ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Կիպրոսի երբեմնի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտուհիներէն, յայտնի համայնքային գործիչ Շնորհիկ Ալթունը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Հարկ է նշել, որ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը այս տարի թեւակոխած պիտի ըլլար իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ արդէն միջոցէ մը ի վեր շարժման անցած են քաղաքիս սաները, որոնց անունով Շնորհիկ Ալթուն երէկ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Այսպէս, ի նշանաւորումն սոյն յատկանշական յոբելեանին՝ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին համերգը։ Սա խորհրդանշական նախաձեռնութիւն մըն է՝ քանի երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանն ալ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան նախկին սաներէն է։ Բացի այս համերգէն, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ մը, որուն պիտի յաջորդէ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենան արարողութիւնները, որոնց ժամանակ պիտի ոգեկոչուին երբեմնի վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրները՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրները։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին, Շնորհիկ Ալթուն պոլսահայ նախկին սաներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան կողմէ այս յոբելեանին նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ դրուատեց դպրոցի նախկին շրջանաւարտներու նախանձախնդրութիւնը եւ մանաւանդ՝ հիմնադիրներու յիշատակին նկատմամբ երախտագիտական զգացումները։

Հարկ է նշել, որ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը տասնամեակներ շարունակ եղած է սփիւռքէ ներս մարդուժի պատրաստութեան հիմնական խարիսխներէն մին։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէր այս դպրոցը, որու կրթական գործունէութիւնը դադրեցաւ 2000-ական թուականներու սկիզբին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2026