ԲԱՌ, ԴՐՈՒԱԳ, ԳՈՅՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Մուրատեան: Բօթը շատ լայն արձագանգ ստեղծած է՝ մանաւանդ, որ Դաւիթ Մուրատեան տասնամեակներէ ի վեր անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր հայկական մշակոյթին: Գրող, շարժանկարագէտ, թատերագիր ու բեմագիր Դաւիթ Մուրատեանի մահուան կապակցութեամբ ցաւակցական մը հրապարակուած է Հայաստանի Շարժանկարի գործիչներու միութեան կողմէ: «Շատ ցաւալի լուր. մահացաւ Դաւիթ Մուրատեան: Կը ցաւակցինք ընտանիքին, հարազատներուն, մտերիմներուն», նշուած է ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած ցաւակցական գրառման մէջ:
Միութիւնը տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային կը նախատեսուէր կազմակերպել Դաւիթ Մուրատեանի համար ստեղծագործական երեկոյթ մը՝ «Բառ, դրուագ, գոյն» խորագրով: Ափսոս, ան կարելիութիւն չունեցաւ այդ ստեղծագործական երեկոյթը վայելելու: «Ան իսկապէս բառի, դրուագի եւ գոյնի մարդ էր», նշուած է հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
Դաւիթ Մուրատեան ծնած էր 1951 թուականին: 1973 թուականին աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական ֆաքիւլթէն: Հեղինակած էր բազմաթիւ յօդուածներ, գիրքեր եւ թատերգութիւններ:
Զանազան տարիներ աշխատած էր «Հայ ֆիլմ»ին: Եղած էր Հայաստանի Գրողներու միութեան փոխ-նախագահ, 2008-2010 թուականներուն եղած էր Հայաստանի մշակոյթի փոխ-նախարար: Դասաւանդած էր Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանէն ներս: 1993 թուականէն սկսեալ մինչեւ իր մահը Երեւանի Թատրոնի եւ շարժանկարի պետական կաճառի շարժանկարագիտութեան, բեմագրական դասընթացքներու ղեկավարն էր: Ան դասաւանդած էր Երեւանի Թատրոնի եւ շարժանկարի պետական կաճառէն ներս եւ եղած էր Հայկական ազգային շարժանկարի ակադեմիոյ նախագահը:
2011 թուականին Դաւիթ Մուրատեան արժանացած էր Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչման, իսկ 2006 թուականին իրեն շնորհուած էր «Ոսկէ գրիչ» մրցանակը: