ՏԱՊԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Տապլինի մէջ: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ եւս մասնակցեցան այս միջազգային կարեւոր հաւաքին: 

Նիկոլ Փաշինեան Անթալիայէն մեկնած էր Տապլին: Անթալիայի մէջ ան տեսակցած էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ, իսկ Տապլինի մէջ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Փաշինեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Քոպախիծէի հետ: 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու շուրջ: Անոնք միշտ նկատի ունէին 8 օգոստոս 2025 թուականին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովի արդիւնքները եւ այդ շրջանակներէն ներս ստորագրուած համատեղ հռչակագիրը: Տապլինի քննարկումները կեդրոնացան երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան ապագայ ամրապնդման ուղղեալ գործնական քայլերուն վրայ՝ ներառեալ փոխադրութեան եւ տարանցիկ կապերու զարգացումը, տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւնները, սահմանազատման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացումը: 

Այս ամբողջին մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ քննարկեցին TRIPP-ի զարգացման ընթացքը՝ ներառեալ երկաթուղային եւ ցամաքուղային բաղադրիչներու ծրագրաւորումը, նախագծումը, ինչպէս նաեւ այս երթուղիով տարանցիկ կապերու հեռանկարները: 

Որպէս դրական զարգացում նշուեցաւ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն ապրանքներու տարանցումը: Անցեալ տարուայ նոյեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր առմամբ 105 հազար թոն բեռ: 

Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման հնարաւորութիւններուն շուրջ՝ ներառեալ ելեկտրական ուժանիւթի ցանցերու ապագայ փոխկապակցուածութիւնը: Ղեկավարները ընդգծեցին շրջակայ միջավայրի եւ անդրսահմանային ջրային պաշարներու ոլորտէ ներս համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Անոնք ողջունեցին անդրսահմանային գետերու կառավարման հարցերով աշխատանքային խումբի ստեղծումը: 

Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ վերահաստատեցին խաղաղութեան գործընթացէ ներս դրական թափի պահպանումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման ամրապնդման ուղղեալ երկխօսութեան շարունակական կարեւորութիւնը: 

Տապլինի մէջ կարճ զրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ:

Բաց աստի, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմէն արտաքին յարաբերութիւններու գծով օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի հետ:

   

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2026