ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՍԿԻԶԲ Կ՚ԱՌՆԷ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա եւ Գանատա ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարեցին, որ ռազմավարական գործընկերութեան կը սկսին։

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս մէկտեղուեցան երկու ղեկավարները, որոնք արժեւորեցին Անգարա-Օթթաուա առանցքի համագործակցութեան հեռանկարները։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Թուրքիա-Գանատա ռազմավարական գործընկերութիւնը կ՚ընդգրկէ եռամեայ գործողութիւններու ծրագիր մը՝ նախատեսելով համագործակցութեան ընդլայնում առեւտուրի, ուժանիւթի եւ պաշտպանութեան ոլորտներէն ներս։

Այս եռամեայ ծրագիրը կ՚ընդգրկէ համագործակցութեան չորս բնագաւառ։ Այսպէս, կողմերը մտադիր են աշխատիլ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ընդլայնել առեւտուրն ու ներդրումները՝ ներառեալ ուժանիւթի, պաշտպանական արդիւնաբերութեան, օդատիեզերական ոլորտի եւ արհեստական բանականութեան բնագաւառներէն ներս։

Ուժանիւթի ոլորտի պարագային երկու երկիրները համաձայնած են ընդլայնել համագործակցութիւնը հեղուկ բնական կազի, միջուկային ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման եւ վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու, ինչպէս նաեւ կարեւորագոյն հանքանիւթերու կայուն արդիւնահանման եւ մատակարարման շղթաներու շուրջ։

Պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Թուրքիա եւ Գանատա մտադիր են ամրապնդել իրենց ներգրաւուածութիւնը ՆԱԹՕ-ի շրջանակներէն ներս, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը՝ ուղղեալ Եւրոատլանտեան տարածաշրջանէն ներս եւ անկէ դուրս խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման նպատակով։ Սա կ՚ընդգրկէ նաեւ Ուքրայնայի, Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ մասնաւորապէս Կազզէի հատուածի իրադարձութիւնները։ Կողմերը նաեւ ողջունեցին պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս գործընկերութեան վերաբերեալ յուշագրի ստորագրումը։

Բաց աստի, Անգարայի եւ Օթթաուայի միջեւ պայմանաւորուածութիւն գոյացաւ տարեկան ռազմավարական երկխօսութիւն կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Մինչ այդ, կողմերը պիտի շարունակեն ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւնները եւ համագործակցութիւնը հակաահաբեկչական հարցերու շուրջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2026