ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը:
Սուպրահմանիամ Ճայշանքար, որ Պաքուի մէջ մէկտեղուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ Հնդկաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն: Իր խօսքով՝ Նիու Տելհիի ղեկավարութիւնը կ՚ողջունէ նախորդ տարուայ օգոստոսին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը:
«Կը յուսանք, որ սա կը յանգեցնէ տեւական խաղաղութեան հաստատման: Հնդկաստանի դիրքորոշումը շատ յստակ է. վէճերը պէտք է լուծուին երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցով», յայտարարեց հնդիկ նախարարը:
Սուպրահմանիամ Ճայշանքար Պաքուի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ճէյհուն Պայրամով եւ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ:
Հարկ է նշել, որ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Հայաստան կը ձգտի ռազմարդիւնաբերութեան բնագաւառի եւ զէնք ու զինամթերքի ապահովման ուղղութեամբ տեսակաւորել իր միջազգային համագործակցութիւնը: Այս ամբողջին մէջ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Հնդկաստանի յարաբերութիւնները աննախընթացօրէն խտացած են՝ մասնաւորապէս պաշտպանութեան բնագաւառի կտրուածքով: