ՄԱՌԻ ԱԹՄԱՃԵԱՆ (1914 - 1999)

Բանաստեղծ, գրական եւ հասարակական գործիչ Մառի Աթմաճեան ծնած է 13 մարտ 1914-ին, Պաֆրա, Տրապիզոնի նահանգ: 

Քոյրն է բանաստեղծ Ա. Սեմայի (Գեղամ Միհրան Աթմաճեան):

Փոքր տարիքին անցած է Պոլիս, ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է Դպրոցասէր Տիկնաց վարժարանին մէջ: Աշակերտած է Արշակ Չօպանեանին: 

1922-ին, անցած է Յունաստան, ուր յաճախած է տեղի հայկական նախակրթարանը, զոր աւարտելէ ետք, մէկ տարի յաճախած է Թեսաղոնիկէի ֆրանսական աղջկանց լիսէն: 

1925-ին, ընտանիքով տեղափոխուած է Հալէպ: 

1928-ին, Հալէպէն ընտանիքով անցած են Եթովպիա, ուր տարի մը մնալէ ետք, տեղափոխուած է Փարիզ, ուր ապրած է մինչեւ իր մահը: 

Փարիզի մէջ հետեւած է Մարգարիտ Պապայեանի երաժշտական եւ Սորպոնի համալսարանի գրականութեան դասընթացքներուն: 

1934-ին, Փարիզի մէջ ամուսնացած է Շարլ Շըվալիէի հետ: 

Զանազան պարբերականներու մէջ լոյս տեսած են անոր բանաստեղծութիւնները. ինչպէս՝ «Ջանք» ամսագիր, իր եղբօր հրատարակած «Մշակոյթ» հանդէսը, «Անահիտ», «Պայքար», «Լուսաղբիւր», «Հայաստանի Կոչնակ», «Բազմավէպ», «Նոր Գիր», «Զուարթնոց», «Երիտասարդ Հայուհի» եւ այլ պարբերականներ։ Ունի նաեւ հրապարակագրային գրութիւններ:  

Ֆրանսահայ Գրողներու միութեան նախագահը եղած է երկար տարիներ: 

Թողած է գրական ժառանգութիւն: Այսպէս. 

«Տեգրեշենտօ» (1939) թատերգութիւն: Այս գիրքին սկիզբը կը կարդանք Աթմաճեանի հետեւեալ տողերը. 

«Մտածումներուս այս առաջին փունջը կը նուիրեմ մեծ մօրս՝ Տիկին Մարիամ Էթմէքճեանի՝ որ ես չեմ ճանչցած: 

Ըսին ինծի իր մասին, թէ մեր գիւղին քաղցրախօս սոխակն էր, գեղեցիկ ու բարի եւ իր ձայնը ունէր սրտերը առինքնելու գաղտնիքը: 

Կը փափաքիմ, որ իր յիշատակը թրթռայ այս գիրքին իւրաքանչիւր էջին վրայ եւ իր ձայնը դեռ շարունակէ արձագանգել մինչեւ իր եօթներորդ սերունդին մէջ: 

Մառի Աթմաճեան-Լը Շըվալիէ 

Փարիզ, 17 փետրուար 1939»: 

«Գողգոթայի շուշաններ» (1948), բանաստեղծութիւններու ժողովածու: Այս հատորին յառաջաբանը գրած է Արշակ Չօպանեան: Կը կարդանք. 

«Քերթուածներու այս շարքը, որ հատորի մը մէջ ամփոփուած հրապարակ կ՚ելլէ, լիալիր կատարելութիւնը եւ զարգացումը կը ներկայացնէ ազնուաշունչ, թարմ ու բազմալար տաղանդի մը, որ քանի մը տարի առաջ յայտնուեցաւ հանդէսներու եւ պարբերաթերթերու մէջ լոյս տեսած իր քերթուածներով եւ որ հազուադէպ արագութեամբ մը ամրացաւ, յղկուեցաւ, ճոխացաւ գեղախոյզ եւ կատարելատենչ կամքի մը մշտատեւ ճիգերուն շնորհիւ: 

… 

Բանաստեղծութեանց քիչ հաւաքածու գիտեմ մեր նորագոյն քերթողներէն հրատարակուած՝ ուր նիւթերու, ներշնչմանց այսքան ճոխութիւն եւ այլազանութիւն երեւան եկած ըլլան՝ որքան Մառի Աթմաճեանի այս հաւաքածուին տողերուն մէջ, եւ քիչ քերթողական հաւաքածու գիտեմ դարձեալ՝ ուր զգացումներն ու մտածումները արտայայտուած ըլլան այսքան անկեղծ, կենդանի ոճով, այսքան գեղեցիկ ու ճշգրիտ աշխարհաբար հայերէնով, այսքան ճարտար, խնամեալ տաղաչափութեամբ՝ որքան ներկայ հատորին քերթուածներուն մեծ մասին մէջ: 

Դէպի Մայր Հայաստան ներգաղթի մեծ շարժման մէջ, որ այս վերջին երկու տարիներու ընթացքին հայրենասիրական տենդով մը բռնկեցուց Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնն ամբողջ, եւ եթէ Աղաւնի եւ Սլիվա Կապուտիկեան երկու պաշտելի սոխակները հանդիսացան եւ հեռաւոր պանդուխտ զաւակներուն իր գիրկը բացող Մայր Հայաստանին կանչը դայլայլեցին, արտասհամանի հայութեան հայրենասիրական զգացմանց թարգմանը եղողներուն, այդ մայրական կոչին սրտառուչ պատասխան տուողներուն գլխաւորը Մառի Աթմաճեանը եղաւ» (էջ 7-9):  

«Աստեղաքաղ» (1951), բանաստեղծութիւններու ժողովածու:

«Յաւիտենական ուղիներ» (1956), բանաստեղծութիւններու ժողովածու: Այս հատորին սկիզը Աթմաճեան կը գրէ.

«ՁՕՆ

Եղբօրս՝ Ա. Սեմայի

(Գեղամ Աթմաճեան)

Հոգիին

Եղբայր իմ,

Դուն որ մտածումի եւ գաղափարական յոյզերու լուսաւոր ուղիներուն ազնուական եւ մաքրամաքուր Ուղեւորը եղար միշտ, քեզի՛ կը ձօնեմ այս քերթուածներու մատեանը, յաւիտենական ուղիներու մէջ քեզ հետ միասին ընթանալու անսահման երազով…: 

18 մայիս 1955»:  

«Գաղթաշխարհի երգեր» (1961), բանաստեղծութիւններու ժողովածու: 

«Ոսկի գեղօն» (1967), բանաստեղծութիւններու ժողովածու:

«Հրեղէն աշտարակ», 1970, բանաստեղծութիւններու ժողովածու: 

«Վերջալոյսէն առաջ» (1974), բանաստեղծութիւններու ժողովածու: 

«Յաւերժական ուղիներով» (1974), բանաստեղծութիւններու ժողովածու:  

Մահացած է 13 յունիս 1999-ին, Ֆրանսա: 

*

Եղիվարդ (Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան) «Սիոն»ի ԽԸ. տարի, 1974-ի 9-12 թիւերուն մէջ գրութիւն մը ունի Մառի Աթմաճեանի մասին: Այնտեղ կը կարդանք. 

* Իր ստեղծագործութեան մէջ քերթողուհին անցած է անշուշտ գրական որոշ յեղաշրջումներէ, երիտասարդական տպաւորութիւններէն մինչեւ հասունութիւնը, սակայն պահած է իր հոգիին բարեխառնութիւնը: Երեսուն տաիներու ընդմէջէն թաւալող այս հատորները կը պահեն զգացումի եւ ոճի հասարակաց նկարագիր մը, որ թերութիւն մը ըլլալէ աւելի բան մըն է, անով յատկանշելու բանաստեղծուհիի սկզբնական բխումը մշտնջենաւորող խանդը, որ իր հոգիի կրակէն կարմրած թելով մը կը լուսաւորէ իր քերթուածները: 

… 

Աթմաճեանի լեզուն անթերի է: Գեղեցիկ լեզու ունենալը գրագէտ ըլլալ չէ անշուշտ. սակայն լեզու մը կազմակերպել եւ զայն գրականութեան մեծարժէք գործիք մը ընելը ինքնին գրական աշխատանք է, մանաւանդ մեր մէջ, ուր դժուար է գրականութիւնը լեզուէն ազատագրել: 

… 

Միւս կողմէն եսակեդրոն բանաստեղծուհիի մը հետն ենք, եթէ գէշ չի հնչեր բառը, որ համայնական ապրումներ երգելու պարագային իսկ կը մեկնի անձնական զգացումներէն: Իր ոգեկոչումներն ու անրջանքը, քաղցր ու թախծալի, անձնական այս շեշտուած լարն է, որ կը հնչեցնեն: Նկուն եւ ռոմանթիք յոռետեսութեամբ կը նայի կեանքին: Բանաստեղծուհիին սիրտը ճանչցած է կեանքին դառնութիւնը եւ բնականաբար երազանքին կ՚երթայ: Ապրած է պահեր, խորունկ սարսուռներով, ու յետոյ, ամայի հոգիով, կը փնտռէ զանոնք եւ կը լեցուի անցեալով, ուր լացող դէմքեր կան պաշտելի եւ սփոփարար: 

Հետաքրքրական ուրիշ յատկանիշ մը Տիկ. Մառի Աթմաճեանի գրականութեան մէջ այն՝ որ ո՛չ բնութիւնը, ոչ կեանքը, ոչ ալ բնանկարը կամ սէրը առանձին չեն: Անոնք շատ յաճախ, կը ներակայանան միասին, տիրական ու շեշտուած գիծով մը: Օտարութեան ցաւը եւ մեկնող սիրելիներու կսկիծը խորունկ է իր մէջ: Կեանքի վայելքէն հեռու, անոր խորունկ տենչանքը ունի, նախընտրելով պատրանքը իրականութենէն: Տոհմիկ ապրումներու խուրց մըն է իր հոգին: Հայաստանը իրեն համար տիեզերքի սիրտն է, ապրելու իմաստը, տեւելու կամքը: Մայրենի լեզուն, Հայ Եկեղեցին՝ կարօտի մարմնացումը իր սիրտին: Ան ներկայացուցիչն է կարօտախտէ տառապող իր սերունդին: Ընկերութեան սրտցաւ անդամ մը, որուն հոգին կ՚արիւնի աշխարհի ցաւով: 

… 

Սփիւռքի մեր քերողներէն Բ. Թօփալեան, մեզի պիտի բերէր իր ներքին տրտմութիւնը: Սարաֆեան՝ մերկութիւն, բրտութիւն եւ սինիզմը: Սակայն այս քիչ մը ջղուտ եւ կմախքային կերպարանքները չէին բխեր համայնական խորութենէ մը, ոգիէ մը, ցեղէ մը՝ որ դիւցազներգութիւններու նկարագիրն է, այլ կու գային անձնական մտասեւեռումներէ, կիքերէ, աւելի ճիշդ ինքնատիպ ըլլալու ճիգէն: Մ. Իշխան՝ կարօտի եւ կորսուած գեղեցկութիւններու ձգտումը: Ծառուկեան՝ հաղորդ Վարուժանեան պայծառատեսութեան, տաքութեան, բայց սփիւռքէն մաշած թեւերով եւ խեղդուելու սահմանուած տագնապով մը ձեւի: Վահէ Վահեան՝ խորքի, մտածման, կառուցման լայն շնորհներով: Մառի Աթմաճեան իր մէջ ունի այս բոլորը, քաղցր ու հայեցի ընկալչութեամբ: 

… 

Բանաստեղծը սոխակի կը նմանի, ըսած է պարսիկ մեծ սիրերգակը, որուն սիրտը վարդի փուշէն խոցուելէ վերջ կ՚արձակէ իր սիրոյ եւ վշտի եղերական աւիշը: Մառի Աթմաճեանին սիրտ արիւնող սլաքը իր բանաստեղծ եղբօր մահն է, որուն առթած վէրքէն գիտցած է յօրինել իր երգը, որ իր խոր թրթռացումներով կը յուզէ մեզ, մոռցնել տալու չափ արուեստի պայմանադրական պահանջները (էջ 372-375): 

* 

Ներակայցնենք քանի մը բանաստեղծութիւններ Մառի Աթմաճեանէն:

ՄՈՌՆԱ՞Լ ՔԵԶ

Մոռնա՞լ քեզ… ինչպէս… ամէն ձայն ու շունչ,

Ամէն արահետ, շշուկ ու մրմունջ,

Գարնան մէջ ծաղկող վարդ ու քերթուած՝

Ձեռքերուս, սիրտիս, միտքիս են յենած…

Մոռնալ քեզ, անգին, մեռնելէս առաջ…։

 

Քեզ մոռնալ՝ թաղել է անցեալս անդարձ,

Խայտանքով, սիրով, տեսիլքով բռնկած…

Եւ ուրանալ է էակն՝ որ էր

Բարութեամբ, գութով, կարեկցութեամբ լի,

Որ անբշիռ էր միշտ աչքերուդ դիմաց

Եւ անմահութեան իղձով վերացած…

 

Եւ ինչպէ՜ս մոռնալ պահերն՝ որ երէկ

Դարձած էին խոհ, մեղեդի, սիրերգ,

Ձգտումն յաւերժին… օ՜, քաղցր յիշատակ…

Քեզ մոռնալ՝ թաղել է կեանքն իմ համակ…։

(«Գեղարդ», Ա. տարի 1975, Հալէպ, Սուրիա)

*

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ 

Քեզ հետ արթընցող, հնչող ձայն, բարբառ,

Լըռեր են, թաղուեր դարերու շուքին.

Դո՛ւն ես, իմ վըճիտ լեզո՛ւ քաղցրալար,

Որ կ՚երգես սիրոյ շեշտով սոխակին,

Նըման ջուրերու լուսաբեր ուժին,

Լեռնային մաքուր հովերու շունչին:

 

Թող լըռե՛ն ընդմիշտ քու թափդ արգիլող

Օձերու սուլոցն, ոճիր ու լուտանք,

Թող թրթռա՜ն յաւէտ Սօսիք այգաշող,

Ծնծղաներ, սաղմոս, Էջմիածնի զանգ…

Հայերէ՛ն լեզու, անմահ ես ինչպէս

Ձայնն ալիքներուն, շանթին փրփրակէզ…:

 

Դարե՜ր կու գան դեռ քու խոր գանձերուն,

Գանձեր կ՚աւելնան երգերուդ ոսկի,

Քեզ կը գգուէ միշտ նոր քերթողի շունչն

Ու կ՚աստուածացնէ հրաշքով Մեսրոպի…

Հայերէ՛ն լեզու, բերդ ես ու կամար,

Ժայռ ես եւ ամրոց, ո՛վ կարծը՛ր մարմար…։

(«Յաւիտենական ուղիներ», Քերթուածներ 1950-1956, Փարիզ, 1956, էջ 14)

*

ԱՂՕԹՔ

Տէ՜ր, խընայէ՛ այս տըղուն սուգի ըստուերն անողոք,

Իր խընդութեան բաժակին չըխառնըւի բընաւ թոյն:

Յոյսի կանանչ պարտէզէն թող ծաղիկներ քաղէ լոկ,

Չըծանրանայ սըրտին վրայ մղձաւանջի դառնութիւն:

 

Երագամոյն իր հոգին քերթուած մընայ դիւթական,

Արեւի պէս թող լայննա՜յ գուրգուրանքն իր ձեռքերուն

Մարդոց վըրայ, իրերուն, ծաղիկներուն հոտեւան,

Նոյնիսկ մընամ եւ անմա՜սն ու կարօտէս տոչորուն…:

 

Իր մեծ ցաւին համար արդ, միա՛յն հատնում ունիմ ես,

Մոռցա՜յ բառերն որոնցմով տառապեցուց զիս այնքան

Եւ որ լացուց ալ երբեմն… սակայն ո՜վ Տէր, խընայե՜ս

Իր աչքերուն արեւշող արցունքի շիթը դաժան։

(«Գողգոթայի շուշաններ», Փարիզ, 1948, էջ 163)

* 

ՀՆՉԵԱԿ՝ ԵՍՄԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ

Սեմա՜… ծաղկած ճիւղ էր անունդ գարնանային,

Լուսացնցուղ բարտի՝ ուր արե՜ւն էր իջած…

Ուր կապոյտը երկնի կը ծաւալէր անդարձ,

Միջոցին մէջ կ՚երգէր ազատ շունչը կեանքին:

 

Ո՜ւր են հիմա կեանքիդ եղանակներն յուռթի,

Ո՜ւր է մորճ հասակիդ սլա՜ցքն ասպետական

Եւ աչքերուդ բարի ժպիտն ազնուական,

Եւ ինչ որ դուն էիր մեծութեամբ քու սրտին…:

 

Հոգւոյդ անտառին մէջ լռըե՜ց շեփոր մը ջինջ,

Ու դիտապաստ ինկաւ արծիւ մը լուսագեղ…

Երգ ու քերթուած մտան օրերուդ հետ ի նինջ…:

 

Ինչպէ՞ս կրցան թոյլ տալ, որ դարէ դար աճին

Եղեռն ու պատերազմ, մարտեր արիւնահեղ…

Դահիճներ շահադէտ՝ մարե՜ն լոյսը կեանքին…

 

Եւ լո՜ւռ մնան մարդիկ, մեղսակցութեամբ ահեղ…:

(«Ջահակիր», ազգային, գրական, ընկերային շաբաթաթերթ, նոր շրջան, թիւ 198, հինգշաբթի 5 հոկտեմբեր 1967, էջ 3)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2026