ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԸՍՈՂՆ ՈՒ ՉԸՍՈՂԸ

Մարդիկ կը նախընտրեն իրենց վիշտերը, զգացումներն ու յուզումները անձնական՝ լռութեան մէջ ապրիլ, ինչ որ շատ մը մտաւորականներու կողմէ կ՚որակուի որպէս «վտանգաւոր», որովհետեւ շատեր կը հաւատան, որ զգացումներն ու ցաւերը արտայայտելով է, որ մարդ կը հանգստանայ։ Օրինակի համար, յայտնի գրող Շէյքսփիր իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Մարդ պէտք է իր վիշտերուն խօսք տայ, այլապէս այդ վիշտերը սիրտին մէջ այնքան կը փսփսան, որ մարդը կորուստի կ՚առաջնորդեն»: Մարդ պէտք է հասկնայ, որ զգացումները չեն անհետանար՝ մա՛նաւանդ երբ այդ զգացումները իրենց վերջնական անունն ու վիճակը չեն ստացած։ Ուսումնասիրողներ կը պնդեն, որ մարդ իր կեանքի ընթացքին անաւարտ գործերը շատ աւելի կը յիշէ՝ քան աւարտածները. մարդու լուծում չստացած վիշտերն ու ցաւերը եւս նման են անաւարտ գործին: Ապա հոգեբանութեան մէջ գոյութիւն ունի «հակառակ» հոգեբանութիւնը. օրինակի համար, անձի մը կ՚ըսես. «Մի՛ մտածեր ճերմակ ձիուն մասին»։ Մարդուն միտքը ինքնաբերաբար աւելիով կը սկսի մտածել ճերմակ ձիուն մասին՝ քան նախապէս։ Նոյնպէս ալ մարդ ինչքան փորձէ մոռացութեան տալ իր վիշտերն ու ցաւերը՝ այնքան աւելի կը յիշէ զանոնք։ Օրինակի պարագային մարդ ինքն իրեն կ՚ըսէ. «Պիտի չմտածեմ»։ Այս մէկը ըսելէ ետք շատ աւելի ուշադրութեամբ կը սկսի մտածել, որ արդեօք բանի մը մասին կը մտածէ՞, թէ ոչ։ Հետեւաբար, մարդ չի մոռնար, սակայն, զանոնք իր լռութեան մէջ կը պահէ՝ կարծելով, թէ արտաքին աշխարհէն այդ բոլորը պահելը զինք «փրկած» պիտի ըլլայ: Յիշատակներն ու ցաւերը մոռնալ ուզելու պայքարը մարդուն մէջ ներքին պայքար կը ստեղծէ եւ այդ մոռնալու պայքարը՝ ցաւն ու վիշտը, զգացումը շատ աւելի արթուն կը պահեն՝ քան հակառակը: 

Մարդ արարածը մի՛շտ կը փորձէ խուսափիլ խնդիրներէ, սակայն, այդ խնդիրներուն լուծում փնտռելը եւս ցաւը կը զօրացնեն, որովհետեւ անդադար նոյն խնդրին լուծման մասին մտածելը արգելք կը դառնայ վէրքի սպիացումին։ Այդ վիճակը մարդուն մօտ կը ստեղծէ լարուածութիւն, յոգնածութիւն ու գլխացաւ: Կարգ մը մտաւորականներ կ՚առաջարկեն՝ օրական դրութեամբ 15-20 վայրկեան տրամադրել եւ թուղթի վրայ գրել ներքին դժուարութիւններն ու զգացումները։ Բառերը զգացումին կառուցուածք կու տան եւ զգացումը ժամանակի ընթացքին աւելի յստակ ու բացատրելի կը դառնայ։ Այս իրողութեան բացատրութիւնը տանք հետեւեալ ձեւով. կան շատ անձեր, որոնք իրենց սիրոյ մասին բերանացի չեն կրնար արտայայտուիլ, սակայն, ժամանակ կը տրամադրեն ու այդ բոլորը գրաւոր ձեւով կը սկսին բացատրել։ Գրելը մարդուն կու տայ ժամանակ՝ աւելի կեդրոնանալու, աւելի խոր վերլուծելու։ Բերանացի խօսքը անմիջական է եւ տեղ մը «անվերադարձ»։ Այնքան դիւրին չէ սրբագրել բերանացի ըսուածը եւ քանի որ մարդ արարած վախով կը մօտենայ իր զգացումներուն, կ՚ուզէ զանոնք ամենէն կատարեալ ու ճիշդ ձեւով ներկայացնել։ Մարդ իր զգացումները արտայայտած ժամանակ կը տեսնէ դիմացինին դէմքը, արտայայտութիւնները եւ քննադատուելու վախը մարդը հեռու կը պահէ արտայայտուելէ, մինչ գրելու ժամանակ մարդ կը շրջանցէ այդ բոլորը։ Գրելու պարագային մարդ անմիջապէս դիմացինին արձագանգը չի տեսներ եւ այդ մէկը առիթ կու տայ, որպէսզի ան աւելի հարազատ ու անկեղծ ըլլայ իր զգացումներուն հետ: Բաց աստի, պէտք է նկատի ունենալ, որ բարդ զգացումները մարդուն մօտ յուզում կը յառաջացնեն։ Գրելու ժամանակ կարելի է կենալ, մտածել, ամփոփուիլ եւ շարունակել։ Այս մէկը կարելի է կոչել նաեւ ինքնաճանաչման ընթացք։ Մարդ ո՛չ միայն իր զգացումները կը գրէ, այլ զանոնք նոր կը սկսի ճանչնալ ու հասկնալ: 

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մարդիկ իրենց խնդիրներուն մասին խօսելու ժամանակ խորհուրդ տուողէ մը աւելի լսողի կարիքը ունին։ Այլ խօսքով՝ մարդ կարիքն ունի խօսելու եւ արտայայտուելու եւ ո՛չ քննադատուելու։ Շատեր կը կարծեն, որ առանձնութիւնը, լռութիւնը լաւ դարման մըն է ցաւերուն ու վիշտերուն, սակայն, հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ այդ մէկը դրականի փոխարէն բացասական ազդեցութիւն կը գործէ։ Մարդ իր ցաւերուն ու վիշտերուն մասին արտայայտած ժամանակ կ՚ուզէ իր դիմացը տեսնել հանդարտ ու խաղաղ անձնաւորութիւն մը, որովհետեւ ջղայնութիւնը, խիստ պահուածքը զինք աւելի կը կաշկանդէ։ Շատեր կը սկսին «մի՛ մտածեր», «մոռցի՛ր» եւ նման խորհուրդներ տալ։ Իրականութեան մէջ, մարդը այդ խորհուրդներուն կարիքը չունի, որովհետեւ եթէ մոռնալն ու չմտածելը իրապէս այդքան դիւրին ըլլար, ան այդ ցաւերուն մասին խօսելու եւ զանոնք դարձեալ յիշելու կարիքը չէր զգար։ Կը կարծենք գոյութիւն չունի մարդ՝ որ կ՚ուզէ յուզուիլ, նեղուիլ ու ցաւիլ եւ հետեւաբար այդ խորհուրդները մարդուն ո՛չ մէկ բարիք, ո՛չ մէկ դրական ազդեցութիւն կը հաղորդեն: 

Հետեւաբար, օր մը եթէ անձ մը ուզէ մեզի հետ իր խնդիրները բաժնեկցիլ, ապա պէտք է հասկնանք, որ ան կարիքը ունի հետեւեալներուն. 

ա. Անձ մը՝ որ պարզապէս լսէ զինք, շատ անգամ առանց ընդհատելու: 

բ. Անմիջապէս լուծումներ չառաջարկէ։ 

գ. Անձ մը՝ որ իր զգացումները չթերագնահատէ կամ չնուաստացնէ։

Այս երեքէն ամենէն կարեւորը վերջին կէտն է։ Շատ անգամ ուրիշին համար մեծ թուացող խնդիրը մեզի համար «բնական» ու «անիմաստ» կրնայ թուիլ, սակայն, զանոնք «անորակ», «պարապ» ու «անիմաստ» անուանելը պարզապէս դիմացինը վիրաւորելու կը ծառայէ եւ ո՛չ թէ խնդիրները լուծելու։ Պէտք է հասկնանք, որ մեր ու դիմացինին չափանիշները ամբողջութեամբ տարբեր կրնան ըլլալ եւ մեզի համար անիմաստ թուացողը դիմացինին համար մահու կենաց խնդրի չափ կարեւորութիւն կրնայ ներկայացնել:

Այս բոլորին մէջ դարձեալ կը կարեւորենք դաստիարակութեան դերը. իւրաքանչիւր ծնողք թող իր զաւակը կրթէ այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր զաւակները իրենց զգացումները արտայայտելու ժամանակ ամօթի կամ վախի զգացում չունենան։ Լաւապէս գիտնան, թէ ունին այնպիսի ծնողներ՝ որոնք որեւէ խնդրի դիմաց դատաւոր դառնալու փոխարէն՝ պատրաստ են աջակից դառնալ:

•վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Կամակոր համակերպութիւնը ճակատագրին առջեւ, բոլորովին ներհակ է մեր ոգիին:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2026