ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։ 22 հոկտեմբեր 1991 թուականին ընտրուած Պարթոլոմէոս Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակը նշուեցաւ ճիշդ նախորդող երեկոյեան։ Սա շատ յատկանշական հաւաքոյթ մըն էր, որուն մասնակցեցան քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը գահակալութեան 35 տարիներուն մեծ ջանք գործադրած է ուղղափառ աշխարհի միասնականութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Ան հետամուտ եղած է նաեւ քրիստոնէական աշխարհի եւ զանազան կրօններու երկխօսութեան զարգացման, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան խրախուսման։ Ի լրումն այս բոլորին, Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը միշտ զգայնութեամբ հանդէս եկած է բնապահպանական նիւթերու շուրջ, ինչ որ մարդկութեան հասարակաց պատասխանատուութիւնը կը նկատէ։

Յոբելեանին առթիւ պատրաստուած գրքոյկին մէջ ալ յստակօրէն ընդգծուած են այս բոլորը, նաեւ դիտել տրուած է, որ յոբելեար պատրիարքը յոյն համայնքի կրթական հաստատութիւններու, լեզուի եւ մշակութային աւանդութիւններու կենսունակութիւնը միշտ պահած է իր հովանիին տակ։

Երէկուան յոբելենական ընթրիքին ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն շնորհաւորեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը, որուն հետ ողջագուրուեցաւ եղբայրաբար։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները փոխանակեցին արեւշատութեան բարեմաղթանքներ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2026