ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՃԱՄԲՈՎ՝ ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԱՆՀԱՇԻՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ
Մարդու մը կեանքին ու ծառայութեան մասին գրելու համար միշտ բաւարար չ՚ըլլար տարիներու թիւը։ Երբեմն յիսուն տարիները կը վերածուին ամբողջ պատմութեան մը՝ հաւատքի, նուիրումի, պայքարի, համբերութեան եւ ներողամտութեան։ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը այդպիսի առիթ մըն է՝ ո՛չ միայն անցած ճանապարհը յիշելու, այլեւ մեր եկեղեցական ու համայնքային կեանքին մէջ իր թողած հետքը արժեւորելու համար։
Այս գրութիւնը պարզ յոբելենական խօսք մը չէ։ Անձնական յիշողութիւններու, տարիներու ընթացքին հաստատուած բարեկամութեան եւ հեռուէն կամ մօտէն դիտուած հոգեւորական կերպարի մը մասին վկայութիւն մըն է. կերպար մը, որ անցաւ դժուար ժամանակներէ, գտնուեցաւ հակադրութիւններու եւ աղմուկներու կեդրոնին, բայց, շարունակեց ծառայել իր եկեղեցւոյն ու ժողովուրդին՝ առանց սիրոյ ու հաւատքի ներքին կշռոյթը կորսնցնելու։
Առաջին անգամներու շարք մը կայ՝ կապուած Պոլսոյ հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամին՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հետ։ Մեր առաջին ծանօթութիւնը եղած է ել-նամակի մը ճամբով։ Հայկական Պոլիսը տակաւին չճանչցած լրագրողիս առաջին այցելութիւնն էր, երբ այդ օրերու պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը կ՚ընդունէր զիս՝ մեծ սիրտով եւ բարի ժպիտով։
Ճիշդ է, որ մեր յարաբերութիւնը տարակարծութեամբ մը, տարբերութեամբ մը կամ նոյնիսկ վէճով մը ընթացք չառաւ, սակայն, ան դարձաւ դիմացկուն եւ սիրով լեցուն բարեկամութիւն մը։
Պոլսոյ պատմական Աթոռին նման, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսն ալ անցաւ մեծ փոթորիկներէ, սակայն, իր ընկալումները, ներկայութիւնը մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ իրեն տրուած աստուածաշնորհ կերպարը մնացին անսասան։
Հիմա կարծէք «հաշիւ մը փակել»ու օրն է։ Ինչպէս կեանքի տարբեր փուլերուն, այսօր ալ ես եւ ինծի նման շատ-շատեր եկած ենք սրբազանին հետ մեր «հաշիւը փակել»ու։ Ո՛չ անոր համար, որ սրտի մատեանին վրայ արձանագրուած բոլոր գումարումները կատարեցինք, այլ անոր համար, որ այդ մեծ ու փոքր հաշիւներուն, վրիպումներուն, հաշուարկներուն, միաւորներուն կամ կոտորակներուն մէջ Արամ Սրբազանը երբեք չունեցաւ իր առանձին սիւնակը։ Պարզապէս անոր համար, որ ան հաշիւներու մարդ չէր։ Հաշիւներէ տարուած չէր եւ հաշիւներով չառաջնորդուեցաւ։
Այդպէս հասաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնին։
Այդպէս գործեց այդ տարիներուն, այդպէս մտաւ նախընտրական ժամանակներու մեծ աղմուկներուն մէջ, այդպէս լսելի դարձուց իր ձայնը, այդպէս դարձաւ պատրիարքի թեկնածու, այդպէս կորսնցուց իր եւ համակիրներու պայքարը եւ անկէ ետք ալ նոյն ոգիով շարունակեց իր հովուական գործունէութիւնը։
Ու այս բոլորը տեղի ունեցան եւ կը շարունակուին ցայսօր՝ առանց հաշիւներու, որովհետեւ Սրբազան Հայրը ի սկզբանէ հաշիւներու մարդ մը չէր։ Երբ գումարումի կարիքը կար, ապա այդ մեծ տոմարին մէջ աւելցուց սիրոյ միաւորները՝ առանց, սակայն, հաշիւ պահանջելու կամ հաշիւ պահելու։ Երբ հանումի եւ նուազումի մասին էր խօսքը, ապա դարձեալ այդ մեծ տոմարէն հանեց ու նուազեցուց այն բոլոր ջղայնութիւնները, բողոքներն ու բորբոքումները, որոնք դրուած էին իր սեղանին։
Շատեր, այո՛, չսիրեցին իր ոճը՝ շիտակ, առանց ձեւականութեան եւ առանց ձեւառիկ մօտեցումներու, սակայն, այդ բոլորին դիմաց ան հանումի կամ նուազումի նշան մը դնելու փոխարէն՝ առաւել մը աւելցուց։ Աւելցուց սիրոյ միաւոր մը, աւելցուց ներողամտութեան շունչ մը եւ այդ բոլորին վրայ դրաւ հաշտութեան մեծ հանրագումարի պատկերը։ Ան սորվեցուց, որ Պատրիարքական Աթոռը այնքան կարեւոր չէ՝ որքան մեր դարաւոր Եկեղեցին։ Ան պարզ խօսքով եւ աղօթքով ցոյց տուաւ, որ հոգեւորականի մը կեանքը կրնայ շարունակուիլ նաեւ առանց պաշտօնի, սակայն, չի կրնար շարունակուիլ՝ առանց նուիրումի եւ հաւատքի վեղարին։
Շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպիսի զազիր բամբասանքներ պտտեցան Սրբազան Հօր անուան շուրջ, ինչպիսի չարակամ խօսքեր, զրպարտութիւններ եւ անհիմն վերագրումներ կատարուեցան։ Ու այդ բոլորին դիմաց ան ժպտաց եւ շարունակեց իր առաքելութիւնը։
Պայքար՝ Պոլսոյ մէջ։
Պայքար՝ Երեւանի մէջ։
Պայքար նոյնիսկ Մայր Աթոռի պարիսպներուն շուրջ, երբ Արամ Սրբազան առիթէ առիթ կ՚այցելէր։
Պայքար նաեւ արտասահմանի մէջ, ուր այդ բոլորին կը զուգակցուէին հայ հոգեւորականի անունը վարկաբեկող կեղծ մակդիրներ։
«Սրբազանը այսպէս է», «Սրբազանը այնպէս է», «Սրբազանը լսեցի՞ք ինչ ըրած է»։
Հիմա ո՞ւր են այդ չարախօս բերանները։ Ո՞ւր են անոնք, որոնք իրենց չարութեամբ, կեղծ խօսքերով եւ նանիր զրպարտութիւններով փորձեցին ստուեր մը ածել բնիկ տիյարպաքըրցի Սրբազանի անուան վրայ։ Ո՞ւր են։ Պարզապէս չկան։
Արամ Սրբազանի նկատմամբ սէրը կրկնապատկուած է, անոր հանդէպ յարգանքը՝ աւելի մեծցած։ Ամենակարեւորը՝ Սրբազան Հայրը հաշտ ու համերաշխ կը շարունակէ կատարել իրեն վստահուած առաքելութիւնը։
Թերեւս ինք՝ Արամ Սրբազան երբեք պիտի չուզէր, որ այս բոլորին մասին անդրադարձ մը կատարուէր, բայց, երբ առիթը ներկայացած է, պէտք է խօսուի եւ արձանագրուի՝ յանուն պատմութեան, յանուն Պոլսոյ Աթոռին եւ յանուն մեր պայծառ եկեղեցւոյ մշտնջենական արժէքներուն։
Այստեղ թոյլ տուէք միով բանիւ անդրադառնալ նաեւ Պոլսոյ Հայոց Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի կարեւորագոյն դերին։ Այս մեծ փոթորիկներուն մէջ, որոնցմէ անցաւ Արամ Սրբազան, անկարելի է չարձանագրել նաեւ Սահակ Բ. Պատրիարքի եղբայրական կեցուածքը։ Արդարեւ, Ան քրիստոսանուէր սրտով եւ հոգիով իր կողքին պահեց Արամ Սրբազանը եւ ցոյց տուաւ իրական ու նուիրական եղբօր մը վարքն ու շունչը։
Եկեղեցական կեանքին մէջ եղբայրութիւնը միայն խօսք չէ։ Ան ներկայութիւն է, ձեռք երկարել է, դիմացինը իր արժանապատուութեան մէջ պահել է եւ անցեալի բոլոր աղմուկներէն վեր՝ միասին ծառայելու կարողութիւնն է։ Այդ եղբայրութեան պատկերը այսօր ցոլացած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ։
Ու թերեւս այս ալ Արամ Սրբազանի յիսնամեայ ծառայութեան կարեւոր վկայութիւններէն մին է: Ան կարողացաւ փոթորիկներէն ետք չապրիլ դառնութեամբ, չկրել պարտութեան բեռը եւ չդարձնել անցեալը իր ներկայի բանտը։ Շարունակեց ծառայել։ Շարունակեց աղօթել։ Շարունակեց ժողովուրդին հետ մնալ, որովհետեւ իր կոչումը պաշտօնէ մը չէր բխեր։ Իր կոչումը խորանին առջեւ տրուած ուխտէն կը բխէր։
Յիսուն տարիներ առաջ կատարուած քահանայական ձեռնադրութիւնը պարզապէս եկեղեցական արարողութիւն մը չէր։ Ան ճանապարհի մը սկիզբն էր. ճանապարհ մը, որ պիտի անցնէր Պոլսոյ եկեղեցիներէն, համայնքային կառոյցներէն, Պատրիարքարանի ծանր պատասխանատուութիւններէն, պայքարներէն, քննադատութիւններէն, յուսախաբութիւններէն, բայց, նաեւ հազարաւոր մարդոց սէրէն ու երախտագիտութենէն։
Յիսուն տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ։ Փոխուեցան մարդիկ, պաշտօններ, պայմաններ եւ ժամանակներ, սակայն, մնաց հոգեւորականը։ Մնաց այն մարդը, որ հակառակ բոլոր փորձութիւններուն՝ գիտցաւ ժպտիլ։ Մնաց այն հովիւը, որ ժողովուրդէն հեռու չմնաց։ Մնաց այն եկեղեցականը, որ իր կեանքը չչափեց միայն յաղթանակներով կամ պարտութիւններով։ Արդարեւ, ան լաւ գիտէր, որ հոգեւորականի իրական յաղթանակը աթոռ մը ձեռք ձգելը չէ, այլ մարդոց սրտերուն մէջ տեղ ունենալը։ Եւ Արամ Սրբազան ունի այդ տեղը։ Ունի իր ժողովուրդի յիշողութեան, պոլսահայութեան կեանքին եւ մեր եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մէջ։
Աւարտին, առանց բառերը երկարելու եւ ամենակարեւորը՝ իրաւ շունչով ու ոգիով, կ՚ողջունեմ սիրելի Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը։
Կը խոնարհիմ որդիաբար՝ անոր աջը առնելու եւ արդարօրէն ըսելու․
-Աստուած օգնական, Սրբազա՛ն Հայր։
Դուք եղաք իրական եղբայր եւ նուիրեալ հոգեւորական մը՝ ո՛չ միայն ձեզ սիրողներուն ու յարգողներուն, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք տարբեր եւ յաճախ դրդուած կերպով հալածեցին ու քննադատեցին ձեզ։ Իսկ եթէ ձեզ սիրողներուն անունով գրելու ըլլամ, ապա պիտի ըսեմ, որ դուք ամենէն աւելի եղաք ուսուցանող եւ ներող, որովհետեւ, հակառակ բոլոր փոթորիկներուն՝ մնացիք Քրիստոսի իրական աշակերտը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան