ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իտալիայէն՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Նափոլիի թեմի հոգեւորականները։ Խումբի անդամները ուխտաւորաբար կ՚այցելեն Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց հիւրերուն՝ գոհունակութեամբ խօսելով Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններուն մասին։ Ան կանգ առաւ նաեւ հայ եւ իտալացի ժողովուրդներու պատմական առնչութիւններուն վրայ։
Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նկատմամբ Նափոլիի մէջ դրսեւորուող առանձնայատուկ ակնածանքին եւ սուրբի մասունքներու պահպանութեան։ Այս առնչութեամբ ան յիշատակեց 2000 թուականին, Ս. Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապի կողմէ Հայոց Եկեղեցւոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքներուն ընծայաբերումը, ինչպէս նաեւ սուրբի մասունքներու վերազետեղման առթիւ 2015 թուականին դէպի Նափոլի իր այցելութիւնը։
Զրոյցի տեւողութեան կարեւորուեցան հոգեւոր սպասաւորներու փոխադարձ այցելութիւններն ու փորձառութեան փոխանակումները՝ ի նպաստ եղբայրական կապերու ամրապնդման եւ երկու եկեղեցիներու առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման։
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ընդունելութեան համար։ Անոնք նշեցին, որ Հայոց Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններուն եւ հոգեւոր ժառանգութեան հաղորդ դառնալու ցանկութիւնը զիրենք առաջնորդած է Հայաստան եւ բաժնեցին սրբավայրերէն իրենց տպաւորութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը հանդիպման տեւողութեան պատասխանեց նաեւ ուխտաւոր կաթոլիկ հոգեւորականներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան, հոգեւորականներու պատրաստութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեխնամ առաքելութեան, խորհուրդներուն ու ծիսական կեանքին։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը հոգեւորականներուն մաղթեց Տիրոջ զօրակցութիւնը՝ անոնց ծառայութեան մէջ։