ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՄԲԱԳՐՈՒԻ

Մարդ արարածը միշտ ալ հաւատացած է (եւ կամ փորձած է հաւատալ) այն կարծիքին, թէ «սխալիլը մարդկային է»։ Այս պարզ խօսքը իր մէջ ունի թէ՛ դրական եւ թէ բացասական որոշ կողմեր։ Դրական կողմը այն է, որ այս հաստատումով մարդ իր սխալական ըլլալը կ՚ընդունի։ Մարդ արարած կը սիրէ ինքզինք «անսխալական» կարծել ու ներկայացնել, որովհետեւ մեր մտքին մէջ սխալիլը կը շփոթենք տկարութեան ու պարտութեան հետ: Մարդ իր սխալական ըլլալը յաճախ կը մերժէ, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ խախտել ինքնավստահութիւնը եւ կամ կրնայ տկարացնել ուրիշներու աչքին ունեցած իր հեղինակութիւնը եւ հետեւաբար, ճշմարտութեան փոխարէն կը սկսի փնտռել պատճառաբանութիւններ։ Հետեւաբար, սխալական ըլլալը ընդունիլը ինքնին դրական երեւոյթ մըն է, սակայն, այս երեւոյթը կրնայ մարդը առաջնորդել բացասական այլ երեւոյթի մը։ «Սխալիլը մարդկային է», ըսելով մարդ կրնայ այս համոզումը շահագործել եւ նախապէս իր արարքները արդարացնելով՝ գիտակից սխալներու առիթ տալ: Այս համոզումը մարդը կրնայ առաջնորդել պատասխանատուութենէ խուսափելու եւ պատճառ դառնալ, որ մարդ անդադար նոյն սխալը կրկնէ՝ այդ մէկը որպէս իր բնութեան անբաժան մէկ մասը ներկայացնելով: 

Սխալիլը մարդկային է, սակայն, մարդ գիտակցելով, կ՚ուզէ միշտ արդարանալ եւ իր սխալներուն համար ամբաստանեալ մը գտնել։ Այդ իսկ պատճառով շատ անգամ մարդոց յիշողութիւնն ու անցեալը եւս որոշ «խմբագրութեան» կ՚արժանանայ։ Մարդ կը խմբագրէ իր անցեալը, որպէսզի իր «ճիշդ» ըլլալը աւելիով ամրապնդուի։ Իբր այդ, նոյն դէպքին մասին երկու տարբեր անձեր երկու տարբեր բացատրութիւններ ու մանրամասնութիւններ կրնան ներկայացնել։ Մին կրնայ աւելցնել մանրամասնութիւն մը՝ որ իր ճիշդ ըլլալը կ՚ընդգծէ, իսկ ուրիշ մը կրնայ պակսեցնել մանրամասնութիւն մը՝ որ կրնայ զինք որոշ չափով աւելի մեղաւոր դարձնել: Օրինակի համար, երկու անձեր ունեցած են վէճ մը։ Առաջինը՝ պատմած ժամանակ կը սկսի հետեւեալ մեղադրանքով. «Ձայնը բարձրացուց»։ Երկրորդը՝ նոյն դէպքը պատմած ժամանակ կը սկսի հետեւեալով. «Ծաղրական արտայայտութիւն մը ունեցաւ»։ Պարզ ու «մանկական» թուացող այս տողերով մարդ կը փորձէ արդարանալ ու իր ճիշդ ըլլալը ընդգծել։ Առաջինը իրաւացի է՝ որովհետեւ նախ երկրորդը իր ձայնը բարձրացուց, իսկ երկրորդը, իր կարգին, արդարացի է՝ որովհետեւ առաջինը զինք ծաղրեց։ Երկուքն ալ իրականութեան մէջ կը յիշեն այն՝ ինչ որ միտքը արտադրած է: 

Կար որոշ ժամանակ, որ հոգեբանութիւնը կը հաւատար, թէ մարդու միտքը յիշողութեան արխիւ մըն է. դարակ մը, ուրկէ դուրս պէտք է բերել յիշողութիւնը՝ որպէս պատահած ու վերջացած իրողութիւն։ Սակայն, ժամանակ մը ետք հոգեբանութիւնը յանգեցաւ այն համոզումին, որ մարդ իր յիշողութիւնը պատմած ժամանակ կը կրճատէ, կը փոխէ եւ նոյնիսկ կը լրացնէ եւ կը յօրինէ։ Անշուշտ, այդ խմբագրուած յիշողութիւնը մարդուն մէջ կը տպաւորուի։ Օրինակի համար, նոյն պատմութիւնը քսան անգամ պատմելէ եւ ամէն անգամ տարբեր մանրամասնութիւն մը աւելցնելէ ետք, մարդուն միտքին մէջ յիշողութիւնը կը տպաւորուի նոր տարբերակով՝ հակառակ անոր, որ անոր ենթագիտակցութեան մէջ ճշմարիտ յիշողութիւնը կը մնայ այնպէս, ինչպէս որ է։ Մարդ արարած իր մէջ չի կրնար պահել զիրար հակասող երկու երեւոյթներ. օրինակի համար, չի կրնար համոզուիլ, որ ինք թէ՛ բարի մարդ եւ թէ միաժամանակ ուրիշներու իրաւունքը խլած ու զանոնք վիրաւորած անհատ մըն է։ Ինք միաժամանակ թէ՛ բարի եւ թէ չար չի կրնար ըլլալ։ Այդ իսկ պատճառով, այդ «չար» արարքները եւս կ՚ունենան իրենց ենթահողը, պատմութիւնն ու պատճառաբանութիւնը։ Եթէ մարդ ճշմարտութիւնը եղածին պէս պատմէ, այդ պարագային յիշողութիւնը կը դառնայ դատաւոր, սակայն, եթէ պատմէ այնպէս՝ ինչպէս իր շահերը կը ներեն, ապա կը դառնայ փաստաբան՝ որ կը պաշտպանէ իր «ամբաստանեալ»ի կարգավիճակը: 

Այս բոլորը հասկնալի դարձնելու համար խօսինք օրինակներով։ Կը ճանչնանք ընտանիք մը, որ տարօրինակ ձեւով խտրութիւն դրած է իր զաւակներուն միջեւ։ Անոնցմէ մին թագաւորական հանգիստ վայելած ժամանակ՝ միւսը ապրած է թշուառ ու անմարդկային պայմաններու մէջ։ Ծնողքը՝ հայրն ու մայրը, երեւակայութենէ դուրս խտրութեամբ դաստիարակած են իրենց զաւակները եւ իրենք իրենց հարուստ հանգիստին մէջ ապրած ժամանակ՝ իրենց միւս զաւակը եղած է հէգ ու ողորմելի վիճակի մէջ։ Տան հօր մահանալէն ետք մայրը միշտ կը խուսափի այդ դէպքերը յիշելէ, իսկ յիշելու անհրաժեշտութեան պարագային որպէս մեղաւոր կը մատնանշէ իր ամուսինը՝ հայրը, որ արդէն իսկ մահացած է։ Այդ մայրը կրնայ դէպքերու այլ տարբերակներ ստեղծել՝ պարզապէս արդարացնելու համար իր անցեալի պահուածքը: 

Մարդ արարած իր յաջողութիւնները իր յատկութիւններուն ու կարողութիւններուն, իսկ դժբախտութիւնները հանգամանքներուն կը վերագրէ: Նոյն այս տրամաբանութեան լոյսին տակ բոլորս ալ ունինք մեր կեանքին լաւ ու վատ յիշատակներուն պատմութիւնը. որոշներ այնպէս են՝ ինչպէս որ իրականութեան մէջ կան, սակայն, որոշներ կամայ թէ ակամայ խմբագրուած են, որովհետեւ չունինք քաջութիւնը բարձրաձայնելու մեր կատարած սխալները։ Օրինակի համար, զաւակները խտրութեամբ դաստիարակած ծնողքը երբեք պիտի չընդունի իր խտրութիւն դնելը. երբեք պիտի չկրնայ բարձրաձայնել այն սխալներուն մասին՝ որոնք ի գործ դրուած են իրենց կողմէ։ Սակայն, անոնք պիտի չերկիւղինվ խօսելէ՝ եթէ նոյն սխալը տեսնեն ու նկատեն այլոց մօտ:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Խեղճերու աշխատանքը՝ ուժեղները կը խելն. մարդ կայ կ՚ուտէ՝ առանց աշխատելու, մարդ կայ կ՚աշխատի՝ առանց ուտելու…

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2026