ՏԱՐԻ ՄԸ ԵՒՍ ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ ՀԵՏ

«Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է, եւ ո՛ւր որ լոյս կայ՝ հոն կա՛յ նաեւ Նախախնամութեան մատը», կ՚ըսէ Վիքթոր Հիւկօ։ Եւ այս խօսքը որքա՜ն շատ կը համաձայնի հայ մամուլին ե՛ւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ դարաւոր վիթխարի մշտադալար ծառին՝ որուն ճիւղերը հասած են մինչեւ մեր օրերը։

Արդարեւ, Աստուծոյ առաջին ստեղծածը՝ իր օրական գործերու մէջ, մարմնի լո՛յսն էր. վերջին գործը եղաւ բանականութեան լոյսը, եւ Իր շաբաթական գործը՝ հոգիի լուսաւորութի՛ւնն է։ Նախ՝ նիւթին կամ վիհին, քաոսին երեսը լոյս փչեց, ապա լոյս շնչեց մարդուն երեսը, եւ տակաւին կը շնչէ եւ կը ներշնչէ լոյս Իր ընտրեալներուն երեսը։ Լոյսը կը փարատէ ամէն խաւար, ամէն մութ եւ ամէն անկերպերան գոյութիւն։

Լուկրէս բանահիւսը կ՚ըսէ. «Բերկրութիւն է ծովեզրը կենալ եւ ալեկոծեալ նաւերը նշմարել, բերկրութիւն է դղեակի մը պատուհանէն վար՝ պատերազմ եւ հոն պատահած արկածները, դժբախտութիւնները տեսնել, բայց չկա՛յ բերկրութիւն մը՝ որ նմանի այն բերկրութեան զոր կը զգայ մարդ երբ ճշմարտութեան բլուրին վրայ կանգ առած՝ որուն օդը միշտ պայծառ եւ մաքուր է, անկէ հովիտին մէջ տիրած մոլորութիւնները՝ մշուշը եւ մրրիկը կը նկատէ…»։

Ահաւասիկ, ԺԱՄԱՆԱԿ, աւելի քան դար մը եղաւ լոյսը եւ այդ բլուրը, եւ իրատես եւ խղճամիտ՝ մօտեցաւ ժողովուրդին կեանքին։ Արդարեւ, մարդս, երկրի վրայ երկինք կը գտնէ, եթէ սիրտը գթասիրութեան շարժէ եւ ճշմարտութեան լոյսով յառաջանայ, Նախախնամութեան վրայ վստահի եւ միտքը դէպի ճշմարտութեան բեւեռները ուղղէ։ Արդարեւ, այն՝ որ կը յառաջանայ ճշմարտութեան, ուղղամտութեան լոյսին մէջ, թէեւ երբեմն կը սայթաքի, բայց միշտ կը կանգնի եւ նոյն թափով կը շարունակէ իր լուսաւոր ճամբան…

Բայց ի՞նչ է ճշմարտութիւնը. այս հարցումը հարցուց ծաղրելով Պիղատոս եւ պատասխան չստացաւ։ Ճշմարտութիւնը, արդարեւ, օդի կը նմանի. մարդ տեւական կը շնչէ, բայց չի տեսներ։ Ճշմարտութիւնը միշտ մարդուն հետ է իր ամբողջ կեանքին՝ աւելի քան դա՛ր մը։

Աստուածաբանական եւ իմաստասիրական ճշմարտութենէն քաղաքային գործերու ճշմարտութեան գալով՝ նոյնիսկ անոր չհետեւողները պարտին խոստովանիլ, թէ պարզ եւ աննենգ վարմունք մը մարդկային բնութեան պատիւ կը բերէ եւ թէ սուտի խառնուրդ մը ոսկիի եւ արծաթի դրամներու մէջ դրուած բաղադրութեան կը նմանի. որով թէեւ մետաղը աւելի տոկուն կ՚երեւի, բայց անոր գինը կը կոտրի։

Եւ ԺԱՄԱՆԱԿ աւելի քան դար մը մնաց զուտ եւ անխառն ոսկի՝ ծառայելով, լուսաւորելով ժողովուրդը՝ իր այնքա՜ն սիրելի ընթերցողները…

Կեանքը ինքնին ծառայութեան անհո՜ւն դաշտ մըն է եւ մամուլի միջոցաւ կատարուած ծառայութիւնն ալ սրբազան ծառայութիւն մըն է, քանի որ անոր մէջ կայ Լո՛յս, Աստուծոյ մատը։ Մերթ ողբերգութիւն, մերթ յուսախաբութիւն, բայց ո՛չ երբեք յուսահատութիւն, յուսալքում։ Մերթ ալ օրհներգութիւն, ուրախութիւն, բարձր գնահատանք, քաջալերանք՝ որոնք երբեք չեն շեղացներ ուղիղ քալողը…

Եւ այդ ուղիղ քալողներէն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը աւելի քան դար մը։ Ան այս միջոցին ստեղծած է Լոյսի եւ Սիրոյ սրբազան եւ խորհրդազգած մթնոլորտ մը ժողովուրդի ամէն խաւերու մէջ՝ ծառայելով անոնց հոգեմտաւոր պահանջներուն գոհացման։ Արդարեւ, անգնահատելի յարգը եւ արժէքը պէտք է գիտցուի ամէն մէկ անհատի կողմէ՝ որ հայ գիրի օտար չէ։ Ուստի, անկեղծ, անշպար, չգունաւորուած եւ ճշմարտութեան լոյսով կատարուած ամէն ծառայութիւն՝ Աստուծոյ նուիրուած, աստուածահաճոյ գործ մըն է։

ԺԱՄԱՆԱԿ աւելի քան դար մըն է կը ծառայէ այս զգացումներով եւ այս պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։

Ա՛յսպէս են բոլոր ծառայութիւնները՝ որոնց մէջ կը բացուի հոգին, կը պարզուի ամբողջ ազնուական ծալքերովը եւ երեսակնովը։ Եւ Աստուածային խորհուրդի մը յայտնութիւնը կը գտնուի անոնց մէջ եւ, անշուշտ, անոնց մէջ է նաեւ մամլոյ մշակներու ծառայութիւնը ե՛ւ դարաւոր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Մամլոյ ծառայութիւնը, արդարեւ անսակարկ զոհողութիւն, անձնուիրութիւն կը պահանջէ եւ այդ անձնուիրութեամբ եւ զոհողութիւններով լեցուն կեանք մը ունեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։

Կեանքի ամէն տեսակ պիտոյք կ՚արտադրուի եւ կը հայթայթուի աշխատութեամբ՝ ծանր կամ թեթեւ, բայց անպայմա՛ն աշխատութեամբ, իսկ մամլոյ ծառայութիւնը այն ծառայութիւններէն է, որ կը պահանջէ ծանր աշխատութիւն, ինչ որ ԺԱՄԱՆԱԿ յաջողեցաւ գլուխ հանել աւելի քան դարէ մը ի վեր։ Առանց աշխատութեան կեանք չկա՛յ։ Եւ այս աշխատութեան կերպին եւ արդիւնաբերութեան տեսակին, որակին եւ քանակին համեմատ անհատական կամ հաւաքական կեանքն ալ աւելի կամ նուազ կը շարունակուի։ Ուրեմն, ո՛ւր որ աշխատութիւն չկայ կամ անկատար է ան, հոն յառաջդիմութիւն չկա՛յ, կամ եղածը առօրեայ է, մակերեսային եւ թերի՛։ Այս իմաստով, ահաւասի՛կ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր դարէ մը աւելի անխոնջ, անձանձիր, անընդհատ աշխատութեամբ սատարած, նպաստած է յառաջդիմութեան։ Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ քաղաքակրթութեան հետ կ՚աճին, կը զարգանան եւ կը բազմանան նաեւ կեանքի պիտոյքը, պահանջները եւ հետեւաբար աշխատութիւնը, իսկ մամլոյ ծառայութիւնը եւս նոյն պիտոյից համապատասխան արդիւնք արտաբերելու կարիքը ունի եւ պարտաւո՛ր է լաւագոյն թէութիւններով գրաւել մարդուս գործունէութիւնը թէ՛ մարմնաւոր, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մտաւոր մարզերու մէջ։ Արդարեւ, աշխատութիւնը մարդուս ամէն տեսակ կարողութիւններուն կիրառումն է։ Եւ ԺԱՄԱՆԱԿ աւելի քան դար մը աւելիով կիրարկած է իր կարողութիւնները եւ կը շարունակէ, պիտի շարունակէ կիրարկել…

Մարդուս աշխատութիւններուն նպատակը երեք բան է. «Հաց», «Սէր» եւ «Լո՛յս»։ Եւ ասոնք են մարդկային եռակի կեանքի պիտոյքը։

Եւ կա՛յ արարչական երեւակայութիւնը. «Թող լո՜յս ըլլայ…»։ Լոյսդ անպակաս ԺԱՄԱՆԱԿ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2026