք ունին մեր մասին եւ ժամանակ մը ետք կը նկատենք, որ կ՚ապրինք պարզապէս այդ կարծիքը սնուցանելու համար: Սակայն, քանի որ ներքին արժէքները մարդոց համար այնքան տեսանելի չեն՝ մանաւանդ անոնց համար, որոնք անձը մօտէն չեն ճանչնար, ապա մարդ կը սկսի կարեւորել արտաքինը, որովհետեւ այն, ինչ որ տեսանելի է՝ աւելի դիւրահաս է: Արտաքինը աւելի կը կարեւորենք, որովհետեւ ներքինը, խորքը ճանչնալը շատ աւելի ժամանակ կը պահանջէ, մինչ արտաքինը որակելը շատ աւելի արագ, շատ աւելի դիւրին ըլլալ կը թուի:
Վտանգուած կը նկատենք հասարակութիւն մը, որ կը սկսի առաջնորդուիլ եւ մարդիկ պիտակաւորել կրածով եւ ո՛չ եղածով։ Վտանգուած կը նկատենք, երբ մարդկային ճշմարիտ արժէքները մարդէն դուրս գալով առարկայի տեսք կը սկսին ստանալ: Այս երեւոյթը աւելի հասկնալի դարձնելու համար յիշատակեմ վերջերս տեղի ունեցած խօսակցութիւն մը։ Հանրակառքին մէջ անծանօթ մը սկսաւ խօսիլ «iPhone»ի վերջին նորութիւններուն մասին, իսկ ես յայտնեցի, թէ մինչեւ օրս երբեւէ «iPhone» գործած չեմ, որովհետեւ նախընտրած եմ «Android»ը գործածել։ Երբ այս ըսի, անձը հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Իմ պարագային «iPhone» գործածելը ներքին մակարդակի հարց է։ Կը հասկնամ, որ դուք «iPhone» չէք սիրեր գործածել»։ Անշուշտ, չպատասխանեցի, որովհետեւ նման մտածողութեան տէր անձերու հետ խօսիլն ու վիճիլը պարզապէս ժամանակի կորուստ է: Ի դէպ վստահ ենք, որ այս անձը միակը չէ, որ ունի նման մտածում։ Այսօր շա՜տ են այն անձերը, որոնք «iPhone»ը, կամ պարզ առարկայ մը կը փորձեն մակարդակի եւ չափանիշի վերածել: Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ իւրաքանչիւր մարդու համար «մակարդակ» հասկացողութիւնը ունի տարբեր նշանակութիւն։ Եթէ մարդ մակարդակ ըսելով հոգեկան ու մտային հասունութիւնը, բարոյական կեցուածքը, վարքն ու բարքը, ապա վստահաբար «iPhone»ն ու միւս առարկաները բաւարար պիտի չըլլան չափորոշիչ դառնալու, որովհետեւ առարկան հասարակութեան մէջ միայն մէկ բան կրնայ ցոյց տալ. մարդու գնելու կարողութիւնը, որ կապ ունի նիւթական կարողութեան եւ ո՛չ ներքին արժէքներուն հետ եւ այս պարագային աշխարհի ամենէն անարժանապատիւ մարդը եւս կրնայ «iPhone»ով հրապարակ դուրս գալ եւ այդ մէկը անոր ներքին արժէքներուն վրայ դրական ո՛չ մէկ բան կրնան աւելցնել: Ի դէպ, նման մարդիկ եւս պէտք չէ մեղադրել, որովհետեւ այդ համոզումի կազմաւորման մէջ մեղք ունի գրեթէ ամբողջ մարդկութիւնը, որովհետեւ այսօր անձի մը մասին կարծիք յայտնելու մէջ շատ մեծ դեր ու տեղ ունին այդ արտաքին երեւոյթները. հեռաձայն, ինքնաշարժ, ժամացոյց եւ նման թանկարժէք առարկաներ չես գիտեր ինչպէս մարդոց որոշ «վստահութիւն» կը ներշնչեն։ Իրականութեան մէջ այդ բոլորը վստահութիւն չեն ներշնչեր, պարզապէս մարդուն որոշ «ապահովութիւն» մը կու տան, որովհետեւ անձի մը նիւթական կարողութեան լաւ ըլլալը շատ անգամ «անվնաս» ըլլալու հետ կը շփոթուի։ Մարդը նիւթապէս հարուստ է, ապա խաբելու պատճառ մը չունի։ Սոկրատ մեր թուականէն հազարամեակներ առաջ ըսած է խօսք մը. «Ինչքա՜ն բաներ կան՝ որոնց կարիքը չունիմ»։ Վերոյիշեալ համոզումով է, որ մերօրեայ մարդուն գնել կու տայ շատ մը առարկաներ՝ որոնց կարիքը իրականութեան մէջ չունի:
Այսօր անձ մը կրնայ նոյնիսկ իր շունին «iPhone» նուիրել, եթէ մակարդակի ցուցանիշ է՝ ապա պիտի ընդունինք, որ շո՞ւնը եւս ունի բարձր մակարդակ՝ ի տարբերութիւն այլ շուներու: Կ՚ուզենք, որ մէկ բան յստակ ըլլայ. աշխարհի ամենէն մեծ իմաստունները, մտաւորականները ընդհանրապէս ունեցած են ոչ-լաւ արտաքին։ Պահ մը բացէ՛ք եւ աչքէ անցուցէք Պարոյր Սեւակի նկարները, ձեր աչքին դիմաց ունեցէք Երուանդ Օտեանը եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ, այդտեղ պիտի գտնէք պարզութիւն։ Այո, այդ թուականներուն «iPhone» գոյութիւն չունէր, սակայն, ցուցադրութեան համար այլ երեւոյթներ բազմաթի՜ւ էին։ Անոնք բոլորը հեռու այդ ցուցադրական աշխարհէն ունէին արժէք, որովհետեւ անոնց արժէքը ո՛չ թէ երեւոյթին, այլ խորքին մէջ էր:
Ի դէպ, պէտք է ընդունինք, որ այս հիւանդ մտածումը նոր չէ։ Աստուածաշունչի Սամուէլի Ա. գիրքին մէջ կայ նման խօսք մը. «Մարդ երեւոյթին կը նայի, իսկ Տէրը սրտին» (Սամուէլի Ա. 16:7). Հազարամեակներ ետք նոյնն է պարագան. մարդը կը շարունակէ նայիլ երեւոյթին:
Կը հաւատանք, որ իրապէս իմաստուն եւ ներքին արժէքներով հարուստ մարդը արտաքին երեւոյթին այնքան ալ արժէք չի տար։ Տեսած ենք բազմաթի՜ւ անձեր, որոնք իրենց քիչ գիտցածով «իմաստուն» երեւելու փորձեր կը կատարեն։ Իսկ անդին տեսած ենք իմաստուններ՝ որոնք նախընտրած են այդ բոլորը լռութեամբ ունկնդրել, որովհետեւ ճշմարիտ իմաստունը ուրիշին բան մը փաստելու կարիքը չունի:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Տեղդ ճանչցի՛ր. վերը մի՛ նստիր, որ հետզհետէ վար չիջնես, վարը նստէ՝ որ վեր բարձրանաս:
Մէջ մի՛ իյնար ուրիշին խօսակցութեանը, եւ երբ քեզի հետ խօսին՝ տասը լսէ՛, մէկ պատասխան տուր:
Մինչեւ քեզմէ բան մը չուզեն, մէջ չիյնաս ու չտաս:
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան