ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ ԳՐԵԼՈՒ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ պատմուածք գրելու միջվարժարանային փառատօն մը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին: Այս տարուան փառատօնը ձօնուած էր հոգելոյս գրող Երուանդ Կոպէլեանի յիշատակին: Միջվարժարանային այս նախաձեռնութեան նպատակն է խրախուսել համայնքային լիսէներու աշակերտները, որպէսզի ստեղծագործական աշխատանք տանին: 

Այս տարուան պատմուածք գրելու փառատօնին մասնակցեցաւ համայնքային հինգ լիսէներէն տասնհինգ աշակերտ: Բոլոր վարժարաններու ներկայացուցիչները հանդէս եկան երեքական պատմուածքով: 

Ձեռնարկին օրը հիւրընկալ վարժարանի թատերական ակումբի աշակերտներն ալ ներկայացուցին թատերակ մը: Նկատի ունենալով, որ պատմուածք գրելու փառատօնի այս տարուան նիւթն էր «Կորուստ»ը, թատերակի բեմագրութիւնն ալ համապատասխան բովանդակութիւն ունէր: 

Հանդէսին՝ որպէս հիւր մասնակցութիւն բերին Սարէմ Շէշէթեան եւ Տիանա Չիլինկարեան, որոնք երիտասարդ հեղինակներուն հետ զրոյց ունեցան, ինչ որ ամբողջացուց ստեղծագործական աշխատանքին մթնոլորտը: 

Սուրբ Խաչ դպրեվանքէ ներս բոլոր լիսէներու ներկայացուցիչները եւ իրենց ուղեկից կրթական մշակները հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Սերքան Քըյըճըի:

Հարկ է նշել, որ ձեռնարկին որպէս պատուոյ հիւր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանգուցեալ Երուանդ Կոպէլեանի որդին՝ Յակոբ Կոպէլեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2026